Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԻՐԱՔԷՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՀԵՌԱՑՈՒՄԸ ՏԵՍԱԿԷՏՆԵՐԸ Կ՛ԵՐԿՓԵՂԿԷ

December 23, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այն պահուն, երբ Միացեալ Նահանգներու Իրաք ռազմական իննամեայ միջամտութիւնը իր աւարտին կը հասնի, երկրին համար ամերիկեան ուժերու հեռացման ունենալիք նշանակութեան մասին կարծիքները կտրուկ բաժնուած են:

Հրապարակ հասնելէ քիչ ժամանակ անց նիհարակազմ անձ մը մեզի մօտեցաւ խօսելու համար: Հագած էր իր մարմինին համար քանի մը չափ մեծ բաճկոն մը եւ կը կրէր օդաչուի ակնոցներու ոճով մութ ապակիներով ակնոց, թէեւ ձմեռնային ցերեկային լոյսը անտանելի փայլուն չէր:

Թերեւս ան կ՛ուզէ անանուն մնալ, մտածեցի ես: Ամէն պարագայի, ան բաւական տարբերակիչ տեսք, երեւոյթ ունէր` երկար, սեւ մազերը քուռակի պոչի նման հաւաքած:

Ջղային նայուածք մը նետեց ճամբուն միւս կողմը գտնուող պատշգամին: Մեզ դիտողներ կային:

ՎԱԽՑՆԵԼ

Անունը Տիրղամ Զայտի էր, եւ դուք կրնաք ըսել, որ այլախոհութիւնը իրենց ընտանիքէն կը բխի:

2008 թուականին իր եղբայրը` Մունթատար, հանրածանօթ դարձաւ կօշիկ նետելով այդ օրերու Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճորճ Պուշի վրայ:

Տիրղամ եւ իր նուազող խումբը ցուցարարներու` կը բողոքեն Իրաքի կառավարութեան դէմ:

Տիրղամ

Ցուցարարները կ՛ըսեն, թէ իրաքեան կառավարութիւնը կրնայ ժողովրդավարական միջոցով ընտրուած ըլլալ, բայց ատոր կատարողականութիւնը, գործունէութիւնը չարագուշակ է: Երկիրը վարակուած, ախտահար է վայրագութեամբ, համատարած փտածութեամբ, գործազրկութեամբ: Նաեւ կը բացակային հիմնական սպասարկութիւնները:

Տիրղամ եւ իր ընկերներուն մեծ մասը ձերբակալուած են իրենց մտածածը արտայայտելու յանցանքին համար:

Ոմանք օրերով անհետացած են բանտերու նկուղներուն մէջ եւ վայրագօրէն խոշտանգուած են: Շատեր այս ահաբեկման դիմաց տեղի տուած են:

Բայց Տիրղամ կը շարունակէ վերադառնալ:

Փետրուարէն ի վեր ան գրեթէ ամէն ուրբաթ եղած է Պաղտատի Թահրիր հրապարակին վրայ: Այն ատեն անոնք հոն հազարներով հաւաքուած էին:

Անոնց հիմնական բողոքը գրեթէ նման էր Գահիրէի, Թունուզի եւ Պենկազիի փողոցներուն մէջ գտնուող բազմութիւններու բողոքին: Կար զգացողութիւնը, որ փոքր վերնախաւը, ընտրանին ձեւով մը իր մենաշնորհը ըրած էր երկրին հարստութիւնները:

Իրաքի մէջ եւս բողոքները սկզբնապէս վայրագութեանց հանդիպեցան:

Մականներ ճօճող ապահովութեան ուժերը հրապարակին վրայ հաւաքուած բազմութիւնը ցրուեցին ջուր արձակող սարքերով եւ իսկական փամփուշտներ կրակելով: Շուրջ 20 ցուցարարներ սպաննուեցան: Բայց ասիկա չէր ուշագրաւ փաստը:

Ուշագրաւ փաստը այն էր, որ բազմութեան մէջ անձնասպանական ականահարումի գործողութիւն մը տեղի չունեցաւ: Ուշագրաւ փաստը այն է, որ զոհերու թիւը շատ ցած էր:

Եւ այսպէս, վարչապետ Նուրի Մալիքի շնորհաւորեց ապահովական ուժերը յաջող գործողութեան համար, իսկ աւելի ընդարձակ աշխարհը ամբողջովին անտեսեց այս հարցը:

Իրաքի պատմութիւնը անցեալ է:

Կամ` իսկապէ՞ս այդպէս է:

Ահաւասիկ ձեզի քանի մը թիւեր: Ըստ պաշտօնական վիճակագրութեանց, նոյեմբեր ամսուան մէջ 187 իրաքցիներ սպաննուած են, ինչ որ կարելի է անուանել ահաբեկչական բռնարարքներու, հիմնականին մէջ ականահարումներու, բայց նաեւ կրակոցներու պատճառով:

Փաստօրէն սպաննուած են նաեւ 55 անձեր, որոնք բնութագրուած են իբրեւ ահաբեկիչներ: Այդ թիւը զգալիօրէն աւելի ցած է, քան հոկտեմբերի ցուցանիշը` 258 (առանց ներառելու ահաբեկիչները), թիւ մը, որ տարեկան միջինին վարի հորիզոնականներուն մօտ կը գտնուի:

Այս բոլորը մեկնող ամերիկացիներուն համար ակնյայտօրէն լաւ լուրեր են:

Իրենց անսասան, անկոտրում հասարակական լաւատեսութեամբ, ամերիկացիները կը մատնանշեն ապահովական կացութեան բարելաւումը, նոյնիսկ երբ իրենց վերջին զինուորները կը պատրաստեն իրենց պայուսակները:

