Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մայիլեան. «Տարածքներու Յանձնումը Արցախի Ու Հայաստանի Անվտանգութեան Համակարգի Փլուզումն Է»

Մարտ 22, 2019
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան «Ռեկնում» լրատու գործակալութեան տուած հարցազրոյցին ընթացքին, խօսելով արցախեան տագնապին առնչուած խորհրդատուութիւններու աշխուժացման մասին, նշած է, որ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ հանդիպումներու յաճախակիութիւնը առնչուած է իրարու դիրքորոշումներուն ծանօթանալու կողմերու ձգտումին:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարած է բանակցային հոլովոյթին մէջ Արցախը ներգրաւելու անհրաժեշտութեան մասին, իսկ ինք ինչպէ՞ս կը տեսնէ ատիկա, Մայիլեան ըսած է. «Նախ նշեմ, որ եռակողմանի ձեւաչափի վերականգնման հարցին մէջ Երեւանը եւ Ստեփանակերտը նոյն դիրքորոշումը ունին: Ժամանակը ցոյց տուած է, որ եռակողմանի  ձեւաչափը ամէնէն արդիւնաւէտն է: Այդ ձեւաչափով կարելի եղած է ձեռք բերել միակ զգալի արդիւնքը` կրակի դադրեցման վերաբերող 1994 թուականի եռակողմանի համաձայնագիրը, որ կնքուեցաւ Ռուսիոյ միջնորդութեամբ: Եռակողմանի բանակցային ձեւաչափի յաջողութեան բանաձեւը շատ պարզ է` կողմերէն իւրաքանչիւրը ուղղակի կերպով  կը ներկայացնէ իր շահերը եւ կը քննարկէ իր իրաւասութիւններուն մէջ եղող հարցերը»:

Ըստ անոր, նկատի ունենալով, որ հայ-ազրպէյճանական տագնապը տարածքային վէճ չէ, ուստի տարածքային զիջումներու վրայ հիմնուած լուծումները անհեռանկարային են եւ չեն արտացոլացներ տագնապին էութիւնը:

«Տարածքներու յանձնումը ո՛չ միայն Արցախի, այլեւ Հայաստանի անվտանգութեան համակարգի փլուզման տանող ուղիղ ճամբայ է», ըսած է ան` աւելցնելով, որ այդ հարցը գոյութեան նշանակութիւն ունի, ուստի պէտք է զգուշութեամբ հետեւիլ ազրպէյճանցի պատասխանատուներուն յայտարարութիւններուն  եւ չդիւրացնել այդ ռազմավարական նպատակը տանող ուղին: Ան աւելցուցած է, որ Արցախի ղեկավարութիւնը բազմիցս յայտարարած է անցեալին վերադառնալու անկարելիութեան եւ անթոյլատրելիութեան մասին:

 

 

Նախորդը

Լիբանան Այսօր Կը Դիմաւորէ Փոմփէոն, Իսկ Կառավարութիւնը Վաւերացուց Զինուորական Խորհուրդի Նշանակումները

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներու Նախագահութեան Թեկնածու Կապարտ Դարձեալ Կ՛արտայայտէ Հայամէտ Կեցուածքներ

RelatedPosts

Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում

Հոկտեմբեր 27, 2025
Վարդան Ղուկասեանի Նկատմամբ Նոր Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Վարդան Ղուկասեանի Նկատմամբ Նոր Մեղադրանք Առաջադրուած Է

Հոկտեմբեր 27, 2025
Թրամփ. «Փութին Ըսաւ, Որ Բոլորը Կը Փորձէին Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Հասնիլ, Սակայն Միայն Ես Յաջողեցայ»
Հայկական

Թրամփ. «Փութին Ըսաւ, Որ Բոլորը Կը Փորձէին Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Հասնիլ, Սակայն Միայն Ես Յաջողեցայ»

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?