Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Ազգային Ինքնութեան Որոնում

Յուլիս 4, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Գերմանական պատկերասփիւռի լրատու կայանի մը թղթակիցը չորեքշաբթի, 19 յունիսին գիւտ մը ընելու ոճով լուր մը հաղորդեց. Ղազախստանի մէջ որոշում տրուած է, որ մինչեւ 2025 կիրիլեան տառերը վերջնականապէս պիտի փոխարինուին լատինական տառերու պատշաճեցուած այբուբենով մը: Ղազախերէնը պիտի ունենայ 42 տառ: Թղթակիցը քանի մը հապճեպ բացատրութիւն տուաւ` նշելով, որ կիրիլեանէն հեռացում` պիտի չնշանակէ Ռուսիոյ հետ յարաբերութեանց նսեմացում, այլ այս քայլը կ՛առնուի` ազգային ինքնութեան հաստատման հետամտութեամբ. չըսաւ, թէ ըստ ամենայնի օտար տառեր այլ օտար տառերով փոխարինելը ի՛նչ ձեւով «ազգային ինքնութեան հետամտութիւն» է… Բացատրութիւններէն մէկն ալ, եւ քիչ մը աւելի՛ տրամաբանականը, այն էր, որ համակարգչային` թուայնացեալ աշխարհի հարկադրանքները դեր ունին այս «դիմաշրջում»-ին մէջ:

Հաղորդուած լուրը նոր գիւտ մը չէ, յամենայն  դէպս: Եթէ մէկը արագ պրպտում մը կատարէ, պիտի տեսնէ, որ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ու տարանջատումէն ասդին, բազմաթիւ երկիրներ, որոնց շարքին` Ազրպէյճան, տարբեր պատճառաբանութիւններով կը փորձեն հեռաւորութիւն ստեղծել Ռուսիոյ հետ. այս ընթացքին մէջ քաղաքական որոշ նկատառումներ եւ «մագնիսացումներ» ակներեւ են:

Յետոյ, կիրիլեան տառերէն հրաժարելու ընթացքը նորութիւն չէ. հարցը սեղանի վրայ դրուած է 2005-7 տարիներէն ի վեր, առաջադրուած փոփոխութեան գետինը պատրաստելու նպատակով տրամաբանական ժամանակ նկատի առնուած է, հաշուի առնուած է այն իրականութիւը, որ երկրին շուրջ 18 միլիոն բնակիչներուն շուրջ 95 առ հարիւրը վարժ է ռուսախօսութեան, շուրջ 75 առ հարիւրը վարժ է ղազախերէնին. տակաւին, երկիրը կը պարփակէ շուրջ 100 տեսակի ազգութիւններ ու ցեղային փոքրամասնութիւններ, ուրեմն փոխանցման որոշ շրջան մը անխուսափելի նկատուած է: Սկզբնական մտածումներէն աւելի քան տասնամեակ մը ետք, 2017-ին, վերջապէս արձակուած է նախագահական հրամանագիր մը, որ ճշդած է անցումի վերջնական թուական-պայմանաժամը` 2025: Ի դէպ, խորհրդային տարիներուն որոշ շրջան մը օգտագործուած են նաեւ լատինական տառերուն թրքական տարբերակը տեղւոյն լեզուին հնչաբանութեան նկատառումով:

***

Մեր նպատակը յիշեալ այդ հարցերը վերլուծել ու անոնց խորքը թափանցել չէ:

Ընթերցողս վստահաբար եւ արդարօրէն հարց պիտի տայ. «Մեզի ի՛նչ, թէ ղազախները կամ այլ ժողովուրդներ լատինակա՞ն, թրքակա՞ն, թէ՞ արաբական տառեր կամ անոնց պատշաճեցուած տարբերակները կ՛որդեգրեն: Մենք այժմէական հրատապ հարցեր չունի՞նք, որ նման բաներու համար գլուխ յոգնեցնենք»:

Այո՛, թէ ղազախները կամ ուրիշները ի՛նչ տառեր կ՛որդեգրեն կամ ինչէ՛ կը հրաժարին, մեր գործը չեն, սակայն աչքի առջեւ ունենալով մեր իրականութիւնները` մտածելու դուռ կը բանան:

Մենք բարեբախտաբար ունինք սեփական տառեր, փա՛ռք Մեսրոպ վարդապետին ու գործակիցներուն: Ըստ էութեան, մեր այբուբենը մեզի շնորհած է այնպիսի պատուանդան մը, որ «ազգային ինքնութիւն որոնելու» հարց ալ չունինք: Սակայն եկուր տե՛ս, որ մենք ԱՅԺՄԷԱԿԱՆ ՀՐԱՏԱՊ ՀԱՐՑ ունինք մեր լեզուի կարգ մը արժանիքներուն եւ ստորոգելիներուն անտեսման, բռնաբարմա՛ն պատճառով:

Մեր հայրենիքին մէջ, վերանկախացումէն ասդին, նաեւ` «թաւշեայ յեղափոխութեան» դարաշրջանին, լեզուական հինաւուրց ախտերէն ձերբազատելու ուղղութեամբ միայն կիսատ-պռատ քայլեր առնուած են, անոնք ալ շօշափելի հետք չեն արձանագրած: Կայ աբեղեանական ուղղագրութեան կառչած մնալու ախտը. եթէ այս ախտը կոչենք իր իսկական` ՍՏԱԼԻՆԱԿԱՆ ՈՒՂՂԱԳՐՈՒԹԻՒՆ անունով, անոր ծանրութիւնը, կը կարծենք, աւելի զգալի կը դառնայ: Ու զարմանալի է, որ Հայաստանի մէջ եւ այլուր, երբ անկեղծ ճիգ կայ հեռանալու եւ անջատուելու ստալինականութեան բոլոր թափօններէն (թող վրացիք իրենց հաշիւներով պահպանեն Ստալինի ժառանգութիւնը, ա՛յդ ալ մեր գործը չէ), Հայաստանի մէջ ինչո՞ւ յաջողութիւն չեն գտներ ուղղագրական այդ թափօնէն ձերբազատելու ճիգերը (կ՛ակնարկենք որոշ մտաւորականներու եւ լեզուագէտներու աշխատանքին, որ տասնամեակ մը առաջ աւելի աշխուժ էր):

Ղազախները այս գետնի վրայ կրնան անուղղակի խորհրդատու ըլլալ մեզի. տառերու փոփոխութեան հարցը հոն ալ հսկայական պիւտճէի եւ լայնածաւալ աշխատանքի հարց ստեղծած է, սակայն թէ՛ պետութիւնը եւ թէ՛ անհատներ աչք առած են այդ հաշիւը, տրամադրած են բաւարար ժամանակ, որդեգրած են վարժեցումի դասընթացքներ` մանկապարտէզներէն սկսեալ:

Կայ տագնապին միւս երեսն ալ, որուն դարմանումը միայն նուազագոյն ճիգի եւ… ոչ մէկ լումայի կը կարօտի: Մեր ակնարկութիւնը կ՛երթայ օտարաբանութիւններու աճող հեղեղին, որ այս ընթացքով կրնայ աւելի եւս ծանրացնել լեզուին հեղձումը: Նախագահէն ու վարչապետէն սկսեալ մինչեւ երեսփոխաններ, նախարարներ, կուսակցութեանց պատասխանատուներ, պետական պաշտօնեաներ, լրագրողներ, խմբագիրներ, ուսանողներ ու հասարակ մահկանացուներ այս ախտին հետ անբուժելի սիրահարութիւն մը կը շարունակեն: Հասած ենք հոն, ուր մարդիկ կորսնցուցած են կարողութիւնը հայերէն բառերը օտար բառերէ զանազանելու: Լեզուի տեսչութիւնը մերթ ընդ մերթ մամուլին մէջ իր ներկայութիւնը զգալի կը դարձնէ ողջունելի նախաձեռնութիւններով ու կոչերով, մինչեւ իսկ հրապարակային արձանագրութեանց մէջ «օտարերէն»-ի գործածութեան դէմ տուգանքի սպառնալիք կ՛արձակուի, եւ սակայն, մեղանչումը յառաջ կը վազէ` ոտնակոխ ընելով ամէն բարի ճիգ:

Հայաստանի մէջ յիշեալ ախտերուն կառչածութիւնը անմեղութեան պատմուճան չի շնորհեր սփիւռքին, որ ունի ի՛ր «առանձնայատկութիւնը»` հայերէնի նահանջին ու հայկականութեան նսեմացման յարաճուն ախտը: Աւելորդ կը նկատենք երկար կանգ առնել այս ախտին վրայ. մինչ Հայաստան ունի պետութիւն եւ այլ տեսչութիւններ, ու ինքզինք անգործութեան, տեղքայլի մատնած է յիշեալ ախտերուն դարմանումի գետիններուն վրայ, ալ ի՜նչ խօսք` սփիւռքի մասին, ուր անտիրութիւնը աւելի՛ ակներեւ է` հակառակ որոշ ճիգերու եւ նախաձեռնութիւններու:

… Ղազախներուն ընելիքն ու չընելիքը մեր գործը չէ. սակայն մե՛ր գործն է գիտակցիլ մեր հիւանդագին վիճակներուն, որդեգրել համապատասխան ծրագիրներ ու ստեղծել արդիւնքի հասցնող գործակցական դաշտեր: «Յեղափոխական Հայաստան»-էն կը սպասուի անյապաղ մտածել նաե՛ւ լեզուի ու մշակոյթի յեղափոխութեան մասին, որ նոյնքան ու թերեւս աւելի՛ կարեւոր մարտահրաւէրներու առջեւ կը դնէ բոլորս, որքան` փտածութեան, կաշառակերութեան, չարաշահութեանց դէմ պայքարները, տնտեսական յեղափոխութիւնն ու դատական եւ յարակից համակարգերուն բարեկարգումը:

19 յունիս 2019

Նախորդը

Հայ Աւետարանական Քոլեճի 92-րդ Հունձքի Աւարտական Հանդէս

Յաջորդը

Գաղութէ Գաղութ

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?