ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ «ԱԶԴԱԿ»-Ի
ԱՊՐԻԼ 24-Ի ԲԱՑԱՌԻԿԸ
Կրնաք ստանալ գրավաճառներէն եւ «Ազդակ»-ի ցրուիչներէն:
————————————–
ՄԱՀԱԶԴ
ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ԵՒ ԳԵՐԵՐՋԱՆԻԿ ՏԷՐ ԳՐԻԳՈՐ ՊԵՏՐՈՍ Ի.
ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ
ԶՄՄԱՌՈՒ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԿՂԵՐԻ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
եւ
ԵՂԻԱՅԵԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔԸ
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժեն Զմմառու Պատրիարքական կղերի միաբանութեան երէց անդամներէն`
ԳԵՐՅ. ԳԷՈՐԳ Ծ. ՎՐԴ. ԵՂԻԱՅԵԱՆԻ
(1946-2019)
վախճանումը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 18 ապրիլի երեկոյեան:
Վերջին օծման ու թաղման կարգը պիտի կատարուի երեքշաբթի, 23 ապրիլին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ-Ս. Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, յընթացս հայրապետական սուրբ եւ անմահ պատարագին` նախագահութեամբ կաթողիկոս պատրիարքին: Ապա, գերյարգելի հօր մարմինը պիտի ամփոփուի Զմմառու վանքի միաբանական դամբարանին մէջ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յուղարկաւորութենէն ետք, ինչպէս նաեւ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-էն 7:00, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ-Ս. Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, իսկ չորեքշաբթի, 24 ապրիլին առաւօտեան ժամը 10:00-13:00, եւ կէսօրէ ետք ժամը 14:00-16:00:
Յիշատակ արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի:
————————————–
ՄԱՀԱԶԴ
Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէնութիւնը, անձնակազմը, ծնողները, աշակերտները, նախկին սաները եւ «Սուրբ Մեսրոպի արիներ» սկաուտական խումբը կը գուժեն դպրոցի նախկին տնօրէն
ՀԱՅՐ ԳԷՈՐԳ Ծ. ՎԱՐԴԱՊԵՏ ԵՂԻԱՅԵԱՆԻ
վախճանումը, որ պատահեցաւ սոյն տարուան Աւագ հինգշաբթին, 18 ապրիլ 2019-ին:
————————————–
ՄԱՀԱԶԴ
Կեսարիոյ բարեսիրական ընկերակցութիւնը կը գուժէ իր երկարամեայ վարչական անդամին`
ԼԵՒՈՆ ՃԵՐՄԱԿԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 18 ապրիլ 2019-ին:
————————————–
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Սիլվա Սէրուրեան եւ զաւակունք (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Սթիւ եւ Սալբի Աճեմեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Արմենակ եւ Անի Սէիսեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Րաֆֆի Գայայեան եւ զաւակունք
Հանգուցեալ Յովսէփ Աբոյեանի ընտանիք
Տէր եւ տիկին Վաչէ Կարապետեան եւ ընտանիք
Հանգուցեալ Սահակ Աբոյեանի ընտանիք
Տիկին Սիրանուշ Դաւիթեան եւ զաւակունք
Աբրահամեան եւ Աբոյեան ընտանիքներ
Սէրուրեան եւ Աճեմեան ընտանիքներ
Սէիսեան եւ Գայայեան ընտանիքներ
Չաքլեան եւ Հաճնլեան ընտանիքներ
Ոսկերիչեան եւ Կարապետեան ընտանիքներ
Յակոբեան եւ Տօնապետեան ընտանիքներ
Սումա եւ Ապու Ժաուտէ ընտանիքներ
Դաւիթեան եւ Մելքոնեան ընտանիքներ
Տեմիրճեան եւ Դարբինեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր, մօրաքրոջ, հօրաքրոջ եւ հարազատին`
ԱՐՇԱԼՈՅՍ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ԱԲՈՅԵԱՆ, 1937-ին)
մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 22 ապրիլ 2019-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` չորեքշաբթի, 24 ապրիլին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, ինչպէս նաեւ հինգշաբթի, 25 ապրիլին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, նոյն վայրին մէջ:
————————————–
ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ`
ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ
Չորեքշաբթի, 24 ապրիլ 2019-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ սուրբ եւ անմահ պատարագով պիտի ոգեկոչուի յիշատակը Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն սրբացեալ նահատակներուն:
Արարողութեան պիտի նախագահէ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
Պիտի պատարագէ եւ քարոզէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. ԱԼԵԷՄԷԶԵԱՆ
Առաջնորդ Լիբանանի հայոց թեմին
Նոյն օրը երեկոյեան, Պուրճ Համուտէն դէպի Անթիլիասի մայրավանք տեղի ունենալիք ժողովրդային քայլարշաւի աւարտին, Նահատակաց յուշամատրան առջեւ վեհափառ հայրապետին նախագահութեամբ տեղի պիտի ունենայ ոգեկոչման արարողութիւն եւ ապա Նորին Սրբութիւնը իր պատգամը պիտի ուղղէ ժողովուրդին:
Կոչ կ’ուղղենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն` ներկայ գտնուելու առաւօտեան սուրբ եւ անմահ պատարագին, մասնակից դառնալու քայլարշաւին, ապա մայրավանքի հաւաքին եւ իրենց արժանի յարգանքը ընծայելու մեր բիւրաւոր նահատակներու անմահ յիշատակին ու զօրակից հանդիսանալու անոնց նուիրական դատին:
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ
————————————–
ՃԻՒՆԻԻ Ս. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆ
ԵՒ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ
Կիրակի, 28 ապրիլ 2019-ին պիտի նշուի Ճիւնիի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը:
Այս առիթով պիտի մատուցուի հանդիսաւոր սուրբ պատարագ եւ ապա պիտի կատարուի մատաղի օրհնութիւն:
Արարողութեան պիտի հանդիսապետէ եւ հայրական պատգամը ուղղէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՆԱՐԵԿ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ Լիբանանի հայոց թեմին
Սկիզբ ժամերգութեան` | ժամը 8:00-ին |
Սուրբ պատարագ` | ժամը 10:00-ին |
Քարոզ` | ժամը 11:00-ին |
Մատաղի օրհնութիւն` | ժամը 12:00-ին |
Սիրով կը հրաւիրենք մեր սիրելի ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու սուրբ պատարագին եւ հաղորդուելու համար օրուան խորհուրդով:
ԱՒԱԳՈՒԹԵԱՆ ՏԻՏՂՈՍԻ ՇՆՈՐՀՈՒՄ
Ուրախութեամբ կը յայտնենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, թէ նոյն օրը, սուրբ եւ անմահ պատարագի ընթացքին աւագ քահանայի տիտղոսի շնորհում պիտի կատարուի եկեղեցւոյ հովիւ ԱՐԺԱՆԱՇՆՈՐՀ ՏԷՐ ՍԱՐԳԻՍ ՔՀՆՅ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆին:
ՃԻՒՆԻԻ, ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ, ԶԱԼՔԱՅԻ ԵՒ ՇՐՋԱԿԱՅԻՑ
Ս. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ
————————————–
Հայոց Ցեղասպանութեան 104-ամեակին առիթով
ԴԱՍԱԽՕՍԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ
Կազմակերպութեամբ` Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի հայկական աւանդներու ակումբին
Կը բանախօսէ`
ՓՐՈՖ. ԱՅՏԱ ԷՐՊԱԼ
(Քաղաքական գիտութիւններու դասախօս
Նիւ Եորքի համալսարանին մէջ եւ հեղինակ բազմաթիւ գիրքերու)
Նիւթ`
«ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ՀԵՏԶՀԵՏԷ ԶԱՐԳԱՑՈՂ` ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ
ՃԱՆԱՉՈՒՄԻ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ԵՒ ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ՄԹՆՈԼՈՐՏԸ»
Տեղի կ՛ունենայ հինգշաբթի, 25 ապրիլին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի «Էնճինիրինկ Լեքչըր Հոլ»-ին մէջ:
ՀՐԱՒԷՐ
————————————–
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ԼՕԽ-ի մեծ ընտանիքէն առյաւէտ բաժնուած, երկար տարիներ ԼՕԽ-ի գործունէութեան կամաւոր կերպով ծառայած սիրելիներուն յիշատակը յարգելու նպատակով, շաբաթ, 27 ապրիլ 2019-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ ԼՕԽ-ի ննջեցեալ բարերարներու թէ անդամուհիներու հոգւոյն պիտի կատարուի հոգեհանգստեան պաշտօն:
ԼՕԽ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
————————————–
Հովանաւորութեամբ`
ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան
Կազմակերպութեամբ`
Դաստիարակչական յանձնախումբին
«ԱՊՐԻԼԵԱՆ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ»
Խօսք կ՛առնէ`
ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ
«ՏԱՏԻԿԻՆ ԴԱՋՈՒԱԾՔՆԵՐԸ»
Վաւերագրական ժապաւէնի ցուցադրութիւն
Տեղի կ՛ունենայ երկուշաբթի, 29 ապրիլ 2019-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ, 4-րդ յարկ:
Տեղի պիտի ունենայ գեղարուեստական յայտագիր:
ՀՐԱՒԷՐ
————————————–
ՃԻՒՆԻԻ Ս. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԻՒՆ
Կիրակի, 28 ապրիլ 2019-ին կը զուգադիպի Ճիւնիի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը:
Համաձայն եկեղեցւոյս աւանդութեան, անուանակոչութեան տօնին տեղի կ՛ունենայ նաեւ մատաղի օրհնութիւն:
Այն հաւատացեալները, որոնք կը փափաքին մասնակցիլ մատաղին, ոչխարով կամ փոխան ոչխարի նուիրատուութիւն կատարել, թող բարեհաճին կապ պահել թաղականութեան գրասենեակի քարտուղարութեան կամ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներուն հետ:
Անթիլիասի գրասենեակ 04-402260
Արժ. Տ. Խաչիկ Ա. քհնյ. Միսիրեան 03-302439
Արժ. Տ. Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան 03-960479
Արժ. Տ. Սիմէոն քհնյ. Կարապետեան 03-384305
ՃԻՒՆԻԻ, ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ, ԶԱԼՔԱՅԻ ԵՒ ՇՐՋԱԿԱՅԻՑ
Ս. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ
————————————–
ԿԸ ՆՈՒԻՐԵՆ
Պետրոս Վանլեանի մահուան առիթով Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ կատարուած են հետեւեալ նուիրատուութիւնները.
Տէր եւ տիկին Ժան եւ Նելլի Ճինազեան 100$, տէր եւ տիկին Եփրեմ Շխրտըմեան 100.000 լ. ո., տէր եւ տիկին Վաչէ Ադամեան 100.000 լ. ո., տէր եւ տիկին Համբար Եսայեան 50.000 լ. ո., տէր եւ տիկին Էտի Կոստանեան 50.000 լ. ո., տիկին Սեդա Քառնապի եւ զաւակունք 100$, տէր եւ տիկին Բիւզանդ Գէորգեան 100.000 լ. ո., տէր եւ տիկին Յարութիւն Շահպազեան 100.000 լ. ո., տիար Մարք Ասմար եւ ընտանիք 100.000 լ. ո., Ժորժեթ եւ Սինթիա Ասմար 100.000 լ. ո., Գվըրեան ընտանիք 100.000 լ. ո., տէր եւ տիկին Վարուժան Աղասարգիսեան 100$, տէր եւ տիկին Բիւզանդ Պետոյեան 100.000 լ. ո., տէր եւ տիկին Ժան եւ Սօսի Նազարեան 100$, տէր եւ տիկին Ժան եւ Նելլի Մակարեան 100$, տիար Էլի Ապի Քարամ 50.000 լ. ո., տէր եւ տիկին Սարգիս Սէր Մանուկեան 30.000 լ. ո., տիար Փասքալ Պոյաճեան եւ ընտանիք 50.000 լ. ո., տէր եւ տիկին Էտուար Դաւիթեան 50.000 լ. ո., տիար Ֆատի Շաուր 50.000 լ. ո., տիկին Մէյպլ Մամիկոնեան 30.000 լ. ո.:
————————————–
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՔԱՀԼ-Ի ՀԱՅ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՆ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՕԺԱՆԴԱԿ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
ՈՒՐԲԱԹ, 3 ՄԱՅԻՍ 2019
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
«ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ»-Ի ՏԻԿՆԱՆՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐ
8 ՄԱՅԻՍ 2019
ԿԸ ԽՆԴՐՈՒԻ ՉԽԱՉԱՁԵՒԵԼ
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՊԵՐԵՃԻԿԻ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՏԻԿՆԱՆՑ
ՕԺԱՆԴԱԿ ՄԱՐՄԻՆ
BRUNCH
9 ՄԱՅԻՍ 2019
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՅԴ «ՌՈՒԲԷՆ» ԿՈՄԻՏԷԻ
ՔԱՐՈԶՉԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
ՈՒՐԲԱԹ, 10 ՄԱՅԻՍ 2019
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՅԴ «ՌՈՒԲԷՆ» ԿՈՄԻՏԷ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ
ՇԱԲԱԹ, 11 ՄԱՅԻՍ 2019
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ Մ. ԵՒ Հ. ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆ
ՏԱՐԵԿԱՆ ԸՆԹՐԻՔ
ՇԱԲԱԹ, 18 ՄԱՅԻՍ 2019
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՅԴ «ՍԱՐԴԱՐԱՊԱՏ» ԿՈՄԻՏԷ
ՄԱՅԻՍԵԱՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿՆԵՐՈՒ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ, ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ ԵՒ ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ՓԱՌԱՏՕՆ
1 ԵՒ 2 ՅՈՒՆԻՍ 2019
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՅԴ «ԱՂԲԱԼԵԱՆ» ԿՈՄԻՏԷ
ԾԱՂԿԱՁՈՐԻ ՓԱՌԱՏՕՆ 2019
8 ԵՒ 9 ՅՈՒՆԻՍ 2019
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ԶԱՒԱՐԵԱՆ ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