Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներու Դաշնակցային Գործակալութիւն. Թուրքիա Կրօնական Ազատութիւններու Ամէնէն Կոպիտ Խախտողներու Ցանկին Վրայ Է

Մայիս 18, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Անցեալ շաբաթ ես տեղեկացուցած էի Ազրպէյճանի կրօնական ազատութիւններու խախտումներուն մասին, ինչպէս նշուած էր Միացեալ Նահանգներու Միջազգային կրօնական ազատութեան հարցերով յանձնախումբի (USCIRF) վերջին զեկոյցին մէջ: Այս շաբթուան յօդուածս կը լուսաբանէ կրօնական խախտումները Թուրքիոյ մէջ, ինչպէս կը  հաղորդէ Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային գործակալութիւնը` USCIRF-ը:

Տարեկան զեկոյցը բացայայտած է, որ` «2018-ին Թուրքիոյ կրօնական ազատութեան վիճակը կը շարունակէ մնալ խորապէս վրդովեցուցիչ` լուրջ մտահոգութիւններու տեղիք տալով, որ երկրին ներկայ յետագիծը յառաջիկայ տարի կը յանգեցնէ պայմաններու յաւելեալ վատթարացման: Կրօնական ազատութեան վաղեմի հիմնախնդիրներու լուծման հարցով Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ որեւէ լուրջ յառաջընթացի բացակայութիւնը կը շարունակէ անհանգստութեան պատճառ դառնալ: Կրօնական կամ հաւատքի ազատութեան վերաբերեալ շատ լուրջ սահմանափակումները կը շարունակուին` սպառնալով երկրին մէջ փոքրամասնութիւններու կրօնական համայնքներու շարունակական կենսունակութեան եւ գոյատեւման: Ասոր կողքին, պետական կառոյցներու եւ իշխանամէտ լրատուական միջոցներու կողմէ դիւականացման աճը եւ արատաւոր արշաւը նպաստած են կրօնական փոքրամասնութիւններու շրջանին մէջ հետզհետէ աճող վախի մթնոլորտին: Թրքական կառավարութիւնը կը շարունակէ միջամտել կրօնական համայնքներու ներքին գործերուն` թոյլ չտալով Հայ առաքելական եկեղեցւոյ պատրիարքական ընտրութիւնները եւ պահպանելով իր պահանջը, որ յոյն ուղղափառ առաջնորդները ձեռք բերեն Թուրքիոյ քաղաքացիութիւն` եկեղեցւոյ Սուրբ Սինոտին մասնակցելու համար»:

Աւելի՛ն. USCIRF յայտարարած է, որ «Միացեալ Նահանգներու մէջ հաստատուած հոգեւոր առաջնորդ Ֆեթուլլահ Կիւլենի հետեւորդները», Կիւլեն, որ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի քաղաքական կողմնակիցն էր անոր քաղաքական աւելի վաղ գործունէութեան  ընթացքին, «կը շարունակուին տասնեակ հազարներով հեռացուիլ պետական ծառայութենէն, կալանաւորուիլ եւ ձերբակալուիլ` յուլիս 20-ին տեղի ունեցած յեղաշրջման անյաջող փորձին ենթադրեալ մասնակցութեան կամ ահաբեկչութեան մէջ ներգրաւուած ըլլալնուն համար: Թրքական կառավարութիւնը Կիւլենին հետ կապուած մարդիկը անխտիր կերպով դիտած է իբրեւ ահաբեկչական կազմակերպութեան մաս: Պետական պաշտօնեաները կը շարունակեն ներգրաւուած ըլլալ հակասեմականութեան մէջ` ընկերային լրատուական բեմերուն վրայ յայտարարութիւններու եւ մեկնաբանութիւններու տեսքով, իսկ իշխանամէտ թերթերն ու լրատուական միջոցները կը քարոզէին ատելութիւն` թէ՛ քրիստոնեաներու, թէ՛ հրեաներու դէմ»:

Վերջին երեք տարիներու ընթացքին, յուլիս 2016-ին, նախագահ Էրտողանը տապալելու յեղաշրջման ձախող փորձէն ետք, Թուրքիոյ կառավարութիւնը 150 հազար պետական պաշտօնեաներ աշխատանքէ արձակեց եւ տասնեակ հազարաւոր մարդիկ ձերբակալեց` զանոնք մեղադրելով յեղաշրջման դաւադրութեան եւ ահաբեկչութեան մէջ ներգրաւուած ըլլալու յանցանքով: Աւելի՛ն. 68 լրագրողներ, ամէնէն շատը` բոլոր երկիրներուն մէջ, բանտարկուեցան, աւելի քան 150 լրատուական միջոցներ փակուեցան, իսկ անկախ  լրատուական միջոցներուն մեծ մասը վերահսկուեցաւ կառավարութեան կողմէ:

Ասկէ զատ, USCIRF ներկայացուցած է կրօնական հետեւեալ խախտումները Թուրքիոյ մէջ.

1) Հանրակրթական դպրոցներու աշակերտները, ներառեալ` ալեւիները, ստիպուած են սորվիլ «Կրօնական մշակոյթ եւ բարոյական գիտելիքներ» իսլամական դասանիւթը: Հայերը, յոյները եւ հրեաները ազատ կացուցուած են այս դասանիւթէն: Աշակերտները եւ իրենց ծնողները ազատ կացուցուելու համար պէտք է երկարատեւ, դժուարին գործընթաց մը անցընեն եւ կամ իրենց պահանջները դատարան ներկայացնեն:

2) Թրքական կառավարութիւնը կը միջամտէ ինչպէս յունական, այնպէս ալ հայկական համայնքներու ներքին գործերուն` հոգեւորականներու ձեռնադրումը սահմանափակելով Թուրքիոյ քաղաքացիութեամբ: Քանի որ Թուրքիոյ հայոց պատրիարքը 2010 թուականէն ի վեր անգործունեայ էր, թրքական կառավարութիւնը թոյլ չէր տար, որ հայկական համայնքը ընտրէր նոր պատրիարք մը:

3) «Ալեւիները կը կազմեն Թուրքիոյ կրօնական ամէնէն մեծ փոքրամասնութիւնը [կը գնահատուի 10-25 միլիոն մարդ]: Այսուամենայնիւ, կառավարութիւնը երկար ժամանակ ալեւիները կը դասակարգէր իբրեւ մահմետական եւ, հետեւաբար, չէր կրնար զանոնք ճանչնալ իբրեւ սիւննի մահմետականներէ տարբերող կրօնական համայնք մը: Հակառակ փետրուար 2015-ին Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանին կայացուցած որոշման` կառավարութիւնը տակաւին քայլերու չէ ձեռնարկած, որպէսզի ալեւի ուսանողները ազատ կացուցուին կրօնական պարտադիր դասերու մասնակցելէ, որոնք առաջին հերթին հիմնուած են իսլամական սիւննի հասկացողութեան վրայ», ըսուած է USCIRF-ի տարեկան զեկոյցին մէջ:

4) Իշխանամէտ տպագիր եւ ընկերային լրատուական միջոցներուն մէջ տարածուած է հակասեմականութիւնը: Համաձայն «Հրանդ Տինք» հիմնադրամին յունուար 2018-էն մինչեւ ապրիլ ինկած ժամանակամիջոցի ընթացքին ատելութեան 427 խօսք արձանագրուած է հրեաներու դէմ: Թուրք քաղաքական գործիչները եւս յաճախակիօրէն հակասեմական մեկնաբանութիւններ կ՛ընեն:

5) Բողոքական համայնքը կը շարունակէ ատելութեան խօսքի թիրախ ըլլալ: Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանը կը գտնէ, որ Թուրքիա խախտած է Եօթներորդ օրուան գալստականներու հիմնադրամի իրաւունքները: Աւելի՛ն. «Եհովայի վկաներուն կը մերժեն շնորհել խիղճի հիմնաւորումով զինուորական ծառայութենէ հրաժարելու իրաւունքը` սպառնալով հետապնդել, տուգանքներու ենթարկել եւ ազատազրկել զանոնք», յայտնած է USCIRF:

6) «Հայոց պատրիարքարանը կը ձգտի վերադարձնել Պոլսոյ մէջ գտնուող, նախապէս հայ մանուկներու կրթութեան համար օգտագործուած «Սանասարեան խան»-ի անշարժ գոյքը, զոր կառավարութիւնը բռնագրաւած էր 1935-ին: Պոզճատա կղզիի Յունական ուղղափառ հիմնադրամը տակաւին չէ ստացած 11 անշարժ գոյքի համար իր իրաւունքը հաստատող փաստաթուղթերը` հակառակ սեպտեմբեր 2014-ին հիմնադրամի խորհուրդին ընդունած որոշման` գործերը փոխանցելու մասին: Հալքիի յունական ուղղափառ աստուածաբանական դպրոցը, որ յայտնի է նաեւ իբրեւ Հալքիի ճեմարան, փակուած է եւ 1971-էն ի վեր հնարաւորութիւն չէ ունեցած հոգեւորականութեան ուսում ջամբելու»` ըստ USCIRF-ի:

USCIRF կոչ ըրած է Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան, որպէսզի վերջինս ճնշում գործադրէ Թուրքիոյ վրայ` կրօնական ազատութեան բոլոր դրոյթները պահպանելու եւ համապատասխան ուղղիչ միջոցներու ձեռնարկելու համար…

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

 

Նախորդը

Օգնութեան Հասնինք «Մեծ Կապոյտին»

Յաջորդը

Խմբավարին Խօսքը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?