Երէկ երեկոյեան լուրեր շրջան ըրին այն մասին, որ մարոնիներու նախկին պատրիարք Նասրալլա Պութրոս Սֆէյր վախճանած է, սակայն թէ՛ անոր բժիշկը` Էլիաս Սֆէյր, եւ թէ՛ մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը հաստատեցին, որ ան, առողջական բարդութիւններ ունեցած ըլլալով, փոխադրուած է հիւանդանոց, ուր անհրաժեշտ բժշկական խնամքը կը ստանայ` բժիշկներու հսկողութեան տակ:
Ռայի պատրիարքը երէկ երեկոյեան այցելեց «Օթել տիէօ» հիւանդանոց, որպէսզի մօտէն հետեւի Սֆէյր պատրիարքին վիճակին: Հոնկէ դուրս գալու ատեն լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ան շեշտեց, որ նախկին պատրիարքը կենդանի է, բժշկական հոգատարութեան ենթակայ է` կոչ ուղղելով բոլորին անհիմն լուրեր տարածելու փոխարէն աղօթելու անոր շուտափոյթ ապաքինման ի խնդիր:
Տոքթ. Էլիաս Սֆէյր իր կարգին դիտել տուաւ, որ Սֆէյր պատրիարքին առողջական վիճակը բաւական զգայուն է, ան թոքերու եւ մէզի բորբոքում ունեցած է, ինչ որ պատճառ դարձած է այլ բարդութիւններու: Ան ըսաւ, թէ նախկին պատրիարքին վիճակը կայուն է, նման հարցեր ունեցած էր նաեւ նախորդ տարի, սակայն շրջանցած ու կրկին ոտքի կանգնած էր` մաղթելով, որ այս անգամ եւս անցողակի ըլլան այս հարցերը: Անոր համաձայն, իրենք Սֆէյր պատրիարքին առողջական վիճակին մասին տեղեակ պահած են Ռայի պատրիարքը, որ սկզբունքով պիտի ճամբորդէր 8 մայիսի երեկոյեան, սակայն ան յետաձգած է ճամբորդութիւնը, որպէսզի նախկին պատրիարքին կողքին ըլլայ: