Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամազոնի Մէջ` Նոր Ցեղախումբ Մը Գտնուած Է

Մարտ 30, 2019
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Անօդաչու սարք մը թռցնելով Պրազիլի վայրի անտառին վրայ, գիտնականները գտած են մեկուսացած ցեղախումբի մը անդամները: Սակայն ասիկա անպայման լաւ լուր մը չէ:

Վայրի անտառին խորերը

Մեր աչքերուն առջեւ պարզուած նկարները առնուած են 2017 թուականին: Անոնց մէջ կը տեսնուին քանի մը անձեր, որոնք կը պտտին ամազոնեան առատ բուսականութեան բացութեան մը մէջ: Այս նկարները առնուած են անօդաչու սարքի մը միջոցով որ կը թռչէր Պրազիլի եւ Փերուի սահմանին միջեւ: Այդ շրջանը հասնելու համար Հնդիկներու ազգային հիմնարկութեան անդամներէ եւ ոստիկաններէ կազմուած խմբակ մը կտրած է 180 քմ` անցնելով գետերէ եւ կածաններէ եւ ապա աւելորդ 120 քմ` վայրի անտառին մէջ:

Ոչ մէկ հաղորդակցութիւն

Այս նկարներուն մէջ կը տեսնենք անձեր, որոնք կ՛ապրին վայրի անտառին խորերը եւ բնաւ հաղորդակցութեան մէջ չեն մտած  քաղաքակրթութեան հետ: Անոնք մեկուսացած ցեղախումբ մըն են: Անոր անդամները կ՛ապրին Ժաւարիի հովիտին մէջ, որ Պրազիլի Ամազոնաս նահանգին հարաւ-արեւելքը գտնուող շրջան մըն է, ուր հասնիլը շատ դժուար է: Այդ տարածքին վրայ է, որ գտնուած են երկրին մէջ մեկուսացած ցեղախումբերու գոյութեան փաստերուն մեծ մասը:

Վտանգուած

Հնդիկներու ազգային հիմնարկութիւնը արդէն հաղորդակցութեան մէջ մտած է այդ ժողովուրդներէն ութ խումբերու հետ եւ ունի փաստեր` նոյն շրջանին մէջ ուրիշ 11 ցեղախումբերու գոյութեան: Անոնց հետ կապ չէ հաստատուած: Սակայն հիմնարկութիւնը իր այս կապերը մեծ զգուշութեամբ կը հաստատէ, որովհետեւ այս անձերը շատ խոցելի են: Անոնք միայն վայրի անտառին մէջ ապրած  են եւ ծանօթ չեն ուրիշ ապրելակերպի:

Օրինակի համար, անոնք բնաւ «ծանօթ» չեն կրիփի եւ հարսանէթի նման հիւանդութիւններու մանրէներուն հետ: Պատահած է, որ հնդիկներ հաղորդակցութեան մէջ մտնեն հիւանդ անձերու հետ, եւ այս հիւանդութիւնը անոնց համար մահացու եղած է:

Հիմնարկութիւնը կ՛ուզէ անպայման պահպանել այս մեկուսացած ժողովուրդները եւ անոնց ապրելակերպը: Սակայն ասիկա միշտ աւելի դժուար կ՛ըլլայ ամազոնեան անտառին շահագործումին պատճառով, որովհետեւ ասիկա յաճախ անոնց կը ստիպէ տեղափոխուիլ անտառին աւելի խորերը, երբ ընկերութիւններ կու գան կտրելու իրենց բնակավայրին ծառերը: Անտառը անոնց տունն է, իսկ իրենց որսացած անասունները` իրենց սնունդը:

Աշխարհին Շուրջ

Քենիոյ Մէջ Անասուններուն
Ջուր Հայթայթող Մարդը

Քանի մը տարիներէ ի վեր Քենիան կը տառապի սաստիկ երաշտէ, եւ երկրին անասունները ծարաւէն կը սատկին: Քենիացի երկրագործ մը` Փաթրիք Քիլոնզօ Մուալուա գտած է լուծում մը` Թսավօ Ուեստ արգելոցին անասունները կենդանի պահելու:

Ջրատար յատուկ փոխադրակառք մը գործածելով` Փաթրիք սկսած է 3000 լիթր ջուր բերել շաբաթը 4 անգամ, որպէսզի այս անասունները բաւարար ջուր ունենան: Ան անդրադարձած է, որ ջուր չըլլալուն պատճառով անասունները մարդոցմէ կախեալ են: Եթէ մարդիկ անոնց ջուր չհայթայթեն, անոնք կը սատկին:

Փաթրիքը անոնց օգնելու գաղափարը կը յղանայ, երբ ամառը կ՛այցելէ արգելոց մը եւ կը նշմարէ, թէ անիկա որքա՛ն չոր է, անոր աղբիւրները ցամքած են` ծարաւ ձգելով տարածքի անասունները:

Ինչո՞ւ

… Հաւերը Ակռայ Չունին

Աւելի քան 200 միլիոն տարիներ առաջ հաւերուն «նախահայրերը» ակռաներ ունէին: Մասնագէտները կ՛ենթադրեն, թէ քանի որ հաւերը գլխաւորաբար հատիկներ կ՛ուտէին, անոնց ծնօտը կամաց-կամաց վերածուած է կտուցի, որ աւելի օգտակար է հատիկ աւարելու համար:

Հետաքրքրական.- Կոկորդիլոսները եւ հաւերը ունին նոյն նախապատմական նախահայրը, սակայն կոկորդիլոսները պահած են իրենց ակռաները:

Կը Խնդանք, Երբ Մեզ Կը Խտղտացնեն…

Որովհետեւ մեր ուղեղը մեզի կը հրահանգէ: Երբ մեզ կը խտղտացնեն, մեր մորթը կը գրգռուի եւ լուր կը ղրկէ ուղեղին, որ մեզի խնդալ կը հրահանգէ: Գիտնականներուն մեծ մասը կը մտածէ, որ մենք չենք խնդար, երբ մենք մեզ կը խտղտացնենք, որովհետեւ մեր ուղեղը անակնկալի չի գար:

Կարգ Մը Անձեր Մազեր Չունին

Ընդհանրապէս, երբ մազ մը կը թափի, ուրիշ մը կը բուսնի անոր տեղ: Սակայն երբեմն, յատկապէս` այր մարդոց պարագային, երբ մազերը աւելի կը թափին… եւ կրկին չեն բուսնիր, այս անձերը կը կոչուին «ճաղատ»:

Խխունջները Կը Լորձնոտին

Խխունջները կը տեղափոխուին շնորհիւ մեծ մկանի մէջ, որ անոնց իբրեւ ոտք կը ծառայէ: Անոնց արտադրած լորձունքը իրենց կարելիութիւնը կու տայ աւելի արագ սահելու եւ նոյնիսկ` պատերուն վրայ մագլցելու:

Հետաքրքրական փորձէ չոր մատդ ապակիի մը վրայէն սահեցնել` վրան ճնշելով. ապա նոյն գործողութիւնը կատարէ թաց մատով մը: Ջուրով աւելի դիւրին է:

Պէտք Է Պատուաստուիլ

Պատուաստումի ընթացքին հիւանդութենէ մը շատ չնչին քանակ մը կը ներարկուի մարմնին մէջ, որպէսզի մարմինը վարժուի այդ մանրէին կամ ժահրին դէմ պայքարիլ: Եթէ օր մը տուեալ անձը այդ հիւանդութենէ տառապի, մարմինը զայն պիտի ճանչնայ եւ աւելի դիւրութեամբ պիտի պայքարի անոր դէմ:

Սիրտ Մը Կը Գծենք Սէրը Ներկայացնելու Համար

Մեր սրտին տրոփումները մեր զգացումները «կը թարգմանեն»: Օրինակի համար, երբ մենք սիրահարած ենք, մեր սիրտը աւելի արագ կը տրոփէ: Հետեւաբար նախապատմական շրջանէն սկսեալ մարդիկ մտածած են, որ սիրտը զգացումներուն կեդրոնն էր (մինչ իրականութեան մէջ ուղեղն է): Այս ձեւով, ժամանակի ընթացքին անոնք զայն ընտրած են սէրը ներկայացնելու համար:

 Կտրուած Ծաղիկները Կը Թառամին…

Որովհետեւ անոնք սնունդէ կը զրկուին: Ծաղիկները պէտք ունին ջուրի եւ ուտելիքի ապրելու համար: Արմատները, ցօղուն եւ տերեւները անոնց կը հայթայթեն իրենց պէտք եղած սնունդը: Հետեւաբար, երբ մենք զանոնք կը քաղենք, ծաղիկները շատ շուտ ուտելիքի պակաս կ՛ունենան եւ կը թառամին:

 Ժամանց
Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող ութ տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու կերպարները:
Կրնա՞ս գտնել ձիուն հասցնող ճամբան:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (30 Մարտ 1969)

Յաջորդը

Սատարել Հայ Մշակոյթին

RelatedPosts

Ամառ Է.  Տաքէն Պաշտպանուինք
Մանկապատանեկան

Ամառ Է. Տաքէն Պաշտպանուինք

Յուլիս 5, 2025
Հսկայական Կէտ Մը… Լոնտոնի Մէջ
Մանկապատանեկան

Հսկայական Կէտ Մը… Լոնտոնի Մէջ

Յունիս 28, 2025
Տարուան Ամէնէն Երկար Ցերեկի Օրը` Ամառնային Արեւադարձի Օրը
Մանկապատանեկան

Տարուան Ամէնէն Երկար Ցերեկի Օրը` Ամառնային Արեւադարձի Օրը

Յունիս 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?