Եւրոպական Միութեան ղեկավարները հինգշաբթի գիշեր 8 ժամ տեւած բանակցութիւններէ ետք որոշեցին «Պրեքզիթ»-ը յետաձգել մինչեւ 22 մայիս, եթէ Բրիտանիոյ խորհրդարանը յառաջիկայ շաբաթ վաւերացնէ Բրիտանիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյի Եւրոպական Միութեան հետ գոյացուցած համաձայնութիւնը, այլապէս այդ ժամկէտը կրճատուելով կը դառնայ 12 ապրիլ, եւ Բրիտանիան պիտի ստիպուի ճշդել իր յաջորդ քայլերը, կամ ալ Եւրոպական Միութենէն հեռանայ առանց համաձայնութեան:
Նշենք, որ Մէյ պահանջած էր «Պրեքզիթ»-ը յետաձգել մինչեւ 30 յունիս:
Բրիտանիոյ վարչապետը յայտնեց, թէ բրիտանացի օրէնսդիրները այժմ «յստակ ընտրանք» մը ունին` աւելցնելով, որ «մեծ աշխատանք պիտի թափէ համաձայնութեան վաւերացման նպատակով աջակցութիւն ապահովելու համար»: