Այսօր` Ուորիըրզ – Պլէյզըրզ
Երկրորդ Մրցումը
«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցաւ արեւելեան շրջանի աւարտականի առաջին մրցումը, որուն ընթացքին Միլուոքիի մէջ Պաքս հիւրընկալեց Թորոնթօ Ռեփթըրզը:

Հիւրընկալ կազմը 1-0 ադիւնքով գերազանցեց իր մրցակիցը` արձանագրելով 108-100 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Պաքսէն Պրուք Լոփեզ նշանակեց 29 կէտ, մինչ Ռեփթըրզէն Քաուհի Լէոնարտ` 31 կէտ:
Անոնց միջեւ երկրորդ մրցումը եւս տեղի պիտի ունենայ Միլուոքի մէջ:
Այսօր երկրորդ անգամ ըլլալով իրարու դէմ կը հանդիպին Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ եւ Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ, դարձեալ առաջինին դաշտին վրայ, որ առաջին մրցումին յաղթանակ մը արձանագրած էր: