Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարցազրոյց Պարուսոյց Եւ Գեղարուեստական Ղեկավարներ Կարէն Եւ Ժաքլին Մակինեաններուն, Ինչպէս Նաեւ Հայրենի Արուեստագէտ Աննա Ամասին Հետ

Յունիս 27, 2019
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարցազրոյցը վարեց` ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ

Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու կազմակերպութեամբ, Համազգայինի «Գայեանէ» պարի դպրոցը հինգշաբթի, 27 եւ ուրբաթ, 28 յունիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Էմիլ Լահուտ» սրահին մէջ իր տարեկան ելոյթը պիտի ունենայ: Ելոյթը բաղկացած է երկու արարներէ. առաջին արարով պիտի բեմականացուի Մոկլին, իսկ երկրորդ արարով` «Կաթիլ մը մեղր»-ը: Երկու արարներու ընթացքին տեղի պիտի ունենայ ԼԷՅԶԸՐ-ով եւ աւազէ ստուերանկարներու ներկայացում` կատարողութեամբ հայրենի արուեստագէտ Աննա Ամասի:

Այս առիթով «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ պարուսոյց եւ գեղարուեստական ղեկավարներ Կարէն եւ Ժաքլին Մակինեաններուն հետ, ինչպէս նաեւ` արուեստագէտ Աննա Ամասին հետ, մօտէն ծանօթանալու տարուած աշխատաքներուն եւ ներկայացումներուն մասին:

«ԱԶԴԱԿ».- Խօսինք այս տարուան «Գայեանէ» պարի դպրոցին ներկայացնելիք պարային ծրագրին մասին:

ԿԱՐԷՆ ՄԱԿԻՆԵԱՆ.- Այս տարի պիտի ներկայացնենք երկու թեմա: Ոչ մէկ տարի նման բան կատարած ենք: Առաջին թեման Մոկլին է, իսկ երկրորդը` «Կաթիլ մը մեղր»-ը` նուիրուած Յովհաննէս Թումանեանի 150-ամեակին: Այնպէս կազմակերպած ենք, որ նիւթերը երեխաներուն համար հետաքրքրական եւ հեքիաթային ըլլան: Փորձած ենք հնարաւոր ձեւով եւ պարային արուեստով մատչելի ու պարզ մեկնաբանել թեմաները:

Մենք այս ծրագրի գործադրութեան սկսած ենք հոկտեմբերէն մինչեւ այսօր: Բաւական դժուար էր, բայց միաժամանակ` հետաքրքրական, որովհետեւ սովորական, պարզ պարեր չէին: Ճիշդ է ասկէ առաջ ալ թեմաներով հանդէս եկած ենք, բայց չէ եղած, որ երկու թեմա նոյն ժամանակ բեմադրենք:  Դժուարութիւնը ոչ թէ փոքրիկներուն բան հասկցնելու մէջն էր, այլ երկու թեմա նոյն ատեն բեմականացնելն էր եւ պարային մտայղացումները իրագործելը: Բայց, փա՛ռք Աստուծոյ, այսօրուան դրութեամբ պարային կողմով լրիւ պատրաստ են փոքրիկները:

ԺԱՔԼԻՆ ՄԱԿԻՆԵԱՆ.- Այս տարուան դժուարութիւնը կայացած էր թեմաներու շատ կերպարներուն մէջ, որոնց զատ-զատ պէտք էր մօտենայինք, հետեւաբար մենք երեխաներուն ֆիզիքական եւ ներքին աշխարհի  հիմքի եւ ունակութեան վրայ կեդրոնանալով` բեմադրեցինք եւ դուրս հանեցինք անոնց զգացմունքները եւ կարողութիւնները:

Պէտք է նշենք, որ այս տարի մեր տարազները պատրաստեց Նայիրի Ալեքսանեանը, իսկ բեմայարդարումը կատարեց Յարութ Հարպոյեանը, որուն հետ տարիներէ ի վեր կ՛աշխատինք: Ան շատ լաւ կը հասկնայ, թէ ի՛նչ է մեր պահանջը: Ան միշտ ջերմ մթնոլորտի մէջ կը պատրաստէ, ինչ որ կը խնդրենք իրմէ, նոյնն ալ` Նայիրի Ալեքսանեանը, որուն մօր հետ աշխատած ենք նախապէս: Վստահ ենք` շատ գունեղ եւ հետաքրքիր տարազներ պիտի ունենանք, որովհետեւ տարազներու մէջ լոյսերու խաղեր պիտի ըլլան, որ այս տարի ոճային նորութիւն է:

Կ. Մ.- Այս տարուան նորութիւնն ալ այն է, որ մեծ բեմայարդարումներ պիտի չըլլան, եւ եղածին հետ մէկտեղ առաջին արարին մէջ պիտի ըլլայ ԼԷՅԶԸՐ, այսինքն պատկերները ԼԷՅԶԸՐՈՎ պիտի ներկայացուին տեղւոյն վրայ: Այս ոճը առաջին անգամն է, որ տեղի կ’ունենայ Լիբանանի մէջ, իսկ երկրորդ արարին մէջ աւազով ստուերաներկայացում պիտի ըլլայ ուղղակի բեմին վրայ: Այս երկու նորութիւններուն համար Հայաստանէն հրաւիրուած է արուեստագէտ Աննա Ամասը:

«Ա.».- Աշխատանքային գետնի վրայ ի՞նչ դժուարութիւններու հանդիպեցաք:

Ժ. Մ.– Մենք գործ ունինք մօտ 300 երեխայի հետ: Գիտէք ինչ, կրնանք հաստատ ըսել, որ երեխաները արդէն մեզի վարժուած են: Կը հասկնան մեզ, մենք ալ զիրենք: Սկիզբը աշակերտները ուղղակի անկառավարելի էին, բայց հիմա 300 աշակերտները կը կառավարենք երկու հոգիով` առանց ձայն բարձրացնելու, ուղղակի մեր հայեացքներով:

Կ. Մ.– Ըսեմ, որ երեխաները բաժնուած են ըստ տարիքի 17 դասարաններու: Երեխայ կայ, որ չորս տարիէ մեր դպրոցը կը յաճախէ, իսկ երբ 14 տարեկան նոր երեխայ գայ, չենք կրնար զինք փոքրերուն հետ դնել, ստիպուած ենք տեղաւորել մեծերուն հետ: Առաջին տարուան մասնակիցները ընդհանրապէս չեն պարեր, առիթ կու տանք մարզուելու, իսկ յաջորդ տարին կը հանենք բեմ: Ֆիզիքական տուեալներուն եթէ պիտի նայինք, ոչ բոլորը կը համապատասխանեն: Ծնողները երբ կը բերեն իրենց զաւակները, որպէսզի հայ արուեստին հետ շփում ունենան, չենք կրնար մերժել: Ստիպուած ենք սորվեցնելու բոլորին հաւասար:

Դժուարութիւններէն մէկն ալ այն էր, որ փորձերը շաբաթը մէկ անգամ էին, բայց գլխաւոր հերոսներուն հետ շաբաթը երեք անգամ փորձեր ունեցանք: Այս աշակերտներուն մէջ կային պետական քննութիւններու մասնակցողներ, որոնք ստիպած են իրենց ծնողներուն, որ անպայման գան ու մասնակցին փորձերու: Երեխաներն ալ շատ լաւ հասկցած էին, որ գլխաւոր հերոսի կերպարը պատրաստելու համար բաւարար չէ շաբաթը մէկ օր  փորձի գալը:

Ժ. Մ.– Այս քանի մը տարուան մեր յաղթանակը այն է, որ երեխաները իրենք կը պահանջեն շաբաթը քանի մը անգամ գալ պարի փորձի: Մենք յաղթած ենք, որովհետեւ սիրցուցած ենք պարը: Իրենք մեզ կը սիրեն, պարն ալ կը սիրեն: Մենք յաջողեցանք անցնող տարիներուն պարային արուեստին հանդէպ սէր մտցնել աշակերտներուն մէջ:

Կ. Մ.– Երբ մենք ստանձնեցինք այս աշխատանքը, պարախումբին մէջ պարող տղաք գրեթէ չկային, հազիւ` քանի մը հոգի, բայց հիմա այդ բարդոյթը վերացած է: Հիմա կու գան տղաները պարի, եւ այն մտայնութիւնը, որ պարը միայն աղջիկներուն է, արդէն կոտրուած է: Արդէն տղոց զատ դասարան ալ ունինք, որպէսզի աւելի լաւ աշխատինք անոնց հետ: Իմ ցանկութիւնս է, որ մեր աշխատանքը միայն Պէյրութի մէջ չմնայ, օր մըն ալ մեր պարախումբի երեխաները շրջագայութեան երթան դէպի Հայաստան, որպէսզի հայրենիքի մէջ ալ ոգեւորութիւն զգան:

«Ա.».- Խօսինք ձեր ներկայացնելիք ԼԷՅԶԸՐ-ի եւ աւազի ստուերաներկայացումներուն մասին:

ԱՆՆԱ ԱՄԱՍ.- ԼԷՅԶԸՐ-ը նկարչութեան մէջ արուեստի նոր ճիւղ է: Անիկա տասը տարեկան է: Աշխարհի մէջ քիչ են այն անձերը, որոնք կը զբաղին այս արուեստով: Հայաստանի մէջ միակ անձն եմ, որ կը կատարէ այս արուեստը: Որպէս ներկայացում, որպէս բեմադրութիւն`  իւրայատուկ արհեստագիտութեամբ տեղի կ՛ունենայ այս ներկայացումը, լիարժէք մթութեան մէջ լոյսով պատկերներ կը նկարես կենդանի կատարումով, այսինքն` առանց նախապէս ձայնագրութեան, իսկ պատկերը կա՛մ ԼԷՏ-ի վրայ կը տեսնէ հանդիսատեսը, կա՛մ կտաւի վրայ: Յատուկ կտաւ է, յատուկ լոյսեր են, որոնք կարծես ըլլան իմ վրձինները, որոնցմով կը նկարեմ: Լոյսը կը կլանէ կտաւը, որոշ ժամանակ կը պահէ, յետոյ աստիճանաբար կը հանգչի , ինչը կու տայ հնարաւորութիւն` անիմէյշընի տեսքով այդ ամէնը մատուցել, այսինքն` գործողութիւն ցոյց տալ, մէկ պատկերը միւսով փոխել:

Ինչ կը վերաբերի աւազին, ըսեմ, որ այս տարի Յովհաննէս Թումանեանի 150-ամեակն է, Հայաստանի մէջ յայտարարուած է թումանեանական տարի: Հոս ալ` Պէյրութի մէջ, Համազգայինի հետ որոշեցինք կազմակերպել Յովհաննէս Թումանեանի «Մի կաթիլ մեղր» հեքիաթի վրայ պարային ներկայացում, որ կ՛ուղորդուի աւազային կենդանի յարդարումով, որուն ընթացքին հանդիսատեսի աչքին առջեւ կը պատրաստեմ նոր պատկերներ, մէկ պատկերը միւսով կը փոխարինեմ` համապատասխան նիւթին:

Աւազի ստուերային արուեստը ծնունդ առած է 1975 թուականին, Քանատայի մէջ: Քարոլին Լիֆը կը համարուի այս ոճին հիմնադիրը, բայց հիմա, այս ժամանակներուն, աւելի ժողովրդային դարձած է այս արուեստը:  Տարբեր ներկայացումներ կը բեմադրուին այս արուեստով. օրինակ` Պէյրութի մէջ մենք պարի հետ պիտի բեմադրենք այս արուեստը, ես համերգներու հետ ալ կը ներկայացնեմ այս արուեստը. Մոսկուայի մէջ Հայաստանի մշակոյթի օրերն էին, մենք համերգ կազմակերպեցինք` Գէորգ Տապպաղեան, Ջիւան Գասպարեան, Վահագն Հայրապետեան, ներկայացուցին Կոմիտասի երաժշտութիւնը, իսկ այդ երաժշտութիւնը, որպէսզի հասանելի ըլլայ ռուս հանդիսատեսին, որ ծանօթ չէ երգի թեմային, ես աւազով նկարեցի, թէ ինչի՛ մասին է երաժշտութիւնը: Շատ յաջող եւ գեղեցիկ անցաւ ելոյթը: Նման ձեռնարկներուն ես քանի մը ամիս առաջ կը պատրաստուիմ, որպէսզի կարողանամ ամբողջովին նիւթը բանալ հանդիսատեսին դիմաց, ժամանակին մէջ տեղաւորուիմ, երաժշտութեան կամ խօսքին հետ համադրեմ: Եւ քանի որ նիւթը փխրուն է, աւազը պահել չես կրնար, միշտ նորը յօրինելու պատրաստ պիտի ըլլաս, որովհետեւ երբ աւազը կը թափի, քու միտքդ ալ կրնայ թափիլ, եւ նոր մօտեցումներ պէտք է ունենաս: Նաեւ կրնայ պատահիլ, որ քու ուզածին պէս չթափի աւազը` օդի հոսքի պատճառով կամ այլ պատճառով, դուն պէտք է այնքան վարպետ ըլլաս եւ տեղւոյն վրայ այնպէս ընես, որ հանդիսատեսը չմտածէ, թէ սխալմունք եղաւ:

«Ա.».- Խօսքի ստեղծագործական ձեր անցած ճանապարհին մասին:

Ա. Ա.– Ուսանած եմ Երեւանի Փանոս Թերլեմեզեանի անուան գեղարուեստի ուսումնարանը, մասնագիտութեամբ գեղանկարիչ եմ, աւարտած եմ Մխիթար Գօշ համալսարանի նկարչական բաժինը, երկար տարիներ կրաֆիքական եւ իւղաներկով աշխատանքներ ըրած եմ: Ընթացքին միշտ հետաքրքրուած եմ նորութիւններով, անոր համար նկարչութեան տարբեր ժանրերու մէջ աշխատած եմ: Աշխատած եմ տպագրական ձեւաւորում, թատրոնի համար տարազներ եւ բեմայարդարումներ պատրաստած եմ, այսինքն նկարչութեան տարբեր ճիւղերու մէջ աշխատած եմ, բայց ամէնէն շատ ինծի սիրելի եղած է թատրոնը, ուր նկարչութիւնը կը շնչէ, կ՛ապրի, կենդանի է, այսինքն երբ դերասանի հագուստ կը ստեղծես, ամէն անգամ որ կրէ այդ հագուստը ներկայացման ժամանակ, պատրաստած հագուստդ կը կենդանանայ, դուն ոչ միայն հագուստ կը ստեղծես, այլ ընդհանուր կերպարը կը ստեղծես, որ կ՛ապրի բեմին վրայ:

Վերջին տարիներուն աւելի շատ նուիրուած եմ ԼԷՅԶԸՐ-ի եւ աւազի ներկայացումներուն, որ շատ ժամանակ կը խլէ ինձմէ. երբեմն կը կարօտնամ սովորական իւղաներկով նկարելը: Տարբեր ձեռնարկներու մասնակցած եմ, փառատօներու բացում կատարած եմ, այս տարի Երեւանի մէջ աւազի շատ մը ներկայացումներ բեմադրեցի` Յովհաննէս Թումանեանի 150-ամեակին նուիրուած: Երեւանի մէջ մենք ունինք արդէն մեր հանդիսատեսը, որ կը սպասէ մեր ներկայացումներուն, յոյսով եմ, որ Պէյրութի մէջ ալ այս արուեստը կը սիրեն եւ կը գնահատեն:

 

 

 

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

«Murmures Chromatiques». Միրէյ Կոկիկեանի Գեղանկարներու Անհատական Ցուցահանդէս

RelatedPosts

«Եթէ Մի Օր Չունենամ Այն Միջոցները, Որ Չկարողանամ Օգնել Երեխաներին, Պարտուած Կը Զգամ Ինձ». Արմինէ Յովհաննիսեան
Հարցազրոյց

«Եթէ Մի Օր Չունենամ Այն Միջոցները, Որ Չկարողանամ Օգնել Երեխաներին, Պարտուած Կը Զգամ Ինձ». Արմինէ Յովհաննիսեան

Յունիս 24, 2025
«Այս Աշխատանքը Միայն Համերգ Մը Չէ, Այլ` Ապացոյց Մը, Որ Մեր Մշակոյթը Կրնայ Նոր Ձեւերով Շարունակել Ապրիլ` Առանց Իր Հոգին Կորսնցնելու», «Ազդակ»-Ին Կ՛ըսէ Սէրուժ Պաղտասարեան
Հարցազրոյց

«Այս Աշխատանքը Միայն Համերգ Մը Չէ, Այլ` Ապացոյց Մը, Որ Մեր Մշակոյթը Կրնայ Նոր Ձեւերով Շարունակել Ապրիլ` Առանց Իր Հոգին Կորսնցնելու», «Ազդակ»-Ին Կ՛ըսէ Սէրուժ Պաղտասարեան

Յունիս 20, 2025
«Պուրճ Համուտի Մէջ Սորվեցայ Մարդասիրութիւնն Ու Ազգասիրութիւնը, Իսկ Մեր Առաքելութեան Նպատակը Բոլորին Ծառայելն Է»  «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Տոքթոր Վաչէ Վասիլեան
Հարցազրոյց

«Պուրճ Համուտի Մէջ Սորվեցայ Մարդասիրութիւնն Ու Ազգասիրութիւնը, Իսկ Մեր Առաքելութեան Նպատակը Բոլորին Ծառայելն Է» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Տոքթոր Վաչէ Վասիլեան

Յունիս 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?