Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, յատկապէս շրջանային զարգացումները:
Միքաթի այցելեց նաեւ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ փտածութեան դէմ պայքարի մանրամասնութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Միքաթի շեշտեց, որ պէտք է փտածութեան չափանիշները ճշդել եւ փտածները պատժել, առանց խտրութեան:
Միքաթի շեշտեց, որ Լիբանան կարիքը ունի կայունութեան եւ բարգաւաճման: Ան կոչ ուղղեց քաղաքական անձնաւորութիւններուն ամէն ջանք ի գործ դնելու` լուծելու համար երկրին տնտեսական տագնապն ու երկիրը փրկելու ամէն տեսակի վտանգներէն: