Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լաւրով. «Մոսկուայի Կարծիքով` Լեռնային Ղարաբաղի Հիմնախնդիրին Հարցով Ձեռք Բերուած Վերջին Համաձայնութիւնները Պիտի Չմնան Թուղթի Վրայ»

April 18, 2019
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մոսկուան այն կարծիքը ունի, թէ ղարաբաղեան հիմնախնդիրի լուծման հարցով հայկական եւ ազրպէյճանական կողմերուն միջեւ ձեռք բերուած վերջին համաձայնութիւնները պիտի չմնան թուղթի վրայ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով:

«15 ապրիլին, Մոսկուայի մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումին իբրեւ արդիւնք, զգալով այն մթնոլորտը, որուն մէջ այժմ կ՛ընթանան աշխատանքները, հիմք ունիմ ենթադրելու, որ թէ՛ Երեւանը, թէ՛ Պաքուն շահագրգռուած են, որ այս անգամ այդ համաձայնութիւնները չմնան թուղթի վրայ, եւ մենք պիտի օգնենք ատիկա իրականացնելու», ըսած է արտաքին գործոց նախարարը իր սերպ պաշտօնակից Իվիցա Տաչիչի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:

Մամետեարով. «Մնացականեանի Հետ «Ծաւալուն Եւ Առարկայական Բանակցութիւններ» Տեղի Ունեցան

Երեքշաբթի, 16 ապրիլին, Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով, պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն, յայտարարեց, թէ մէկ օր առաջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հետ Ազրպէյճանի, Հայաստանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարներու Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան շարք մը առաջարկներ: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմենիա.ազ» կայքը:

«Ընդհանուր առմամբ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանի հետ ունեցանք շատ ծաւալուն եւ առարկայական բանակցութիւններ: Յստակ կերպով քննարկուեցան այն հարցերը, որոնք մինչեւ այսօր կը խոչընդոտէին բանակցութիւններու յառաջընթացը: Չեմ կրնար խօսիլ լիարժէք յառաջընթացի մասին, սակայն մենք կրցանք աւելի մանրամասն եւ աւելի խոր հասկնալ այն կէտերը, որոնք խնդիրներ յառաջացուցած են մեզի համար` հայկական կողմին հետ», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Անշուշտ, մէկ հանդիպումով կարելի չէ լուծել բոլոր հարցերը: Այս հանդիպման ձեռքբերումը այն էր, որ մենք հասկցանք, թէ կան այնպիսի հարցեր, զորս պէտք է լուծել: Օրինակ, Հայաստան բարձրացուց կարգավիճակի եւ ապահովութեան վերաբերեալ հարցերը, իսկ մենք` բռնագրաւեալ տարածքներէն Հայաստանի զինուած ուժերու հեռացման եւ գաղթականներու հարազատ հողերը վերադառնալու հարցերը: Քննարկումները անցան այս չորս հարցերուն շուրջ, եւ բանակցութիւնները շարունակելու որոշում տրուեցաւ»:

Ան ընդգծեց, որ հանդիպման ընթացքին կատարուեցան շարք մը առաջարկներ` քննարկումին ներկայ բոլոր կողմերէն:

Նախորդը

Խորհրդարանը Վաւերացուց Ելեկտրականութեան Տագնապի Լուծման Ծրագիրն Ու Սահմանադրական Խորհուրդ Հիմնելու Օրինագիծը

Յաջորդը

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Յայտարարութիւնը` Քոնկրեսականներու Պատուիրակութեան` Հայաստան Այցելութեան Վերաբերեալ

RelatedPosts

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»

November 7, 2026
Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի  Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ  Յաղթանակներ Արձանագրեցին
Հայկական

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.