Պաշտպանութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարին, որ շնորհաւորեց նախարարը` անոր ստանձնած նոր պաշտօնին առիթով:
Պու Սաապ եւ Պուխարի քննարկեցին երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները:
Պու Սաապ եւ Պուխարի անդրադարձան Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին հովանաւորութեամբ կազմուած Լիբանանեան-սէուտական թեքնիք յանձնախումբին, որուն շրջագիծին մէջ ընդգծուեցաւ երկկողմանի զինուորական գործակցութիւնը աշխուժացնող համաձայնագիրը ստորագրելու կարեւորութիւնը:



