Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

April 18, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Սաատ Հարիրի երէկ հրապարակեց շրջաբերական մը, որուն հիման վրայ Աշխատաւորներու տօնին առիթով, չորեքշաբթի, 1 մայիս 2019-ին պետական բոլոր հաստատութիւններն ու քաղաքապետարանները փակ պիտի մնան:

Վարչապետ Հարիրի ստորագրեց նաեւ այլ շրջաբերական մը, որուն մէջ ճշդուեցաւ աշխատանքային յատուկ ժամանակացոյց մը` ռամատանի ընթացքին:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 98 եւ 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը սղած է 500 լ. ոսկիով, մազութինը` 100 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազի շիշին սակը նուազած է 300 լ. ոսկիով:

Այսինքն` 98 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 27.000 լ. ոսկի, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը` 26.300 լ. ոսկի, մազութինը` 18.300 լ. ոսկի, իսկ պիւթակազին շիշը` 14.700 լ. ոսկի:

ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարեկարգումի պետական նախարար Մայ Շիտիաք շեշտեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն` հասնելու համար թափանցիկ եւ բարգաւաճ պետութեան տեսլականի իրագործման:

ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ եւ ներդրումի պետական նախարար Ատել Աֆիունի յայտնեց, որ իրենց պատասխանատուութիւնն է պաշտպանել Լիբանանի քաղաղաքացիական անվտանգութիւնը: Ան հաստատեց, որ ոչ մէկ լիբանանցիի արտօնուած է այլ լիբանանցիի դէմ զէնք բարձրացնել:

ԱԶԳԱՅԻՆ երկխօսութիւն կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ֆուատ Մախզումի կոչ ուղղեց բոլորին հեռու մնալու լիբանանցիներուն միջեւ խտրութիւն սերմանող ամէն տեսակի փորձերէն:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Փիեռ Պու Ասի շեշտեց, որ իրենք հպարտ են երկիրը պաշտպանելու նպատակով Լիբանանեան ուժերուն անցեալի եւ ներկայի պատմութեամբ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի երեսփոխան Ալի Խրէյս յայտնեց, որ Դիմադրութիւնը իրաւունք է` յատկապէս բռնագրաւուած հողերը ազատագրելու նպատակով:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պահիա Հարիրի շեշտեց, որ Լիբանանի իւրայատկութիւնը կը կայանայ անոր ազատութեան, հանդուրժողականութեան եւ պատգամի երկիր ըլլալու իրականութեան մէջ:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահի ռուսական հարցերով խորհրդատու Ամալ Ապու Զէյտ յայտնեց, որ սուրիական պետութեան հետ ուղղակի հաղորդակցութիւնը կ՛օգնէ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ եւ Ամալ շարժումի հարաւային Լիբանանի պատասխանատուները ունեցան հանդիպում մը, որուն ընթացքին կոչ ուղղեցին կառավարութեան` ստանձնելու տնտեսական թղթածրարներուն վերաբերող իր պատասխանատուութիւնները:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիպքին յայտնեց, որ ամերիկեան պատժամիջոցները վնաս կը հասցնեն բոլորին` ե՛ւ Հըզպալլային ե՛ւ Իրանին:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի հաստատեց, որ Սուրիա յանձնառու է իր զաւակներու տունդարձին եւ Սուրիոյ վերաշինութեան:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ-սուրիական գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Նասրի Խուրի յայտնեց, որ լիբանանեան-սուրիական երկկողմանի յարաբերութիւնները բնականոն մնացին` հակառակ բոլոր պայմաններուն:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ եւ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ատել Ժուպէյր Մոսկուայի մէջ ունեցած են դրական հանդիպում մը:

 

 

 

Նախորդը

Պիելոռուսիա Եւ Ղազախստան Կը Մերժեն Գնել Խրիմի Մէջ Արտադրուած Ապրանքներ

Յաջորդը

Պու Սաապ Եւ Պուխարի Ընդգծեցին Երկկողմանի Յարաբերութիւնները Ամրապնդելու Կարեւորութիւնը

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Իր Տարածքին Վրայ  Ամբողջական Իշխանութեան Տարածման,  Պետութիւնը Իսկական Արժէք Չունի»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Առանց Իր Տարածքին Վրայ Ամբողջական Իշխանութեան Տարածման, Պետութիւնը Իսկական Արժէք Չունի»

October 8, 2026
Սալամ Ստիի Հետ Քննարկեց Ելեկտրականութեան  Մատակարարման Յաւելեալ Կարելիութիւնները
Լիբանանեան

Սալամ Ստիի Հետ Քննարկեց Ելեկտրականութեան Մատակարարման Յաւելեալ Կարելիութիւնները

October 8, 2026
Արաղչի. «Իրան Կը Զօրակցի Լիբանանի Հողերուն  Ամբողջականութեան Եւ Պատրաստ Է  Անոր Կայունութեան Պահպանման Նպաստելու»
Լիբանանեան

Արաղչի. «Իրան Կը Զօրակցի Լիբանանի Հողերուն Ամբողջականութեան Եւ Պատրաստ Է Անոր Կայունութեան Պահպանման Նպաստելու»

October 8, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.