Անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնէն հեռացուած փորթուգալցի Ժոզէ Մուրինիօ յայտնեց, որ յառաջիկայ ամրան ընթացքին կ՛ուզէ վերադառնալ աշխատանքի:
Ան կը փափաքի ակումբի մը մարզիչի պաշտօնը ստանձնել եւ յառաջիկայ յունիսին վերսկսիլ աշխատանքի:
Աւարտելով իր խօսքը` ան ըսաւ, թէ հանգիստի քանի մը ամիսները եղան բաւարար:



