Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զուրապիշվիլիի Հայաստան Այցելութենէն Ետք Վրաստանի Մէջ Հայկական Եկեղեցիներու Շուրջ Վէճերը Դարձեալ Սրած Են

Մարտ 29, 2019
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլիի Հայաստան կատարած այցելութենէն ետք Վրաստանի մէջ հայկական եկեղեցիներու հարցը դարձեալ ուշադրութեան կեդրոն դարձած է. Վրաստանի մէջ հայկական եկեղեցիներու թիւին, ծագումնաբանութեան, անմխիթար վիճակին շուրջ վէճերը դարձեալ սրած են: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:

Զուրապիշվիլին Գարեգին Բ. կաթողիկոսի հետ իր հանդիպումին ընթացքին անդրադառնալով երկու դրացի երկիրներուն միջեւ տակաւին ամէնէն կնճռոտ այդ հարցին, յայտարարած էր, թէ Վրաստանն է, որ պատասխանատու է իր տարածքին մէջ պատմական յուշարձաններու վերականգնման համար, սակայն, ատիկա պէտք է կատարուի քայլ առ քայլ:

Ան առաջարկած էր գիտական փորձաքննութիւն կատարել եւ յստակացնել որոշ եկեղեցիներու ծագումնաբանութիւնը, եկեղեցւոյ ընտրութեան իրաւունքը, ինչպէս Վրաստանի նախագահը ըսած է, Հայաստանինն է:

Վիրահայոց թեմի բանբեր Սուսաննա Խաչատուրեան «Ազատութեան» «Էխօ Քաւքազա» ծրագիրի Թիֆլիսի թղթակիցին հետ զրոյցի ընթացքին յիշեցուցած է, թէ նախ` Վրաստանը չունի վերանորոգման մասին օրէնսդրութիւն, որ պիտի արտօնէ խորհրդային վարչակարգին կողմէ խլուած գոյքը վերադարձնել իսկական տիրոջ: «Իրաւաբանօրէն թեմի ցուցակին վրայ արձանագրուած չեն նոյնիսկ այսօր գործող հայկական եկեղեցիները. այդպիսի կարգավիճակ ունին թէ՛ գործող, թէ՛ չգործող, թէ՛ փլուզման եզրին յայտնուած կոթողներ», նշած է ան:

Վրացի իրաւապաշտպան Մաքօ Կաւթածէի համաձայն, Թանդոյեանց Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ շուրջ արձանագրուած զարգացումները ցոյց կու տան Վրաստանի կառավարութեան անտարբերութիւնը երկրին մէջ ապրող այլ կրօնական համայնքները յուզող խնդիրներուն նկատմամբ, բացի ատկէ` կը հերքեն կրօնական փոքրամասնութիւններու անցեալը եւ կը նպաստեն անոնց հետքերու վերացման:

19-րդ դարուն կառուցուած եկեղեցին վերադարձնելու պահանջով, ի դէպ, Վիրահայոց թեմը դիմած է դատարան: Կիսաւեր տաճարը կառավարութեան որոշումով փոխանցուած է Վրաց ուղղափառ եկեղեցւոյ` հակառակ հայերու շարունակական բողոքներուն:

Սակայն կրօնի հարցերով պետական գործակալութեան ղեկավար Զազա Վաշաքամածէ համաձայն չէ այդ քննադատութեան: Ան կը մատնանշէ վիճակագրութիւն. «2014 թուականէն Վրաստանի կառավարութիւնը չորս կրօնական համայնքներուն, ներառեալ հայկական թեմին «մասնակիօրէն փոխհատուցած է» խորհրդային վարչակարգին հասցուցած վնասները: Հայկական եկեղեցւոյ պարագային այդ փոխհատուցումը կազմած է շուրջ 225 հազար տոլար»:

Վաշաքամածէ յայտնած է, որ Վիրահայոց թեմը Վրաստանի տարածքին մէջ շուրջ 442 եկեղեցի հայկական կը նկատէ, 2014-ին այդպիսի ցանկ ներկայացուցած է` հիմնականին մէջ նշելով եկեղեցիներու գտնուելու վայրն ու անունը: Այլ ապացոյցներ, Վաշաքամածէին համաձայն, ինչպէս օրինակ, պատմական աղբիւրներ, ներկայացուած են միայն 20 եկեղեցիի պարագային:

Պաշտօնական աղբիւրներու համաձայն, Վրաստանի մէջ կը գործէ 2001 ուղղափառ եկեղեցի, 277 մզկիթ, հայկական եկեղեցւոյ 58 տաճար եւ կաթողիկէներուն պատկանող 31 եկեղեցի:

 

 

Նախորդը

Նախագահ Աուն Պալհաժի Հետ Քննարկեց Լիբանանի Յատուկ Տնտեսական Բարգաւաճման Ծրագիրներ

Յաջորդը

Ամերիկացի Քոնկրեսականները Միացած Են Արցախին Եւ Հայաստանին 100 Միլիոն Տոլարի Օգնութիւն Յատկացնելու Օրինագիծին

RelatedPosts

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
Վարչապետ Սալամ Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան
Գլխաւոր լուրեր

Վարչապետ Սալամ Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?