Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էրտողան. «Հայ Աւազակախումբերու Եւ Անոնց Աջակիցներու Աքսորումը Ամէնէն Տրամաբանական Քայլն Էր»

Ապրիլ 26, 2019
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան նամակ մը յղած է Պոլսոյ հայոց պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ եպս. Աթեշեանին: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ նամակին մէջ Էրտողան անգամ մը եւս Օսմանեան կայսրութեան կողմէ ծրագրուած եւ իրականացուած Հայոց ցեղասպանութեան զոհ գացած 1,5 միլիոն հայերը նկատած է Համաշխարհային Ա. պատերազմի զոհեր»:

Էրտողան իր նամակին մէջ գրած է. «Ձեզ ի խորոց սրտի կ՛ողջունեմ, յարգանքներս կ՛ուղղեմ: Նախքան խօսքերուս սկսիլը, կ՛ուզեմ նշել, որ 8 մարտ 2019-ին մեր կորսնցուցած թանկագին պատրիարք Մեսրոպ Մութաֆեանին յարգանքով կը յիշեմ եւ ընտանիքին, հարազատներուն ու ամբողջ հայ համայնքին ցաւակցութիւններս կը յայտնեմ:

«Համաշխարհային Ա. պատերազմի դժուար պայմաններուն մէջ իրենց կեանքը կորսնցուցած օսմանցի հայերուն այս տարի յարգանքով կը յիշեմ, անոնց թոռներուն անկեղծ ցաւակցութիւններս կը յայտնեմ:

«Ինչպէս որեւէ կայսրութեան փլուզման ընթացքին, նոյնպէս Օսմանեան կայսրութեան վերջին շրջանին, կայսրութեան սահմաններուն մէջ եւ անկէ դուրս մարդկային մեծ կորուստներ արձանագրուած են:  Համաճարակներու, գաղթերու, պետական գերիշխանութեան թուլացման պատճառով յառաջացած աւազակախումբերու եւ զինեալ խումբերու գործողութիւններուն իբրեւ հետեւանք մեր կորսնցուցած օսմանցի այլ քաղաքացիներուն նոյնպէս Ալլահէն հանգստութիւն կը ցանկամ: Հայ համայնքը, ինչպէս Օսմանեան կայսրութեան մէջ, այնպէս ալ մեր հանրապետութեան գրեթէ հարիւրամեայ անցեալին տեւողութեան մեծ ներդրում ունեցող արժէքաւոր զաւակներ տուած է: Ինչպէս երէկ, նաեւ այսօր, հաւասար իրաւունքներ ունեցող եւ ազատ մեր հայ քաղաքացիները քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական կեանքին մէջ մեծ դեր ունին:

«Կ՛ուզենք յատուկ ընդգծել, որ մեր երկրի հայ համայնքին հանգստութիւնը, ապահովութիւնը եւ բարօրութիւնը մեզի համար մեծագոյն նշանակութիւնն ունին: Անոնք, որոնք կը փորձեն մեր հայ քաղաքացիները օտարել, հեռացնել, մեզ պիտի տեսնեն իրենց դիմաց կանգնած:

«Այդ պատճառով կ՛ուզեմ, որ վայրկեան առաջ ընտրէք հայ համայնքի նոր կրօնական ղեկավար, եւ ձեզի յաջողութիւն կը մաղթեմ: Կը հաւատամ, որ միասին պիտի կարենանք ապագայ կառուցել:

«Այդ պատճառով ալ կը փափաքիմ, որ ոչ մէկ կարելիութիւն տանք խեղաթիւրելու մեր միացեալ անցեալը: Այս համոզումներով անգամ մը եւս յարգանքով կը յիշեմ Համաշխահային Ա. պատերազմի ընթացքին իրենց կեանքերը կորսնցուցած հայերը»:

Միւս կողմէ, Էրտողան թրքական արխիւներուն նուիրուած գիտաժողովի մը ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարեց. «Օսմանեան արխիւներէն 35,5 միլիոն փաստաթուղթ եւ 8 միլիոն նոթատետրի լուսանկար, Հանրապետական արխիւի 19 միլիոն փաստաթուղթ թուայնացած է»:

Ան նաեւ յայտնեց, որ Հայկական հարցի եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ծիրին մէջ Թուրքիոյ ժողովրդավարութեան դաս տալու փորձ կատարողները իրենք «բոլորն ալ արիւնոտ պատմութիւն ունին»:

Էրտողան նկատել տուաւ, որ «1915-ի դէպքերուն» համար Թուրքիան մեղադրող ոչ մէկ խումբի կամ պետութեան կողմէ արխիւային ապացոյցներ ներկայացուած են:

«Իսլամները սպաննած Ֆրանսան թուրքերուն դաս տալ չի կրնար, տեղահանութիւնը բան մըն է, կոտորածը` այլ բան, որո՞ւ կը խաբէք», հարց տուաւ ան:

«Արեւելեան Անատոլուի մէջ իսլամ կիները, երեխաները, ծերերը սպաննած հայ աւազակախումբերու եւ անոնց աջակցութիւն ցոյց տուածներու աքսորումը այդ ժամանակաշրջանին ամէնէն տրամաբանական քայլն էր: Մենք պատրաստ ենք մինչեւ վերջ բանալու մեր արխիւները: Հայե՛ր, եթէ դուք ալ արխիւ ունիք, բացէ՛ք: Ամբողջ աշխա՛րհ, երրորդ երկիրնե՛ր, եթէ դուք ալ ունիք, բացէ՛ք ձեր արխիւները, բերէ՛ք: Բոլոր արխիւները հետազօտենք: Ինչ որ բացայայտուի, իբրեւ քաղաքական գործիչներ, պիտի խօսինք: Մեր արխիւները միշտ բաց են: Պահելու բան չունինք, ամէն բան պարզ է եւ յստակ», աւելցուց Էրտողան:

Նախորդը

«Մեր Ժողովուրդին Համար Երբեք Ընդունելի Չէ Ցեղասպան Թուրքիոյ Ցաւակցութիւնը» Արամ Ա. Կաթողիկոս

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներու Քոլորատօ Նահանգը Դատապարտած Է Հայոց Ցեղասպանութիւնը Եւ Ճանչցած` Արցախի Անկախութիւնը

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
Կալուզին. «Չի Բացառուիր, Որ Լեռնային Ղարաբաղէն  Հեռացածները Որոշ Փուլի Որոշեն Վերադառնալ.  Խաղաղապահներու Ներկայութիւնը Այս Մարդոց Համար  Պիտի Դառնայ Հանգստութեան Լրացուցիչ Գործօն»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Ռուսիա Պատրաստ Է Իր Ներդրումը Ունենալու Երեւանի Եւ Պաքուի Միջեւ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Հարցին Մէջ»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?