Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

December 21, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, զինուորական ատեանի դատախազ Իմատ Զէյն երէկ արձակեց որոշում մը, որուն շրջագիծին մէջ ան պահանջեց մահապատիժի ենթարկել Իսրայէլի հետ լրտեսութեան յանցանքով դատապարտուած կրօնաւոր Հասան Մ.ն:

ԸՍՏ «Ախպար» օրաթերթին, Հըզպալլայի աղբիւրներ յայտնած են, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան հետ Հըզպալլայի յարաբերութիւնները կը գտնուին խզուելու սահմանին վրայ: Իրենց կարգին, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան աղբիւրներ Հըզպալլայի հետ իրենց յարաբերութիւնները նուազագոյնի իջած նկատեցին:

«ԼԻՈՒԱ» օրաթերթին համաձայն, իսլամական շրջանակները կտրականապէս պիտի մերժեն Յոյն ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը:

ՊՔԵՐՔԷԻ մօտիկ աղբիւրներ, «Լիուա» օրաթերթին յայտնեցին, որ իրենք պիտի չվաւերացնեն ընտրական օրինագիծ մը, որ ազգային տագնապ կրնայ ստեղծել:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Թամմամ Սալամ յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու Պէյրութի երեսփոխաններուն կողմէ մայրաքաղաքը ապազինելու առաջադրանքը այս կամ այն քաղաքական ուժին շահեր ապահովելու միտումով չի ներկայացուիր, այլ` Պէյրութի ապահովական կայունութիւնը ամրապնդելու պահանջով:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի յայտնեց, որ անցեալ ուրբաթ օր Պքերքէի մէջ տեղի ունեցած մարոնի համայնքի ղեկավարներու եւ ներկայացուցիչներու ընդարձակ հանդիպումը Յոյն ուղղափառ հանդիպումին ընտրական օրինագիծը չէ որդեգրած, այլ` նկատել տուած է, որ անիկա լաւագոյն ընտրական օրինագիծն է:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Մարուան Շարպել շեշտեց, որ կառավարութեան կողմէ համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած իր ընտրական օրինագիծին մերժումին պարագային, 2013-ի երեսփոխանական ընտրութիւնները երկու հանգրուանով կատարելու ընտրական այլ օրինագիծ մը պիտի առաջարկէ:

«ԼԻՈՒԱ» օրաթերթ. «Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ պիտի մերժէ Յոյն ուղղափառ հանդիպումին ներկայացուցած ընտրական օրինագիծը»:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ սալաֆական հոսանքի հիմնադիր, իսլամ քարոզիչ շէյխ Շահհալ սուրիական վարչակարգը ամբաստանեց երկրին ապահովական ապակայունութիւնը դէպի քաղաքացիական պատերազմ առաջնորդելու յանցանքով: Ան շեշտեց, որ Յոյն ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծին մէջ դրական կէտերը շատ աւելի են, քան` ժխտականները:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի յստակօրէն ըմբռնած է մարոնի համայնքի հանդիպումէն բխած պատգամը:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախկին նախարար Զիատ Պարուտ հաստատեց, որ մարոնի համայնքի ղեկավարներուն եւ պետական ու բարձրաստիճան պատասխանատուներուն գումարած ընդարձակ նիստին ընթացքին Յոյն ուղղափառ հանդիպումին առաջարկած ընտրական օրինագիծը չէ վաւերացուած:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, սիւննի եւ շիի համայնքներուն պարագային կատարուելիք վարչական նշանակումներուն պարագային հարցեր չկան:

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ հերքեց ամերիկեան «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթին մէջ նշուած այն տեղեկագիրը, որուն համաձայն` լիբանանեան դրամատուներուն յարաբերութիւնները միջազգային գործակցութեան առումով վատթարացած են, յատկապէս ամերիկեան եւ ֆրանսական դրամատուներուն հետ: Սալամէ այդ տեսակէտը նկատեց քաղաքական, գաղտնի սպասարկութեան յատուկ կեցուածք մը, որ դրամատնային մարզին հետ երբեք չէ առնչուած:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, ֆրանսական պաշտօնական ոչ մէկ որոշում տրուած է հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մասնակցող ֆրանսական զօրամասին թուաքանակը նուազեցնելու առումով:

ԱՇԽԱՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Ղասսան Ղոսըն շեշտեց, որ աշխատավարձի յաւելումին գծով ոչ մէկ համաձայնութեան կարելի եղած է յանգիլ` համադաշնակցութեան եւ տնտեսական խորհուրդներուն միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ Քլեմանսոյի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըրը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները: Ժոմպլաթին այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ պաղեստինեան իշխանութեան դեսպան Ապտալլա Ապտալլա:

 

 

 

Նախորդը

ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԻ ՏԵՂԱԿԱԼԸ ՊԱՔՈՒ Կ՛ԱՅՑԵԼԷ

Յաջորդը

ԱՅՆ ՀԵԼՈՒԷԻ ՄԷՋ ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱԿԱԿՇԻՌԻ ՏԱԿ Է

RelatedPosts

Տանոն. «Լիբանանեան Կառավարութենէն  Մեր Լսածին Եւ Գետնի Վրայ Կարողութեան Միջեւ  Անընդունելի Բաց Գոյութիւն Ունի»
Գլխաւոր լուրեր

Տանոն. «ՖԻՆԻՒԼ»-ի Ուժերուն Հեռացումէն Ետք Լիբանանի Մէջ Ֆրանսական Ուժերու Ներկայութեան Դէմ Ենք»

November 27, 2026
Լիբանանի Մէջ Ցամաքային Փոխադրամիջոցներու  Միութիւններու Եւ Սենտիքաներու Բողոքի Յաջորդ Ցոյցը` Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր
Լիբանանեան

Լիբանանի Մէջ Ցամաքային Փոխադրամիջոցներու Միութիւններու Եւ Սենտիքաներու Բողոքի Յաջորդ Ցոյցը` Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր

November 26, 2026
Իզէտտին. «Սիոնական Թշնամին Եւ Իրանը  Իրարու Հաւասար Նկատելը Քաղաքական  Լուրջ Սխալ Ու Բարոյական Յանցագործութիւն Է,  Որուն Նկատմամբ Կարելի Չէ Լուռ Մնալ»
Լիբանանեան

Իզէտտին. «Սիոնական Թշնամին Եւ Իրանը Իրարու Հաւասար Նկատելը Քաղաքական Լուրջ Սխալ Ու Բարոյական Յանցագործութիւն Է, Որուն Նկատմամբ Կարելի Չէ Լուռ Մնալ»

November 26, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • PDF արխիւ
  • Կապ մեզի հետ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։