Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ Պաքուի մէջ տեղի ունեցող 5-րդ Համաշխարհային միջմշակութային երկխօսութեան համախմբումին ընթացքին, որ կը կրէ «Կառուցե՛նք երկխօսութիւն` յանուն խտրականութեան, անհաւասարութեան եւ բռնի տագնապներու դէմ պայքարի» կարգախօսը, աշխարհի 100 երկրէ 500 մասնակիցներու ներկայութեան անդրադարձած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին եւ տեղեկութիւններ հաղորդած ատոր վերաբերեալ: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Օքսու» կայքը:
«Հակառակ հայ-ազրպէյճանական տագնապին` մենք արագօրէն կը զարգանանք: Ազրպէյճանի մէջ դարերով ապրած են տարբեր կրօնական եւ ազգային խումբեր, եւ երկրին մէջ մշտապէս գոյութիւն ունեցած է կրօնական հանդուրժողականութիւն», նշած է ան: