Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունը` ընկերակցութեամբ բանակի Զինուորական խորհուրդին:
Քննարկուեցան բանակին վերաբերող շարք մը հարցեր:
Այն Թինէի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Մասիմօ Մարոթթի: Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններն ու լիբանանեան ներկայ իրադարձութիւնները:
Պըրրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եան Քուպիշ: Քննարկուեցան Նիւ Եորքի մէջ անոր ունեցած հանդիպումներուն արդիւնքները, ինչպէս նաեւ Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները: