Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրամփ Հրապարակեց Ապրիլ 24-ի Առիթով Աւանդական Նախագահական Յայտարարութիւնը

Ապրիլ 26, 2019
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ 24 ապրիլին հրապարակեց «Հայկական յիշատակման օր»-ի առիթով յայտարարութիւն մը, որուն մէջ դարձեալ օգտագործեց «Մեծ եղեռն» եզրը:

Ստորեւ` յայտարարութիւնը.

«Այսօր կ՛ոգեկոչենք Մեծ եղեռնն ու յարգանքի տուրք կը մատուցենք բոլոր անոնց յիշատակին, որոնք տառապած են 20-րդ դարու ամէնէն սարսափելի դաժան արարքներու պատճառով: 1915 թուականէն սկսեալ, Օսմանեան կայսրութեան վերջին տարիներուն, մէկուկէս միլիոն հայեր տեղահանուած, սպաննուած կամ մահուան երթի ուղարկուած են: Յիշատակի այս օրով մենք դարձեալ կը միանանք Ամերիկայի ու ամբողջ աշխարհի հայ համայնքին` սգալով բազմաթիւ կեանքերու կորուստը:

«Այսօր մենք նաեւ կը յարգենք ու կը ճանչնանք աշխատանքը անոնց, որոնք փորձեցին վերջ տալ բռնութեան, ինչպէս նաեւ` անոնց, որոնք ձգտեցան երաշխաւորելու, որ այսպիսի դաժան արարքներ այլեւս երբեք պիտի չկրկնուին, ինչպէս` իրաւապաշտպան եւ իրաւաբան Ռաֆայէլ Լեմքինը: Մենք կը յիշենք ներդրած աւանդը այն մեծահոգի ամերիկացիներուն, որոնք օգնած են` փրկելու կեանքեր եւ վերակառուցելու հայկական համայնքները: Պատուելով բոլոր անոնք, որոնք տառապած են, մենք նաեւ կը ներշնչուինք այն քաջարի եւ տոկուն հայերէն, որոնք ի հեճուկս ահռելի դժուարութիւններու, ամբողջ աշխարհի տարածքին, ներառեալ` Միացեալ Նահանգներու մէջ, կառուցեցին կենսունակ համայնքներ:

«Մենք պատրաստ ենք դաս քաղելու նախկին ողբերգութիւններէն, որպէսզի ատոնք չկրկնենք: Մենք կ՛ողջունենք հայերու եւ թուրքերու` իրենց ցաւալի անցեալը ընդունելու եւ անոր հետ առերեսուելու ջանքերը: Մենք կը կանգնինք հայ ժողովուրդին կողքին` յիշելու Մեծ եղեռնի ընթացքին կորսուած կեանքերն ու վերահաստատելու աւելի խաղաղ աշխարհ կառուցելու մեր յանձնառութիւնը»:

Թուրքիա Կը Մերժէ Թրամփի Յայտարարութիւնը

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը` մերժելով Թրամփի յայտարարութիւնը:

Մենք կը մերժենք Միացեալ Նահանգներու նախագահ Թրամփի 1915-ի դէպքերու մասին յայտարարութիւնը: Ատոնց մեկնաբանումը, որ պայմանաւորուած է հայերու կողմէ ստեղծուած ենթակայական մօտեցումով, նշանակութիւն չունի: Պատմութեան խեղաթիւրումը ներքին քաղաքական պատճառներով անընդունելի է», կը նշէ հաղորդագրութիւնը, որուն մէջ կը նշուի, որ Թուրքիա կը պնդէ միացեալ պատմական յանձնախումբ ստեղծելու իր առաջարկին վրայ:

Միացեալ Նահանգներու մէջ Թուրքիոյ դեսպան Սերտար Քըլըչ իր կարգին յայտարարեց, որ Թրամփի յայտարարութիւնը միակողմանի է, եւ ատոր մէջ հաշուի չեն առնուած «թուրք եւ այլ իսլամ ժողովուրդներու ցաւն ու վիշտը»:

Քըլըչի խօսքով, «Բազմաթիւ փաստեր կան այն մասին, որ հայկական հրոսակախումբեր 1915-ին Օսմանեան կայսրութեան մէջ սպաննած են խաղաղ իսլամ բնակչութիւնը»:

Ան նշած է, որ հակառակ անոր որ Անգարան Երեւանին կոչ ուղղած է «1915-ի դէպքերու» վերաբերեալ միացեալ յանձնախումբ ստեղծել, Հայաստանի իշխանութիւնները տակաւին չեն արձագանգած ատոր:

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Կը Քննադատէ Թրամփի Յայտարարութիւնը

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը,  յայտարարութիւն մը հրապարակելով,  քննադատեց Թրամփի յայտարարութիւնը` ընդգծելով, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը արդէն երկրորդ տարին ըլլալով` յաւուր պատշաճի չի դատապարտեր Օսմանեան կայսրութեան գործած ցեղասպանութիւնը:

«Այս քաղաքականութիւնը սկզբնաւորուած է Անգարայի մէջ` թուրք բռնապետներու կողմէ, իսկ ետքը ամերիկացի նախագահները զայն կիրակած են Ուաշինկթընի մէջ», ըսաւ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեանը:

Ան ընդգծեց, որ «Նախ Ամերիկան» խոստումը տուած Թրամփ Հայոց ցեղասպանութեան հարցին մէջ կ՛առաջնորդուի «Նախ Թուրքիան» սկզբունքով:

«Խոստանալով պայքարիլ քրիստոնեաներու դէմ բռնաճնշումներուն դէմ` Թրամփ աջակցեցաւ օտարերկրեայ վարչակարգին` մէկդարեայ պատմութիւն ունեցող յանցագործութեան յիշատակը ազնուօրէն ոգեկոչելու փոխարէն:

Ան խոստացած էր վերականգնել Միացեալ Նահանգներու ղեկավար դերը, սակայն փոխարէնը օտարերկրեայ բռնապետութեան զիջեցաւ ամերիկեան բարոյական արժէքները: Այժմ մենք հայեացքը կ՛ուղղենք Քոնկրեսին` յոյս ունենալով, որ պիտի ցուցաբերէ այն առաջնորդողի դերը, ինչը չկարողացաւ կատարել Սպիտակ տունը», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Թրէյսի. «Միացեալ Նահանգներ Պատմական Իրողութիւնը Չեն Ժխտեր»

Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լին Թրէյսի 24 ապրիլին Ծիծեռնակաբերդի մէջ լրագրողներուն յայտնեց.«Այսօր յարգանքի տուրք կը մատուցենք 1915 թուականի մեծագոյն վայրագութիւններէն մէկուն յիշատակին»:

«Այսօր կարեւոր կը նկատենք այն հանգամանքը, որ մենք պէտք է ներշնչուինք հայ ժողովուրդի խիզախ զաւակներով, որոնք կարողացան շարունակել իրենց կեանքը, ու նաեւ` տոկունութիւնը, որ հանդէս բերաւ հայ ժողովուրդը թէ՛ այստեղ` Հայաստանի մէջ, թէ՛ աշխարհի շատ վայրերուն մէջ. հայկական համայնքները իրենց հայկական ոգիի ամրութիւնը դրսեւորելով` իրենց կարեւոր կենսունակութիւնը կ՛ապահովեն», ըսաւ ան:

Դեսպանին խօսքով, ամերիկացիները երախտապարտ են հայկական ծագումով այն ամերիկացիներուն, որոնք Միացեալ Նահանգներուն մէջ մեծ ներդրում ունեցած են:

Այն հարցումին, թէ Միացեալ Նահանգներու 50 նահանգներէն 49-ը արդէն ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը, ի՞նչ կը մտածէ այդ մասին,  Միացեալ Նահանգներու դեսպանը պատասխանեց. «Միացեալ Նահանգներու մէջ դեսպանի պաշտօնին հաստատման ժամանակ ես նշած եմ եւ դարձեալ կը նշեմ, որ Միացեալ Նահանգներ պատմական իրողութիւնը չեն ժխտեր, եւ այն, ինչ տեղի ունեցած է 1915 թուականին, 20-րդ դարու դաժան արարքներէն մէկն է, եւ մեզ կը շարունակէ ոգեւորել տոկունութիւնը, որ մենք կը տեսնենք հայ ժողովուրդին մէջ», ըսաւ ան:

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներու Քոլորատօ Նահանգը Դատապարտած Է Հայոց Ցեղասպանութիւնը Եւ Ճանչցած` Արցախի Անկախութիւնը

Յաջորդը

«Առաջին Անգամ Ըլլալով Սուրիական Կրթական Ծրագիրները Կ՛անդրադառնան Հայոց Ցեղասպանութեան Ու Տեղահանութեան» Կը Գրէ Սուրիական «Ուաթան» Օրաթերթը

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
Կալուզին. «Չի Բացառուիր, Որ Լեռնային Ղարաբաղէն  Հեռացածները Որոշ Փուլի Որոշեն Վերադառնալ.  Խաղաղապահներու Ներկայութիւնը Այս Մարդոց Համար  Պիտի Դառնայ Հանգստութեան Լրացուցիչ Գործօն»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Ռուսիա Պատրաստ Է Իր Ներդրումը Ունենալու Երեւանի Եւ Պաքուի Միջեւ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Հարցին Մէջ»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?