ԵԱՆՔԻԻ ԴԱՒԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Իրաքի հասարակութեան մեծ մասը այս հարցերը տարբեր ձեւով կը տեսնէ:

Եթէ պառակտուած ժողովուրդը այժմ միացնող բան մը կայ, ատիկա անոնց ամուր հաւատքն է, որ Միացեալ Նահանգներ պատասխանատու են իրաքցիներու բոլոր դժբախտութիւններուն:

Ելեկտրականութեան կարկտան, հատուկտոր հոսա՞նք. մեղադրել Միացեալ Նահանգները:

Անձնասպանական գործողութի՞ւն. ամերիկացիք կը կանգնին ատոր ետին:

Քաղաքական փակուղի՞, կառավարութեան փտածութի՞ւն, շրջանային վերազարթնող Իրա՞ն. բոլորն ալ` եանքիի դաւադրութիւն:

Վերջերս զրոյց մը ունեցայ Իրաքի վարչապետին ամէնէն մօտիկ խորհրդատուին հետ:

Ան սովորաբար բաւական սթափ մտածող մարդ է, բայց ամենայն լրջութեամբ փորձեց զիս համոզել, թէ Իրաքի այժմու խառնաշփոթը հետեւանք է, ոչ թէ խեղճ ծրագրաւորումի, կամ աղէտալի որոշումներու, որոնք տրուեցան 2003-ի ներխուժումէն ետք, այլ` Միացեալ Նահանգներու միտումնաւոր եւ շարունակուող քաղաքականութեան, որ մշակուած է տկարացնելու համար Իրաքի դիրքը Միջին Արեւելքի մէջ:

Այս հասկացողութիւնը այնքան ծիծաղելի է, որքան` հակընդդէմ պնդումը, որ օր մը ետք լսեցի Պաղտատի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան մէկ բանբերէն:

Ան կատարելապէս անայլայլ, ուղիղ դէմքով ըսաւ, որ Իրաքի մէջ չկայ ընտանիք մը, որուն կեանքը ձեւով մը օգտուած չըլլայ Իրաքի մէջ Միացեալ Նահանգներու գործողութիւններէն:

Ամերիկեան հեռացումը ճշմարտութեան պահը պիտի ըլլայ:

Զրահապատ  կառքերը, երբ անապատային սահմանէն անցնին Քուէյթ, Միացեալ Նահանգներու ժառանգութիւնը աւելի պարզ եւ յստակ կը դառնայ:

Իրաքի այժմու կարգ մը հարցերը, խնդիրները անկասկած կը մարին ներխուժողներու հեռացումով, միւսները հաւանաբար աւելի սուր բնոյթ պիտի ունենան հեռացողներուն բացակայութեան պարագային, առնուազն` կարճատեւ ժամանակաշրջանի մը մէջ:

Պաղտատի մէջ անցեալ ամիս եւ Ազգային արխիւ այցելեցի:

Սենեակի մը մէջ, ուր յատակէն մինչեւ առաստաղ ծրարուած էին պատմութեան գիրքեր, որոնք ժամանակին պատկանած են Սատտամ Հիւսէյնի, ես հանդիպեցայ Սաատ Իսքանտերի հետ (Իրաքի ամէնէն պերճախօս եւ իմաստուն անձերէն մէկը):

Ան կը ճշդէր վերջին ութուկէս տարիներուն Միացեալ Նահանգներու պատճառած վնասներուն ցուցանիշները: Երբ ես իրեն հարցուցի, թէ կ՛արժէ՞ր այդ բոլորը ընել, ան ըսաւ. «Այո՛, իբրեւ ազատ մարդ կարճատեւ ապրիլը աւելի լաւ է, քան` 100 տարի իբրեւ ստրուկ ապրիլը»:

Ես կրկին մտածեցի Տիրղամ Զայիտիի` կօշիկ նետողին եղբօր  եւ Թահրիր հրապարակին վրայ անոր ջղային աչքերուն մասին:

Տակաւին մեծ խիզախութիւն, յանդգնութիւն կը պահանջէ Իրաքի մէջ մտածածդ արտայայտելը:

ԿԱՊՐԻԷԼ ԿԷՅԹՀԱՈՒՍ

«Պի. Պի. Սի.»

Նախորդը

ՍԵԼԻԱ ՍԱՆՉԵՍ

Յաջորդը

ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ. ՏՕՆԱԿԱՆ ՕՐԵՐՈՒ ԽԻՆԴ ՈՒ ԺՊԻՏ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ԸՆԴՄԷՋԷՆ (ՀԱՅ ԱՒԵՏ. ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ)

RelatedPosts

Գետ-Գիտութեան. Ինչպէ՞ս 1982 Թուականի Թայլենոլի Սպանութիւնները Փոխեցին Դեղերու Օգտագործման Ձեւը
Միջազգային

Գետ-Գիտութեան. Ինչպէ՞ս 1982 Թուականի Թայլենոլի Սպանութիւնները Փոխեցին Դեղերու Օգտագործման Ձեւը

December 19, 2023
Գետ-Գիտութեան. Zipline International. Տրոններով Արեան Առաքման Ծառայութիւն
Միջազգային

Գետ-Գիտութեան. Zipline International. Տրոններով Արեան Առաքման Ծառայութիւն

December 15, 2023
Գետ-Գիտութեան. Քարիւղը (Մաս Գ.) Քարիւղը Հանածոյ Վառելանիւթ Է Եւ Ուժանիւթի Ոչ Վերականգնուող Աղբիւր
Միջազգային

Գետ-Գիտութեան. Քարիւղը (Մաս Գ.) Քարիւղը Հանածոյ Վառելանիւթ Է Եւ Ուժանիւթի Ոչ Վերականգնուող Աղբիւր

November 28, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.