Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խորհրդարանը Վաւերացուց Ելեկտրականութեան Տագնապի Լուծման Ծրագիրն Ու Սահմանադրական Խորհուրդ Հիմնելու Օրինագիծը

April 18, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանը երէկ գումարեց իր օրէնսդրական նիստը, որուն ընթացքին վաւերացուց ելեկտրականութեան տագնապի լուծման ծրագիրը, ինչպէս նաեւ Սահմանադրական խորհուրդը հիմնելու օրինագիծը:

Խորհրդարանը վաւերացուց նաեւ բնական արգելոցներու պահպանումին վերաբերող օրինագիծը, ինչպէս նաեւ քննարկեց Սուրի եւ Պաթրունի մէջ տնտեսական շրջաններ ստեղծելու կարելիութիւններուն մասին օրինագիծերը:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի մաղթեց, որ կառավարութիւնը երկու ամսուան ընթացքին վաւերացնէ պետական ամավարկը:

Անդրադառնալով Թրիփոլիի մէջ երեսփոխան Տիմա Ժամալիի վերընտրութեան` Պըրրի յայտնեց, որ ան կը շարունակէ անդամակցիլ խորհրդարանական այն յանձնախումբերուն, որոնց մէջ կը ծառայէր նախապէս:

Վարչապետ Սաատ Հարիրի նիստին ընթացքին պատասխանելով Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլին յայտնեց, որ ի վերջոյ ելեկտրականութեան մարզը պիտի առաջնորդուի դէպի սեփականաշնորհում:

Ան աւելցուց, որ ելեկտրականութեան տագնապի լուծման ծրագիրը վաւերացնելու նպատակը ելեկտրականութեան տագնապի լուծման ծրագիրի անմիջական գործադրութիւնն է` վերջ տալու համար այդ մարզին ստեղծած նիւթական բացին:

Հարիրի յայտնեց, որ յառաջիկայ տարուան ընթացքին ելեկտրական հոսանքին հայթայթումը պիտի հասնի 22 ժամի, իսկ նիւթական բացը պիտի նուազի 2021-ին:

Նիստէն ետք Հարիրի խորհրդարանէն յայտնեց, որ կառավարութիւնը պէտք է վաւերացնէ պետական ամավարկ մը, որ Լիբանանի պատմութեան մէջ ամէնէն աւելի նիւթական սեղմումներ պարունակող ամավարկը պիտի ըլլայ:

«Իմ պարտականութիւնս է անկեղծ ըլլալ: Մենք չենք փափաքիր սահմանափակ եկամուտ ունեցող քաղաքացիներուն աշխատավարձը կրճատել, սակայն աշխատավարձի յաւելումները պահպանելու համար պէտք է խիստ սեղմումներ կատարել` պետական կառոյցներու ընդհանուր գումարին պարագային», ըսաւ ան:

Հարիրի շեշտեց, որ Լիբանան նիւթական եւ տնտեսական փլուզման իրավիճակին մէջ չի գտնուիր, սակայն եթէ մենք համապատասխան քայլերուն չդիմենք, ապա պիտի յանգինք կացութեան մը, որուն մէջ երանելի պիտի չըլլանք:

«Պէտք է երկրին մէջ իսկական նուաճում մը իրագործենք, եւ անիկա պէտք է ըլլայ լիբանանեան պետութեան վարչութեան հաշուոյն: Ինծի համար կարեւոր է անկեղծ ըլլալ լիբանանցիներուն հետ: Հետեւաբար կը հաստատեմ, որ բոլորին աշխատավարձերը կրճատումի պիտի չենթարկուին, սակայն պէտք է պետական մարզին ծառայող պաշտօնեային ըսենք, որ չենք փափաքիր սեղմումներ կատարել, «ու անկէ տարի մը ետք եթէ տնտեսական աղէտը պատահի, ապա ի՞նչ ընենք», հարց տուաւ վարչապետ Հարիրի:

Ան շեշտեց, որ Լիբանանի տնտեսական իրավիճակը վատ է եւ պէտք է սեղմումներ որդեգրել:

Նշենք, որ վարչապետ Հարիրի կէսօրէ ետք վարչապետարանին մէջ ընդունեց լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունը` ընկերակցութեամբ բանակի Զինուորական խորհուրդի անդամներուն:

Քննարկուեցան բանակին վերաբերող հարցեր:

Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Նատա Պուսթանի շեշտեց, որ Լիբանան այլեւս ունի ելեկտրականութեան տագնապի լուծման յատուկ օրէնք մը, որուն գործադրութեամբ կրնայ լուծել երկրին դիմագրաւած ելեկտրականութեան տագնապը:

Ան նշեց, որ ինք շնորհակալութիւն յայտնած է քաղաքական անձնաւորութիւններուն` այդ ծրագիրին նկատմամբ անոնց ցուցաբերած դրական կեցուածքին ու մօտեցումին համար:

Պուսթանի ընդգծեց, որ իրենց բոլոր պահանջները վաւերացուած են` աւելցնելով, որ անոնցմէ էր թիւ 426 օրէնքի բարեփոխումը, ապա Ուժանիւթի մարզի տնօրինման խորհուրդի կազմութիւնը:

Ան շեշտեց, որ նախարարութիւնը սկսած է պատրաստել ծրագիրի գործադրութեան պայմանագիրը` ընդգծելով, որ թափանցիկութիւնը կը կայանայ այդ պայմանագիրը պետական պաշտօնաթերթին մէջ հրատարակելուն եւ նախարարութեան կայքին վրայ տեղադրելուն մէջ:

Իր կարգին, ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ պետական ամավարկը ամսական աշխատավարձի կրճատումներ չ՛ընդգրկեր:

Միւս կողմէ, Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը երէկ գործադրեց իր յայտարարած ընդհանուր գործադուլը, որուն միացան կարգ մը պետական վարժարաններ, կարգ մը կառավարական հիւանդանոցներ, ինչպէս նաեւ Ազգային լրատու գործակալութեան պաշտօնեաները:

Ռիատ Սոլհի հրապարակին վրայ նստացոյցին մասնակցած պետական պաշտօնեաներն ու պետական վարժարաններու ուսուցիչները մերժեցին իրենց աշխատավարձերը կրճատել` զգուշացնելով ժողովրդային ըմբոստութենէ մը:

Նստացոյցին ընթացքին Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմար յայտնեց, որ իրենք կը մերժեն պետական պաշտօնեաներու աշխատավարձերու կրճատումը` հաստատելով, որ այդ իրականութեան մասին լուռ պիտի չմնան:

Նախորդը

Հասան Եւ Ֆընիանոս Հետեւեցան Պէյրութի Միջազգային Օդակայանի Ընդարձակման Աշխատանքներուն

Յաջորդը

Լաւրով. «Մոսկուայի Կարծիքով` Լեռնային Ղարաբաղի Հիմնախնդիրին Հարցով Ձեռք Բերուած Վերջին Համաձայնութիւնները Պիտի Չմնան Թուղթի Վրայ»

RelatedPosts

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի  Իր Հողերուն Վերատիրանալու  Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի Իր Հողերուն Վերատիրանալու Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»

November 7, 2026
Շէյխ Խաթիպ. «Կը Զօրակցինք Երդման Ճառին»
Լիբանանեան

Շէյխ Խաթիպ Դատապարտեց Հինգ Դեսպանատուներու Հաղորդագրութիւնը

November 7, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի  Պատուիրակութիւնը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Պատուիրակութիւնը

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.