Հովանաւորութեամբ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի եւ կազմակերպութեամբ «Սփորթց Մանիա» ընկերութեան, յաջորդաբար երրորդ տարին ըլլալով, սկիզբ առաւ Կեդրոնական դրամատան մինի ֆութպոլի մրցաշարքը` մասնակցութեամբ 11 խումբերու:
Այդ խումբերն են (բոլորն ալ դրամատուներ)` Կեդրոնական դրամատուն, Աուտէ, Պէյրութ-արաբական երկիրներ, Ժամմալ-Թրասթ, Ֆրանսապանք, Իհթիմատ Մասրեֆի, Եգիպտոս-Լիբանան, Ֆըրսթ-Նեշընըլ, Լուպնան-Մահժար, Սետրուս եւ Մէապ:
Տիտղոսին տիրացող խումբը պիտի ստանայ օդանաւային 13 տոմս` Լիբանանէն դուրս միջազգային մրցաշարքի մասնակցելու համար: