ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Հաճոյք պիտի զգաք փոքր մանրամասնութիւններէն, որոնք նախապէս չէիք նկատեր: Պիտի ազատագրուիք ձեր մութ միտքերէն եւ ազատօրէն պիտի շնչէք:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Ձեր կարգ մը հարցերը պիտի լուծուին: Քիչ մը տագնապ պիտի զգաք այս օրերուն, բայց անիկա անցողական պիտի ըլլայ: Ձեր առողջութեան հոգ տարէք եւ արկածախնդրութեան մի՛ դիմէք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Կեանքը աւելի հետաքրքրական եւ հաճելի պիտի ըլլայ ձեզի համար: Նոր ասպարէզ մուտք պիտի գործէք: Նոր հանդիպումներ եւ ծանօթութիւններ պիտի ունենաք: Անցեալը նորէն պիտի մտնէ ձեր կեանքէն ներս:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Ձեր գաղտնիքներէն մէկը պիտի բացայայտուի: Ձեր գործերը յաջողութիւն պիտի արձանագրեն: Ձեր կատարած քննարկումները մեծապէս օգտակար պիտի դառնան ձեզի:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Առիթ պիտի ունենաք երեւան հանելու ձեր ձիրքերն ու կարողութիւնները: Նոր շրջան մը պիտի սկսիք ձեր կեանքին մէջ: Ձեր դժուարութիւնները շուտով պիտի յաղթահարէք:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Այս օրերուն կառչած մի՛ մնաք որեւէ կարծիքի: Խորհրդակցեցէք փորձառու եւ դիւանագէտ մարդոց հետ: Զիջումներ կատարեցէք, որպէսզի ձեր հարցերը լուծուին:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Ձեր նոր մթնոլորտը լեցուն պիտի ըլլայ ճնշումներով եւ մրցակցութեամբ: Նիւթական դժուարութիւններու դիմաց պիտի գտնուիք, եթէ խնայողութիւն չկատարէք:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Հաճելի եւ ուրախ մթնոլորտ մը պիտի ապրիք ձեր ընկերներուն եւ բարեկամներուն հետ: Ձեր նպատակներէն մէկը պիտի յաջողիք իրականացնել: Ուրախ լուր մը պիտի ստանաք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Դժուար պիտի ըլլայ ձեզի վարուիլ խրթին հարցերու հետ, որոնք պիտի ցցուին ձեր դիմաց: Ժամանակի ընթացքին ձեր հոգերը պիտի նուազին, եւ դուք աւելի հանգիստ պիտի զգաք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Անձնական եւ զգացական գետնի վրայ ձեր ծրագիրները պիտի քննարկէք ձեր սիրելիներուն հետ: Ձեր հարազատներէն մէկը առողջական հարց մը պիտի ունենայ:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Դրական շրջան մը պիտի ունենաք այս օրերուն: Կարեւոր որոշումներ պիտի տաք: Փոփոխութիւններ պիտի նշմարէք ձեր ընտանեկան եւ աշխատանքային կեանքին մէջ:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Պէտք է արագ կայացնէք ձեր որոշումները` նախքան ուրիշները սկսին ազդելու ձեր վրայ: Եթէ ամուսնացած չէք, սիրային նոր յարաբերութիւն մը պիտի մշակէք: