Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարցազրոյց Բեմադրիչ Հրայր Գալեմքերեանին Հետ` «Փոքր Հարուած Մը» Կատակերգութեան Առիթով

April 12, 2019
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուրբաթ, 12 ապրիլ 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ  Համազգայինի «Արեգ» թատերախումբը պիտի ներկայացնէ Լուիս Պլեքի «Փոքր հարուած մը» կատակերգութիւնը` բեմադրութեամբ Հրայր Գալեմքերեանի, որ Համազգայինի «Արեգ» մանկապատանեկան թատերախումբի բեմադրիչն է եւ  «Արեգ» թատերական մանկապատանեկան թատերական դպրոցի գեղարուեստական ղեկավարը:

«Արեգ»-ը մանկապատանեկան դպրոցին եւ «Արեգ» թատերախումբին մասին խօսելով` Հրայր Գալեմքերեան ըսաւ, որ «Արեգ» թատերախումբը կը բաղկանայ տարբեր տարիներու շրջանաւարտներէ: «Վեց տարեկանէն կը սկսին, որովհետեւ երբեմն վեց տարեկանին կու գան, եւ երբ ծրագիրը կ՛աւարտեն, արդէն 8 տարեկան կ՛ըլլան ու թատերախումբին մաս կը կազմեն: Անոնք մինչեւ 19-20 տարեկան կը մնան «Արեգ»-ի մէջ, որմէ ետք կ՛անցնին «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբ: Առաջին հերթին նպատակս շրջանաւարտները գործի լծելն էր, որպէսզի փոքրերուն եւ մեծահասակներուն միջեւ կապերը սերտանան»:

«Փոքր հարուած մը» կատակերգութեան մասին խօսելով` ան ըսաւ, որ թատերախաղ մը ընտրելու համար տարբեր պայմաններ կան, նախ պէտք է երիտասարդներուն սրտին խօսող նիւթ մը ըլլայ, իսկ այս թատրերգութեան մէջ, որուն հեղինակին սկիզբէն ծանօթ չէր, Հրայր Գալեմքերեան նկատած է զաւեշտային եւ ողբերգական բաժիններ: Աւարտին յուզիչ բաժին մըն ալ ունի: «Այս տեսակ թատերախաղ մը առիթ կու տայ դերասանին, որ տարբեր ոճեր փորձէ: Ինծի համար բաւական դժուար էր, որովհետեւ նոյն թատրոնին մէջ զաւեշտի ու տրամայի յարմար բեմայարդարում պատրաստելը բաւական աշխատանք պահանջեց», նշեց ան:

Բեմադրիչը տեղեկացուց, որ թատերախաղին բնագիրը անգլերէն է եւ հրատարակուած`  2013-ին, զայն թարգմանեց Նարէ Գալեմքերեանը: «Արծարծուած նիւթերը ժամանակակից էին, հետեւաբար շատ դժուար չեղաւ պատշաճեցնել թատերախաղը մեր իրականութեան: Ուրեմն, ամերիկեան առանձնատան մը մէջ հարսանիք մը պիտի ըլլայ, աղջկան տունն է: Մայրը կատարելապաշտ կին մըն է, կ՛ուզէ ամէն բան կատարեալ ընել: Յանկարծ դուռը կը զարնուի, եւ մէկը ներս կը մտնէ, ու ամէն բան իրար կ՛անցնի: Այդպէս ալ կը շարունակուի: Հետաքրքրական է , որ զաւեշտային մթնոլորտի աւարտին կայ լաւ պատգամ մը, կ՛ենթադրեմ երիտասարդութեան համար կրնայ լաւ ըլլալ, որովհտեւ որոշում կայացնելու հետ կապ ունի: Երիտասարդները բնաւ պէտք չէ աճապարեն որոշում կայացնելու մէջ:

«Ներկայացումը երկու արարէ կը բաղկանայ եւ կը տեւէ շուրջ մէկուկէս ժամ: Ուրբաթ երկու ելոյթ պիտի ունենանք, առտու` բարձր կարգի աշակերտներուն, իսկ գիշերը` հանրութեան: Նշեմ, որ երաժշտական ձեւաւորումը ես կատարած եմ, իսկ ընդհանուր ձեւաւորումը` Գօգօ Աւեսեանը : Բեմը շատ հետաքրքրական նստասենեակի մը վերածուեցաւ: Լոյսի ձեւաւորման Յակոբ Տէր Ղուկասեանը օգտակար պիտի դառնայ: Որմազդն ալ ես պատրաստեցի»:

Ան շնորկահալութիւն յայտնեց առաջին հերթին դերասաններուն, որոնք թիւով 9 հոգի են, եւ որոնք վերջին երկու ամսուան ընթացքին, իրենց համալսարանի եւ դպրոցի դասերուն ու քննութիւններու կողքին գրեթէ ամէն օր եկան փորձերու, նաեւ` Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան եւ անձնակազմին, որոնք ճիգ չխնայեցին այս բոլորը իրականացնելու:

Ըստ անոր, թատերախաղին մէջ կան դերասաններ, որոնք աւարտած են «Արեգ» թատերական դպրոցը եւ բնաւ փորձառութիւն չեն ունեցած բեմ բարձրանալու: Շատ հետաքրքրական եղաւ, որովհետեւ մնացեալներն ալ բեմի այնքան մեծ փորձառութիւն չունին: Նորեկներուն համար, վստահ եմ, հաճելի փորձառութիւն մը պիտի ըլլայ:

Ըստ անոր, նկատի ունենալով, որ «Արեգ» մանկապատանեկան դպրոցի աշակերտներուն  տարիքը փոքր է, աւելի դիւրին է անոնց հնչիւնները ուղղել եւ ճշդել: Այս ծիրին մէջ ան տեղեկացուց,  որ այս տարուան ծրագիրին մէջ շուտով ռատիօ- բեմականացում պիտի պատրաստուի փոքրերուն հետ: «Վանայ ձայն» պիտի գանք եւ Յովհաննէս Թումանեանի 150-ամեակի առիթով ռատիօ- բեմականացում պիտի կատարենք Յովհաննէս Թումանեանի հեքիաթներէն: Այս մէկը շատ լաւ առիթ է, որովհետեւ միայն ընթերցում է. այսպիսով, իրենց ուշադրութիւնը միայն ընթերցումին վրայ կ՛ըլլայ»:

Այս առիթով շնորհակալութիւն կ՛ուզեմ յայտնել Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան եւ անձնակազմին, որոնք ճիգ չխնայեցին այս բոլորը իրականացնելու:   Շնորհակալութիւն կ՛ուզեմ յայտնել դերասաններուն եւ բոլոր օգնականներուն, որոնք ոգի ի բռին աշխատեցան երկու ամսուան մէջ ներկայացումը մէջտեղ բերելու համար:

Նախորդը

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Յայտարարութիւնը` Մարաղայի Մէջ Ջարդերու 27-րդ Տարելիցի Առիթով

Յաջորդը

Մարդկային Կեանքը Դժուարացնող Գործօններ

RelatedPosts

«Իւրաքանչիւր Նոր Բեմ Իր Փորձառութիւնը Կը Բերէ, Սակայն Հնդկաստանի Եւ Չինաստանի Մէջ Ելոյթ Ունենալը Ինծի Համար Տարբեր Նշանակութիւն Ունէր»,  «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Շողիկ Թորոսեան
Հարցազրոյց

«Իւրաքանչիւր Նոր Բեմ Իր Փորձառութիւնը Կը Բերէ, Սակայն Հնդկաստանի Եւ Չինաստանի Մէջ Ելոյթ Ունենալը Ինծի Համար Տարբեր Նշանակութիւն Ունէր», «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Շողիկ Թորոսեան

October 20, 2026
Հայագիտութիւն Մագիստրոսական Ծրագիր` Հայագիտական Համակողմանի Գիտելիքի Կարելիութիւն
Անդրադարձ

«Մեղու»-ն Ծնած Է Սէրէն»

October 16, 2026
«Ունկնդիրներուն Հաւատարմութիւնն Է, Որ «Վանայ Ձայն»-ին Ուժ Կու Տայ Իր Երթը Շարունակելու 40-Ամեակէն Անդին»  «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ «Վանայ Ձայն»-ի  Տնօրէն Վիգէն Աւագեան
Հարցազրոյց

«Ունկնդիրներուն Հաւատարմութիւնն Է, Որ «Վանայ Ձայն»-ին Ուժ Կու Տայ Իր Երթը Շարունակելու 40-Ամեակէն Անդին» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ «Վանայ Ձայն»-ի Տնօրէն Վիգէն Աւագեան

October 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.