Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Աւետարանական Քոլեճի 92-րդ Հունձքի Աւարտական Հանդէս

Յուլիս 4, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 29 յունիս 2019-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին տեղի ունեցաւ Հայ աւետարանական քոլեճի 96-րդ տարեշրջանի փակումը եւ 92-րդ հունձքի (12-րդ եւ 6-րդ դասարաններ) վկայականաց բաշխման հանդիսութիւնը:

Շրջանաւարտներու եւ ուսուցչակազմի հանդիսաւոր մուտքէն, քայլերգերու ունկնդրութենէն եւ Հայ աւետ. Ա. եկեղեցւոյ հովիւ վեր. Հրայր Չոլագեանի աղօթքէն ետք, օրուան պատգամը յղեց Արմէն Պալեան, որ մասնագէտ է հակամարտութեանց լուծման եւ ըստ այդմ` խորհրդատու 16 երկիրներու պետական եւ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու: Ան դրուագներ պատմեց Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերուն քոլեճին մէջ իր եւ դասընկերներուն ապրած դժուար օրերէն` շեշտելով, որ այդ դաժան փորձութիւնները կարելի եղաւ յաղթահարել, որովհետեւ թէ՛ դպրոցին մէջ` իբրեւ մթնոլորտ, թէ՛ պատասխանատուներուն մէջ` իբրեւ կեցուածք, իշխող էր ո՛չ թէ վախը, այլ` սէրը, եւ անով է, որ Հայ աւետարանական քոլեճը փիւնիկի նման կրցաւ յառնիլ պատերազմի բոցերէն եւ կը շարունակէ իր առաքելութիւնը առ այսօր:

Ա. Պալեան կոչ ուղղեց շրջանաւարտներուն, որ օրինակ առնեն դպրոցէն եւ կեանքի պարտադրած վախերը յաղթահարեն սիրոյ զգացումին զօրութեամբ:

Գեղարուեստական բաժինին մէջ խմբային արտասանութիւնով ելոյթ ունեցան 6-րդ դասարանի աշակերտները (Յ. Թումանեան «Թէպէտեւ բախտը մեզ…»), իսկ երգչախումբը երգեց «Զար զընգը» եւ «You raise me up» երգերը»: Տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւն, իսկ վաստակաւոր ուսուցիչ Հայկ Քենտիրճեանը շքադրուեցաւ «Երկարամեայ ծառայութեան» շքանշանով: Վկայականաց բաշխումէն ետք յուզումնախառն ուղերձ մը արտասանեց շրջանաւարտ Սանտրա Պասեթը`  յայտարարելով, որ կեանքի անորոշութիւնները չեն վախցներ զիրենք, քանի իրենք կրթուած են ՀԱՔ-ի ջամբած դաստիարակութեամբ եւ արժէքներով:

Հուսկ բանքը արտասանեց տնօրէն դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեանը, որ դիմելով երեք շրջանաւարտներուն` ըսաւ, որ թէեւ անոնք միայն «ես, դուն, ան» են, սակայն միասնաբար կը կազմեն «մենք», որ կատարելագործումն է անհատական դրսեւորումներուն: Ան յիշեցուց աշակերտներուն, որ ՀԱՔ-ի մէջ իրենք կրթուեցան «մենք»-ի սկզբունքով` թէ՛ իբրեւ քրիստոնեաներ, թէ՛ իբրեւ հայեր, թէ՛ իբրեւ լիբանանցիներ, առանց որեւէ խտիրի եւ թելադրեց ապրիլ միշտ «մենք»-ը առաջնահերթ նկատելով կեանքի բոլոր ասպարէզներուն մէջ:

Տնօրէնին խօսքէն ետք, վեր. Չոլագեան ու հոգաբարձութեան ատենապետ Ներսէս Պաղտոյեանը վկայագիր եւ յուշանուէր յանձնեցին 14 լիբանանաբնակ վեթերան շրջանաւարտներու, որոնց ՀԱՔ-էն աւարտելուն անցած են 60 եւ աւելի տարիներ: (Յիշենք, որ եւս 15  շրջանաւարտներ առողջական կամ այլ պատճառներով չկրցան ներկայ ըլլալ հանդիսութեան եւ իրենց վկայագիրները պիտի ստանան հետագային): Յանուն վեթերաններուն` սրտի խօսք ուղղեց 1951-ի շրջանաւարտ Համբարձում Թերզեանը, որ հաստատեց, թէ ՀԱՔ-ի մէջ իրենց ստացած ազգային եւ հոգեւոր կրթութիւնը իրենց հետ մնացած է ցայսօր` իբրեւ կենսակերպ եւ կեանքի սկզբունք:

Վեր. Չոլագեանի շնորհակալութեան խօսքով եւ օրհնութեան աղօթքով վերջ գտաւ հանդիսութեան պաշտօնական բաժինը, որուն յաջորդեց հիւրասիրութիւն:

2018-19 տարեշրջանի շրջանաւարտներն են.

12-րդ դասարան – Գոնիալեան Աւօ, Պասեթ Սանտրա եւ Սերայտարեան Վանայ:

6-րդ դասարան – Ալեմեզեան Քրիստափոր, Համմուտ Մհամմետ, Հատտատ Սէրլի, Հալաճեան Կրէյս, Պաստաճեան Արին, Շահինեան Սէրլի-Ռոզի եւ Տագէսեան Դալար:

Վեթերան շրջանաւարտներն են (շեղագիրով տրուածները ներկայ էին հանդէսին, ցանկը` ըստ երէցութեան).

Մարտիրոսեան Անթիպաս, Կիրակոսեան Ալպերթ, Թերզեան Համբարձում, Կիւլպէնկեան Պատրիկ, Ալլըքեան Յակոբ, Գարագաշեան Նազարէթ, Թապագեան Լուսին, Շնորհօքեան Յակոբ, Վարդապետեան Նորա, Անալեան Ժիրայր, Ղոչախեան Լեւոն, Մատէեան Սօսի, Մսըրլեան Զաւէն, Պեսոս-Քարամ Մարի, Գունտագճեան-Նենեճեան Փայլիկ, Սաչեան-Սիմոնեան Ազատուհի, Չէօրեքճեան Երուանդ, Պետիրեան-Ապլա Մարինթա, Պերեճիքլեան-Իսկենտերեան Այտա, Մահսերեճեան-Նաֆահ Մանուշակ, Չէօրեքճեան Փոլին, Սարեան Արաքսի, Թոփալեան Սեդրակ, Գասարճեան-Եարտըմեան Լենա, Խաչատուրեան-Տիմիճեան Նորա, Խոշաֆեան-Պալճեան Եւփիմէ, Մահսերեճեան Շուշան, Պօղոսեան Մկրտիչ, Վահրատեան Սարգիս:

Նախորդը

Տան Մէջ Տրամադրութիւնը Բարձրացնող 6 Բան

Յաջորդը

Նշմար. Ազգային Ինքնութեան Որոնում

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?