ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Դժուար ու խրթին փորձառութիւն մը պիտի ապրիք: Տէր եղէք ձեր ջիղերուն ու հարցերը լուծեցէք տրամաբանութեամբ: Սխալի մը համար պիտի զայրանաք, բայց ձեր ջիղերը մի՛ յոգնեցնէք:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Ձեր ինքնութիւնը հաստատող թուղթերը միշտ ձեզի հետ թող ըլլան: Մի՛ յամառիք եւ մի՛ պարտադրէք ձեր տեսակէտը: Պէտք է առողջ սննդականոնի մը հետեւիք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Կեդրոնացէք ձեր աշխատանքին վրայ եւ մի՛ պահէք այն տեղեկութիւնները, որոնք կը դիւրացնեն ձեր ընկերներէն մէկուն հարցը լուծելը: Ճնշումները առիթ թող չըլլան ձեր միտքերը պղտորելու:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Ուրախ լուր մը պիտի ստանաք եւ նոր փուլ մը պիտի սկսիք: Ձեր ստացած պատասխանին հիման վրայ փոփոխութեան պիտի ենթարկէք ձեր ծրագիրը:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Նոր փորձառութիւն մը պիտի ապրիք: Յարմար շրջան է` նոր մշակոյթի ծանօթանալու: Ամսուան ուրախ օրերէն մէկն է: Հաճելի ժամանակ պիտի անցընէք ձեր ընկերներուն հետ:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Երջանիկ օր մը պիտի ունենանք: Ուրախ լուր մը ձեզ մեծապէս պիտի ոգեւորէ: Աշխուժ եւ արդիւանբեր շրջան մըն է: Նոր էջ մը ձեզի կը սպասէ, մի՛ տատամսիք:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Զօրաւոր բախտ պիտի ունենաք այս շրջանին: Ոչ ոք պիտի կրնայ մրցիլ ձեզի հետ: Հին էջերը ծալեցէք: Ձեր տրամադրութիւնը կրկին պիտի բարելաւուի:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Պիտի արագանայ ձեր կեանքին ընթացքը: Ձեր ընկերային յարաբերութիւնները պիտի զարգանան: Արդիւնաբեր շրջան մըն է, առիթէն օգտուեցէք` բազմաթիւ լուծումներ գտնելու:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Այս շրջանին ձեր առջեւ նոր դռներ պիտի բացուին, եւ դուք պիտի շահիք ձեր շրջապատին համակրանքն ու վստահութիւնը: Նիւթական շահ մը պիտի ապահովէք ձեր գործին հանդէպ հաւատարիմ մնալուն առիթով:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Անձնական եւ ընտանեկան վիճաբանութիւններէ հեռու մնացէք: Հանդարտ եղէք ու մի՛ զայրանաք: Խնայողութիւն կատարեցէք, որպէսզի նիւթական դժուարութիւն չունենաք:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Աշխատեցէք պահել ձեր անդորրութիւնը: Տագնապալից շրջան մը պիտի ապրիք: Ձեր ընկերներուն հետ հաճելի ժամանակ պիտի անցընէք:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Ուրախացէք ձեր ընտանիքին եւ հարազատներուն հետ: Սիրային յարաբերութիւն մը պիտի մշակէք, եթէ ամուսնացած չէք: Մի՛ թերանաք ձեր պարտականութիւններուն, որքան ալ անոնք բազմանան:
