ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան «Երկիր»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսած է, թէ ֆրանսական կառավարութեան, աւելի ճիշդը Ֆրանսայի վարչական դատարաններուն կողմէ Վալանս, Պուրկ լէ Վալանս, Պուրկ տը Փէաժ քաղաքներու եւ Տրոմ նահանգի ու Արցախի Հանրապետութեան տեղական եւ տարածքային մարմիններուն միջեւ ստորագրուած Բարեկամութեան հռչակագիրներու չեղեալ յայտարարուելու որոշումը ընդունելի չէ:
«Ի՞նչ սկզբունքի հիման վրայ ֆրանսական կառավարութիւնը դատի կանչած է տուեալ շրջաններու քաղաքապետները: Մենք կը դատապարտենք քաղաքական այս նոր դիրքորոշումը, որ կրնայ միայն Ազրպէյճանը գոհացնել: Մենք չենք ընդունիր այն փաստը, որ ֆրանսական կառավարութիւնը այսքան վատ դիրքորոշում ունի Արցախի ժողովուրդին նկատմամբ: Յստակ է, որ այս որոշումները հիմնուած են քաղաքական-տնտեսական շահերու վրայ: Մենք բազմիցս ըսած ենք Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնին, որ Արցախը մեզի համար առաջնահերթութիւն է, որովհետեւ այնտեղ կեանքի ու մահուան հարց է: Մենք չէինք կրնար երեւակայել, որ ֆրանսական կառավարութիւնը այսքան հեռու կ՛երթայ: Մենք պիտի չդադրինք Արցախին, Արցախի ժողովուրդին եւ Արցախի անկախութեան հոլովոյթին ու վերջնական փուլին Հայաստանին անոր միացման զօրավիգ կանգնելէ: Ժամանակն է, որ Հայաստան Արցախի հետ ստորագրէ ռազմաքաղաքական համաձայնագիր», շեշտած է Մուրատ Փափազեան:
Այս պարունակին մէջ Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահը անհրաժեշտ նկատեց ընդգծել, որ կարելի չէ խաղաղութեան քայլեր սպասել Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ, երբ Ազրպէյճան պատերազմէն կը ներշնչուի եւ միայն ուժի կը դիմէ:
«Մեր ուժը մենք ենք, սփիւռքի մէջ ամուր կը պահենք մեր դիրքերը: Իսկ նախագահ Մաքրոնին հետ զրուցելով կ՛ունենանք լուրջ բացատրութիւն եւ կը շարունակենք մեր պայքարը Արցախի ժողովուրդին համար` միշտ անոր կողքին կանգնելով: Արցախի ժողովուրդը եւ բանակը ամուր կը պահեն մեր սահմանները: Եթէ Արցախը կորսնցնենք, Հայաստանը կը վտանգուի, իսկ Արցախը զօրացնելով` Հայաստանը կը փրկենք: Պէտք է միջազգային ընտանիքին Հայաստանի եւ սփիւռքի զօրակցութիւնը ցոյց տանք` ուժ տալով Արցախին: Այո՛, միայն ուժ տալով, ով որ ալ ըլլայ Արցախի իշխանութիւնը` այսօրուան, թէ վաղուան», եզրափակած է Մուրատ Փափազեան: