Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Մարտ 20, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը յայտնեց, որ ձերբակալած է քանատական հպատակութիւն ունեցող լիբանանցի մը` Ֆ. Ժ., որ Իսրայէլի գործակալ է: Ան գործակալ դարձած է 2013-էն ի վեր եւ փորձած Հըզպալլայի զօրակցող շրջանակին մէջ ներթափանցել` ապահովական տեղեկութիւններ հաւաքելու համար ի նպաստ թշնամի Իսրայէլի:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան հաստատեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ հանդիպում մը պիտի չըլլայ, բացի հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ:

ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր հաստատեց, որ ամէն ջանք ի գործ պէտք է դրուի լիբանանեան ճարտարարուեստը զարգացնելու եւ լաւագոյնին հասցնելու:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Շամել Ռուքոզ ընդգծեց, որ փտածութեան դէմ պայքարը հաստատութենական եւ օրինական աշխատանք է` աւելցնելով, որ արդարութիւնը պէտք է համախմբէ բոլորը:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա հաստատեց, որ բնակարանային վարկեր ստանալու առումով լիբանանցի քաղաքացիներուն խիստ կարիքը կը պարտադրէ այլ տեսակի քաղաքականութիւն մը որդեգրել:

ԱԶԳԱՅԻՆ երկխօսութիւն կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ֆուատ Մախզումի կոչ ուղղեց վաւերացնելու լիբանանցի կնոջ կողմէ իր զաւկին քաղաքացիութիւն շնորհելու իրաւունքը տուող օրէնքը:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Քրիս Ռամպլինկի հետ: Հանդիպումին ընթացքին կոչ ուղղուեցաւ լիբանանեան գերիշխանութիւնը վերականգնելու եւ Լիբանանը որեւէ հոգատարութենէ դուրս բերելու:

ԱՐԺԱՆԱՊԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէ կոչ ուղղեց սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը ապահովելու ռուսական նախաձեռնութիւնը աշխուժացնելու եւ տեղահանուածներուն դէպի Սուրիա ապահով վերադարձը ապահովելու:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Ալի Ֆայեատ յայտնեց, որ 2017-էն ետք պետական հաստատութիւններուն մէջ աշխատանքի ընդունուած բոլոր պարագաները ապօրինի են:

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Սաատ Հարիրիի խորհրդատու Ամմար Հուրի յոյս յայտնեց, որ երկիրը աւելի դրական փուլ մը մուտք գործած է:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ժորժ Քորմ շեշտեց, որ «Սետր»-ի խորհրդաժողովին ծրագիրները Լիբանանի համար օգտակար չեն եւ պատճառ պիտի դառնան, որ երկրին նիւթական բացը աճ արձանագրէ:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ շեշտեց, որ սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը սուրիական տագնապի քաղաքական լուծման հետ կապելու իրականութիւնը մտահոգիչ է:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Քապաս» օրաթերթին համաձայն, քուէյթեան ապահովական ուժերը ձերբակալած են սուրիացի գործարար մը եւ անոր լիբանանցի օգնականները` Հըզպալլային անդամակցելու յանցանքով:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլայի համար երկրին քաղաքական կայունութեան պահպանումն ու կառավարութեան աշխատանքներուն աշխուժացումը առաջնահերթութիւններ են:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլա կը սերտէ Բարգաւաճման եւ վերաշինութեան խորհուրդին մէջ իր ներկայացուցիչը ունենալու կարելիութիւնները:

«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն պիտի փորձէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոն համոզել` սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին առումով Լիբանանի կեցուածքին զօրակցելու:

 

 

Նախորդը

Արցախի Հանրապետութեան Պետական Նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան Հանդիպումներ Ունեցաւ Հայ Կաթողիկէ Ու Հայ Աւետարանական Հոգեւոր Պետերուն Հետ Եւ Այցելեց Հայկազեան Համալսարան

Յաջորդը

Միքաթի Այցելեց Պըրրիի Եւ Սինիորայի

RelatedPosts

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի,  Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի, Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Նախագահ Աուն Ընդունեց Արաբական  Լիկայի Ընդհանուր Քարտուղարը
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն Ընդունեց Արաբական Լիկայի Ընդհանուր Քարտուղարը

Հոկտեմբեր 29, 2025
Խորհրդարանը Նիստ Չգումարեց  Օրինաթիւի Չգոյացման Պատճառով
Լիբանանեան

Խորհրդարանը Նիստ Չգումարեց Օրինաթիւի Չգոյացման Պատճառով

Հոկտեմբեր 29, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?