Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հորիզոն»-Ի Խմբագրական. ՀՅԴ Երիտասարդական Միութիւններու Հայրենի Ճամբարները Նպատակաուղղուած Առաքելութիւններ Են

Յունիս 20, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Արի ու առնական կեցուածքով երիտասարդութիւն մը կը բախէ արդէն հայ կեանքի դռները: Ան պէտք է արագօրէն հասուննայ եւ ինքզինք ամրօրէն շղթայէ իր ժողովուրդի անցեալին` կերտելու համար անոր փայլուն ապագան: Բարձր տեսլականի մը համար պայքարի դաշտ կը կանչէ ձեզ ՀՅ Դաշնակցութիւնը»:

Տոքթ. Բաբգէն Փափազեան

ՀՅԴաշնակցութեան աշխարհասփիւռ կառոյցի անքակտելի մասնիկն է ՀՅԴ երիտասարդականը: Հայ երիտասարդութիւնը քաղաքականացնելու եւ Հայ դատի լուծման գործընթացին մէջ նորահաս սերունդը ներգրաւելու յստակ մտադրութեամբ, 1929 թուականին գումարուած ՀՅԴ ԺԱ. Ընդհանուր ժողովը պաշտօնապէս առաջադրեց երիտասարդական եւ պատանեկան միութիւն ստեղծելու պահանջը, եւ այդ օրէն ի վեր կուսակցութեան ընկերային-քաղաքական աշխարհընկալման առանցքային գաղափարներու դրօշակիրը դարձաւ դաշնակցական երիտասարդութիւնը:

Վերջին տարիներուն Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Լիբանանի, Միացեալ Նահանգներու, Աւստրալիոյ, Ֆրանսայի, Քանատայի, Իրանի երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւնները պատանեկան ճամբարներ կը կազմակերպեն Հայաստանի, Արցախի եւ Ջաւախքի մէջ® Շուշի, Ստեփանակերտ, Սիսիան, Վանաձոր, Չարենցաւան, Մարտունի, Կովսական, Ասկերան, Բերձոր, Տարագիւղ, Ախալքալաք, Մոշաթաղ, Տիգրանաւան, Այգեհովիտ…

Ճամբարներու ծրագիրները կ՛ընդգրկեն` հայ ժողովուրդի յեղափոխական դէմքերու, հայդուկներու եւ դէպքերու ծանօթացում, Հայ դատի այսօրուան եւ ապագայի մարտահրաւէրներու ներկայացում, Դաշնակցութեան պատմութեան ուսուցում, զրուցարան-ասուլիսներ, Արցախի ազատագրական պայքարի ժամանակագրութեան պատմութիւն, անգլերէն լեզուի եւ համակարգիչի դասընթացքներ, դաստիարակչական խաղեր, հայրենասիրական երգերու ուսուցում:

Նորահաս սերունդը ազգային գաղափարախօսութեամբ թրծելու առաքելութիւնը վեհ յանձնառութիւն է դաշնակցական երիտասարդին համար: Հայրենի հողին վրայ գործունէութիւն խարսխելու նախաձեռնութիւններով դաշնակցական երիտասարդութիւնը առիթը կ՛ունենայ համաձուլուելու պատմական հայրենիքին հետ եւ իր ներուժի լիարժէք օգտագործումով իր ներդումը կը բերէ սերունդներու ազգային դաստիարակութեան կայացման գործին մէջ: Այս ճամբարները նոր մտահորիզոններ ու աշխարհայեացքներ կ՛ընձեռեն նաեւ գործուղուած վարիչներուն, որոնք մասնակից դառնալով ճամբարային ծրագիրներուն` կ’ամրագրեն ոգեղէն կապը հայրենի հողին հետ:

ՀՅԴ Քանատայի Երիտասարդական միութեան Վանաձորի ճամբարը իր 9-րդ տարին կը բոլորէ եւ իր գործունէութիւնը ընդլայնելով` արդէն իսկ ծրագրին մէջ ներառած է Սպիտակ քաղաքը: 9 տարուան ընթացքին ՀՅԴ երիտասարդականի անդամ հարիւր պատասխանատու-վարիչներ գործուղուած են Լոռիի մարզ, եւ նոյն այդ ժամանակահատուածին երկու հազար երեխաներ մասնակից դարձած են ՀՅԴ ՔԵՄ-ի ամառնային ճամբարի ծրագիրներուն:

Հազարաւոր հայ պատանիներու դաստիարակչական եւ մարմնակրթական զարգացման ուղղուած այս ճամբարները պատճառ հանդիսացած են նաեւ, որ տասնեակ դաշնակցական երիտասարդներ հայրենադարձութեան որոշումը կայացնեն: Ի վերջոյ,  ՀՅԴ ծրագրային հանգանակին մէջ ամրագրուած տարագիր հայութեան աշխարհագրական միաւորման` ամբողջական Հայաստանի տարածքին համախմբման սկզբնակէտը հայրենադարձութիւնն է:

Դաշնակցական երիտասարդութիւնը հայրենի ճամբարներու իր ծրագիրներով անգամ մը եւս կը փաստէ, որ պատնէշի վրայ յանձնառու կը մնայ հայրենատիրութեան առաքելութեան:

Բարի ե՛րթ հայ ժողովուրդի երիտասարդ սերուցքին:

Նախորդը

Գլխաւոր Թշնամին

Յաջորդը

Գաղութէ Գաղութ

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?