Միացեալ Նահանգներու Քոլորատօ նահանգի ծերակոյտը 24 ապրիլին որդեգրած է Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտող բանաձեւ մը: Ծերակոյտը առանձին կէտով նաեւ ճանչցած է Արցախի անկախութիւնը: Այս մասին «Թերթ»-ին յայտնած է Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակի համայնքային զարգացման ծրագիրի համակարգող Սիմոն Մաղաքեանը:
Բանաձեւին մէջ ըսուած է. «Հայոց ցեղասպանութեան եւ ատոր անպատժելիութեան շարունակական հետեւանքները կը ներառեն Հայաստանի քոյր պետութեան` դէպի ծով ելք չունեցող Արցախի Հանրապետութեան թուրք-ազրպէյճանական շրջափակումը:
«Մինչդեռ Թուրքիոյ` Հայոց ցեղասպանութեան անպատիժ ժխտումը եւ առանց պատասխանատուութեան ենթարկուելու հայոց սրբատեղիներու շարունակական պղծումը յանգեցուցած են վերջերս տեղի ունեցած աննախադէպ մշակութային ցեղասպանութեան` հայ քրիստոնէական ժառանգութեան նկատմամբ, Ազրպէյճանի ենթակայութեան տակ գտնուող Նախիջեւանի մէջ, ուր 1997-2006 թուականներուն Ազրպէյճանի կառավարութիւնը ջնջած է տարածաշրջանի հայկական անցեալի իւրաքանչիւր հետք, որ կը ներառէր 90 եկեղեցի, 6000 խաչքար, ներառեալ` Ջուղայի յայտնի խաչքարերը, որոնցմէ մէկուն կրկնօրինակը 2015-ին տեղադրուած է Քոլորատօ նահանգի Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր-այգիին մէջ»: