ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Անակնկալ մը պիտի ուրախացնէ ձեզ: Շատ լաւ գիտէք ձեր առաջնահերթութիւնները, հետեւաբար ժամանակ մի՛ կորսնցնէք մանրամասնութիւններու վրայ:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Հին որոշումներ վերատեսութեան պիտի ենթարկէք: Ճակատագիրը իր դերը պիտի խաղայ ձեր երազանքները իրականացնելու մէջ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Ուշադրութեան եւ խօսակցութեան առարկայ պիտի դառնայ ձեր կատարած մէկ յաջողութիւնը: Շարունակեցէք օգտագործել ձեր ձիրքերը եւ կարողութիւնները` ձեր աշխատանքին մէջ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Մի՛ աճապարէք ձեր որոշումներուն մէջ: Ձեր ընկերներուն կողմէ ստացուած անակնկալը պիտի լուսաւորէ ձեր ճամբան եւ խաղաղութեան մէջ պահէ ձեզի:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Ձեր շրջապատը կարիքը ունի ձեր օժանդակութեան, մի՛ զլանաք, այլ ձեր կարելին ըրէք, որպէսզի ուրախացնէք կարօտեալ մը:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Զիջումներ մի՛ կատարէք ձեր գործին մէջ: Ձեր լաւագոյնը տուէք, երբ ձեզմէ պահանջուի օգնութիւն: Յառաջիկայ օրերը խաղաղ պիտի ընթանան: Շահ մը պիտի ապահովէք:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Զգուշ եղէք եւ վտանգաւոր բաներէ հեռու մնացէք: Վիճաբանութիւնները մէկ կողմ ձգեցէք: Յուսախաբութիւն մը պիտի ապրիք այս օրերուն:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Անցեալին հանդէպ կարօտ մը ունիք, կամ անցեալը կրկին պիտի յայտնուի ձեր կեանքին մէջ եւ պարտադրէ նոր ուղղութիւն մը` ձեր կեանքին մէջ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Դժուարութիւններու դէմ յանդիման պիտի գտնուիք: Հանդարտ կեցէք եւ քայլերու մի՛ դիմէք` առանց ձեր կողակիցին կամ սիրեցեալին հարցնելու:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Թէեւ մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէք, բայց միշտ նկատի առէք, որ պէտք է ձեր շուրջիններուն կարծիքը հարցնէք ու յարգէք:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Ընտանեկան վէճ մը հանդարտութեամբ պիտի լուծէք: Եթէ ջղայնացաք, լուռ մնացէք, մի՛ արտայայտէք ձեր զգացումները, որպէսզի հարցերը չբարդանան:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Մի՛ վախնաք մրցակցութենէ: Նորութիւններու հետ պիտի վարուիք իմաստութեամբ եւ հանդարտութեամբ: Ամսուան հաճելի օրերէն մէկն է: