Խմբագրական
«Մեծագոյն Ոճրագործը»
Այսօրուան մեր երկրորդ էջը (ու քիչ մըն ալ աւելի) ամբողջութեամբ յատկացուցած ենք փաստաթուղթի մը: Չուզեցինք քանի մը օրերու վրայ երկարել անոր հրատարակութիւնը: Կ՛ուզենք, որ մէկ շունչով կարդացուի, բայց կարդացուի հանդարտութեամբ, ուշադրութեամբ:
Սովորութիւնը չունինք նման թելադրանքներու, բայց կը կարծենք, որ սովորականէն տարբեր մօտեցումի մը արժանի է այն, ինչ որ կը ներկայացուի «Ազդակ»-ի այսօրուան թիւով:
Խորհրդային Միութեան Համայնավար կուսակցութեան 20-րդ համագումարէն ետք ու յատկապէս Խրուշչովի իշխանութեան օրով խորհրդային իրաւակարգի ենթակայ ժողովուրդները սկսան քիչ մը շունչ քաշել: Այդ համագումարի ընթացքին, օրուան իշխանաւորը, սրտայոյզ ոգեկոչումներով, թուեց ոճիրները անոր, որ այսօրուան մեր հրատարակութեան հեղինակին կողմէ կը կոչուի Ռուսաստանի «նորագոյն պատմութեան մեծագոյն ոճրագործը»:
Հռչակաւոր այդ համագումարէն անցած է տասներեք տարի: Քաղաքական բեմէն անհետացած է նաեւ Խրուշչով ու ահա, ժամանակէ մը ի վեր, «մեծագոյն ոճրագործը» վերարժեւորելու փորձեր տեղի կ՛ունենան հետզհետէ աւելի պատասխանատու անձնաւորութիւններու եւ մարմիններու կողմէ: Ոչ միայն կ՛ուզեն անձը վերարժեւորել, այլ նաեւ` անոր վարչական դրութիւնը վերահաստատել: Հանդուրժողութիւնը, որ զգալի էր քանի մը տարիէ ի վեր, դարձեալ տեղ կու տայ խիստ վերաբերումի մը, որուն առաջին զոհը կը հանդիսանայ խորհրդային մտաւորականութիւնը: Սոլժենիցին ի կարգ կը հրաւիրուի, Տանիէլ եւ Սինիաւսկի կը բանտարկուին: Այլ խօսքով, դէպի ստալինականութիւն վերադարձի մը առաջին քայլերը կ՛առնուին:
Խորհրդային մտաւորականութիւնը, սակայն, ամէն միջոցի կը դիմէ, կը զարնէ ամէն դուռ` կարենալ արգիլելու համար վերահաստատումը «կասկածանքի եւ հալածանքի այն մթնոլորտին», որուն մէջ ապրեցաւ հսկայածաւալ կայսրութիւն մը ամբողջ երեսուն տարի:
Այդ մտաւորականութեան ներկայացուցիչներէն մէկն է պատմաբան Փեթըր Եաքիր` զաւակը զօրավար Եաքիրի, որ 1937-ին գնդակահարուեցաւ Կարմիր բանակի այն միւս մարաջախտին հետ, որ կը կոչուի Միխայիլ Թուխաչեւսկի: Ռուս պատմաբանը իր նամակը ուղղած է «Քոմունիստ» թերթին, որուն մէջ վերջերս կարգ մը յօդուածներ երեւցած էին պանծացնելու համար Ստալինի զինուորական արժանիքները: Իր նամակին մէջ Եաքիր, իր իսկ բառերով, կու տայ «մէկ տասը հազարերորդը Ստալինի ոճիրներուն», բայց այդ չնչին համեմատութիւնն ալ կը բաւէ, որ յետմահու երիցս մահապատիժ պահանջէ վրացի բռնատէրին դէմ:
Նամակը կարդալով` կարելի չէ չսահմռկիլ արիւնարբու բռնակալին գործած չարիքներուն առջեւ: Գիտենք, ամբողջ աշխարհ գիտէ, թէ որքա՛ն դաժան եղաւ ան, չխնայեց մինչեւ իսկ իր ընկերները եւ զանգուածային ալիքներով, իրար ետեւէ մահուան գիրկը ղրկեց տասնեակ հազարաւորներ եւ, գերագո՜յն նախատինք, կրցաւ ինքզինք երգել տալ իբրեւ բարեխնա՜մ հայր ժողովուրդներու:
Այդքան ոճիր շա՛տ է մէկ մարդու համար: Բայց այնքա՛ն անյագ էր Քրեմլինի մենատէրը, այնքա՛ն անգութ, որ միջոցը գտաւ գերազանցելու ժողովուրդներու պատմութեան բոլոր մեծ ոճրագործները:
Ապաստալինացման պայքարին առիթով, իտալական կոմկուսի երբեմնի ղեկավարը` Թոլիաթի հռչակաւոր խօսք մը ունի.
– Կարեւորը Ստալինի խենթ ըլլալը գիտնալ չէ, այլ` որոնել եւ ուսումնասիրել թերութիւնները դրութեան մը, որ ծնունդ տուաւ նման հրէշի մը»:
Այդ դրութիւնը, ոչ մէկ կասկած, պոլշեւիկեան բռնատիրութիւնն է, ոստիկանական այն վարչակարգը, որ իբրեւ համայնավարութիւն ներկայացուեցաւ Ռուսաստանի եւ անոր ենթակայ ժողովուրդներուն, եւ որուն վերահաստատման վախը Սախարովներուն, Սոլժենիցիներուն եւ Եաքիրներուն կը թելադրէ արի կեցուածք մը` նոր հալածանքներու ենթարկուելու գնով: