Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարցազրոյց` Հայրենի Երգչուհի Սթեֆանի Քոչարեանին Հետ

Մարտ 19, 2019
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարցազրոյցը վարեց` ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ

Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներուն կազմակերպութեամբ, չորեքշաբթի, 20 մարտ 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ երաժշտական երեկոյ` կատարողութեամբ հայրենի երգչուհի Սթեֆանի Քոչարեան (սոփրանօ), դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Սիրվարդ Պոյաճեան-Սապունճեանի: Երեկոյին իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ նաեւ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի եռեակը:

Այս առիթով «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ հայրենի երգչուհիին հետ` մօտէն ծանօթանալու անոր ստեղծագործական ճանապարհին, աշխատանքներուն ու ծրագիրներուն մասին:

«ԱԶԴԱԿ».- Խօսինք 20 մարտ 2019-ին տեղի ունենալիք ձեր երաժշտական ծրագրին մասին:

ՍԹԵՖԱՆԻ ՔՈՉԱՐԵԱՆ.- Չորեքշաբթի, 20 մարտ 2019-ին տեղի պիտի ունենայ իմ մենահամերգը Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ մէջ: Դաշնամուրով ինծի պիտի ընկերակցի Սիրվարդ Պոյաճեան-Սապունճեանը: Անցեալ տարի ալ երկու համերգ տուի Սիրվարդին հետ` առաջինը` Համազգայինի «Կոմիտաս» մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ, «Վասպուրական» սրահին մէջ, իսկ երկրորդը` «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնի «Արմէնեան» սրահին մէջ: Ելոյթները շատ լաւ արձագանգ ձգեցին, եւ մենք որոշեցինք այս տարի ալ համագործակցիլ: Լայն ծրագիր պիտի ըլլայ. պիտի ներկայացնեմ հայ յօրինողներուն գործերը` Կոմիտաս, Սայաթ Նովա, Խաչատուր Աւետիսեան, Ջրբաշեան, արեւմտաեւրոպական ստեղծագործողներու ստեղծագործութիւններն ալ պիտի ընդգրկուին ծրագրին մէջ` Պախ, Կլուք, Տելիպ, Լեհար եւ այլն: Մեզի պիտի միանայ նաեւ Համազգայինի եռեակը` Յովհաննէս Գարախանեան` ջութակ, Նայիրի Ղազարեան` թաւջութակ, Սիրվարդ Պոյաճեան-Սապունճեան` դաշնամուր: Անոնք պիտի ներկայացնեն քանի մը ստեղծագործութիւն:

Իսկ 29 մարտին, «Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի տեսական նիւթերու ուսուցիչ, մայեսթրօ Կարօ Աւեսեանի «Երեք հայրէն Քուչակէն» գիրքի գինեձօնը, որուն իմ մասնակցութիւնս պիտի բերեմ մեկնաբանելով հայրէնները: Այս առիթով պիտի կատարեմ նաեւ Տիգրան Մանսուրեանի հայրէն ստեղծագործութիւնը, ինչպէս նաեւ մայեսթրօ Կարօ Աւեսեանի ստեղծագործութիւններէն` գրուած Նահապետ Քուչակի խօսքերով: Մեծ պատիւ է ինծի համար ներկայացնել Կարօ Աւեսեանի ստեղծագործութիւնները` որոնք շատ հաւնեցայ: Այս իմ չորրորդ այցելութիւնն է Լիբանան, իսկ համերգային ծրագիրներով` երկրորդը: Յոյսով եմ, որ ներկաներուն թիւը մեծ կ՛ըլլայ եւ կը վայելեն երաժշտական մեր երեկոն:

«Ա.».- Խօսինք ձեր ստեղծագործական ճանապարհին մասին:

Ս. Ք.- Ես երկու կրթութիւն ունիմ, մէկը` երաժշտութեան տեսաբան, միւսը` օփերային երգեցողութիւն: Աւարտած եմ Առնօ Բաբաջանեանի ուսումնարանը` որպէս տեսաբան եւ յօրինող: Կը զբաղիմ յօրինումով, ունիմ երգերու հաւաքածոներ: Ընդունուած եւ աւարտած եմ Երեւանի պետական երաժշտանոցը եւ ասպիրանթուրան` որպէս օփերային երգեցողութիւն: Աւարտելէս ետք զուգահեռաբար զբաղած եմ թէ՛ յօրինումով, թէ՛ երգեցողութեամբ, թէ՛ մանկավարժութեամբ: Մօտ 20 տարի դասաւանդած եմ: Ունիմ շատ լաւ երգեցողութիւն: Վերջի երկու տարին արդէն չեմ հասցներ, որովհետեւ երգեցողութեան շատ ծրագիրներ եւ շրջագայութիւններ ունիմ եւ, այսպէս, մանկավարժութիւնը մէկ կողմ ձգած եմ` մտածելով, որ քանի կրնամ, աւելի լաւ է երգեմ: Ունիմ շատ լաւ շրջանաւարտներ, որոնք շատ լաւ փառատօներու եւ մրցոյթներու կը մասնակցին եւ ընդունուած են մեր երաժշտանոցը եւ երգի թատրոնը: Շատ լուրջ զբաղած եմ մանկավարժութեամբ եւ այդ տարիներէն ունիմ մանկական երգերու քանի մը  ժողովածու: Հիմնած եմ նաեւ ծրագիր մը, որ կը կոչուի «Հայաստանեան ձայներ», որպէսզի աւելի լայն հնարաւորութիւն ըլլայ Հայաստանի մէջ դասական երգիչներուն եւ երաժիշտներուն: Ծրագիրը երկու ճիւղով գործած է եւ մինչեւ այսօր կը գործէ: Ունի ուսանողական ճիւղ, որ կ՛ընդգրկէ ուսանողները, որոնց առիթ կու տանք բեմ դուրս գալու. նոյն ատեն ծրագիրը  բարձր մասնագէտներու, օփերային երգիչներու եւ վաստակաւոր գործիչներու հետ կը համագործակցի: Երբ հիմնեցինք այս ծրագիրը, Հայաստանի մէջ ճգնաժամ էր, այդ մութ տարիներուն մարդիկ հացի խնդիր կը լուծէին, եւ դասական երաժշտութիւնը ձեւով մը մէկ կողմ դրուած էր, ոչ ոք կը հետաքրքրէր: Բայց հիմա շատ լաւ է վիճակը, բազմաթիւ համերգներ ունեցանք այդ ծրագրի շրջանակներուն մէջ` թէ՛ հրաւիրուած երաժիշտներով եւ երգիչներով, թէ՛ իմ ելոյթներով.  մօտ տասը տարուան մէջ, որպէս կազմակերպիչ,  զբաղած եմ այդ ծրագիրով, իսկ հիմա ալ չեմ հասցներ, որովհետեւ ես ալ կ՛երգեմ, եւ շատ բուռն են իմ ծրագիրները: Համարեա ամէն ամիս  տարբեր ծրագիրներ կը ներկայացնեմ: Վերջին հինգ տարուան ընթացքին քանի մը անգամ Փեթերսպուրկ հրաւիրուած եւ  այնտեղի հանրաճանաչ, աշխարհահռչակ երգիչ Շալիապիի տուն թանգարանին մէջ մենահամերգ ներկայացուցած եմ: Եղած եմ Սպանիա. այս տարի եղայ Իտալիա, ուր մասնակցեցայ թէ՛ համերգներու, թէ՛ մրցոյթ-փառատօներու:  Երեք տարուան մէջ չորս անգամ մասնակցած եմ մրցոյթներու եւ արժանացած եմ առաջին դիրքի, մէկը` Երեւան, մէկը` Սպանիա, միւսը` Իտալիա: Ըսեմ նաեւ, որ ես երկար տարիներ  երգած եմ հոգեւոր երաժշտութիւն` Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ: Այստեղ ալ կաթողիկոսարանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ քանի մը շարականով հանդէս եկայ, մեծ գոհունակութիւն ստացայ եւ շատ ազդուեցայ: Տեսէք` կայ սենեկային երգչուհի, կայ օփերային: Սենեկային երգչուհին օփերային երգեր չ՛երգեր: Ես երկուքն ալ կ՛երգեմ:

Երկու խօսք ալ կ՛ուզեմ իմ դասատուիս մասին ըսել: Ես շատ լաւ դպրոց անցած եմ երաժշտանոցին մէջ: Իմ ուսուցչուհիս` Անժելա Երուանդի Յարութիւնեանը, յայտնի յօրինող Ստեփան Ջրբաշեանի կինն է: Հրաշալի անձնաւորութիւն եղած է իմ ուսուցչուհիս: Ես իր վերջին աշակերտը եղած եմ: Ինձմէ վերջ ան աշակերտ չէ ունեցած:  34 տարի ան աշխատած է մեր օփերայի թատրոնին մէջ` որպէս մենակատար. ժողովրդական արուեստագէտի կոչում ստացած է: Ան շատ գեղեցիկ կին էր եւ մինչեւ 80 տարեկան կ՛երգէր, ունէր մեծ վարպետութիւն: Շնորհիւ իրեն` ես այսօր կայացած եմ: Ան շատ մասնագիտացած էր եւ իր դպրոցը իր աշակերտներուն տուաւ եւ ի հարկէ` ինծի: Դպրոցը, բացի օփերային երգեցողութենէն,  հնարաւորութիւն կու տայ բոլոր ժանրերը սորվելու: Ես դասաւանդած եմ թէ՛ էսդրատա, թէ՛ գուսանական,  թէ՛ ժողովրդական:

Հայաստանի մէջ մենք համագործակցած ենք ու կը շարունակենք գործակցիլ տարբեր խմբավարներու հետ: Գործակցած ենք հնագոյն երաժշտութեան համոյթ «Տաղարան»-ին հետ, Սեդրակ Երկանեանին: Համագործակցած եմ նաեւ յայտնի թաւջութակահար Արամ Թալալեանին հետ: Իմ յատուկ երախտագիտութիւնս կ՛ուզեմ յայտնել Ռուբէն Ասատրեանին, որ օփերայինի եւ սիմֆոնիքի խմբավարն է, որուն հետ շատ յաճախ համերգներ կ՛ունենամ: Մենք կ՛ունենանք նաեւ համերգներ` թանգարաններու մէջ, ուր կը կատարենք փոքրիկ համերգներ եւ կը ներկայացնենք մեր սիրուած հայ յօրինողներու ռոմանսները, երգերը` գողտրիկ մթնոլորտի մէջ: Վերջերս շատ գեղեցիկ համերգ ունեցանք Արուեստի եւ գրականութեան թանգարանին մէջ, հիանալի ծրագիր էր: Յառաջիկային ունիմ ծրագիրներ, համերգներ եւ հրաւէրներ:

«Ա.».- Ինչպէ՞ս կը գնահատէք այսօր հայ դասական երաժշտութիւնը:

Ս. Ք.- Տեսէք` մեր հայ երաժիշտները, որոնց հետ ես երկար տարիներէ կը համագործակցիմ, իրենց մակարդակով շատ աւելի բարձր կրնան ըլլալ համաշխարհային երաժիշտներէն: Համաշխարհայինն ու մերը ես հաւասար կը դասեմ, անշուշտ եթէ համաշխարհայինը լաւ է: Այս օրերուն մենք հնարաւորութիւն ունինք ԵՈՒԹԻՈՒՊ-ով լսել օտար երաժիշտները եւ մեր հայ երաժիշտները, իրականութեան մէջ ես ոչ մէկ տարբերութիւն կը գտնեմ անոնց միջեւ: Մեր հայ արուեստը եւ մշակոյթը համաշխարհային են, բայց այն պայմանները, որոնք որ տրուած են մեր արուեստագէտներուն, ի հարկէ ցանկալի կ՛ըլլար, որ աւելի լաւ ըլլային: Օրինակ` մեր վերջին համերգին հրաւիրեցինք մեր շրջանաւարտներէն դաշնակահարուհի Գայեանէ Արսլանեանը, ես կ՛ուզեմ շեշտել իր անունը, որովհետեւ այդ աղջիկը ստացաւ լաւագոյն ուսանողի կոչումը: Վահագ Վարդանեանն ալ հրաւիրեցինք, որ երիտասարդ յօրինող է, Գոռ Իսպիրեանը  երիտասարդ խմբավար է, որ կարճ ժամանակի մէջ սիմֆոնիք ծրագիր ըրաւ եւ փայլուն գործ ըրաւ:  Այսօրուան սերունդը հրաշալի սերունդ է: Ես մեծ բաւականութիւն կը ստանամ երիտասարդներու գործերով:

Մեր ազգը շատ տաղանդաւոր է: Իմ 20 աշակերտներէս 18-ը արդէն տաղանդաւոր են: Մենք ունինք մէկ հատ օփերային թատրոն եւ երկու համերգային դահլիճ, ուր կրնան համերգներ կազմակերպուիլ: Դաշտը քիչ մը քիչ է:

Այս առիթով ես յատուկ շնորհակալութիւն կ՛ուզեմ յայտնել Գագիկ Մանասեանին, որ արուեստի նուիրեալ անձնաւորութիւն է եւ Հայաստանի համար մեծ գործ կը կատարէ: Ես ուրախ եմ, որ անոր հետ կը գործակցիմ: Ան ծրագիր ունի հայ պետական ֆիլհարմոնիային մէջ եւ ամէն շաբաթ 300 աշակերտ կ՛ընդունի դպրոցներէն: Ան կը հրաւիրէ մեր յայտնի յօրինողները, խմբավարները, երաժիշտները, արուեստագէտները, որոնք աշակերտներուն կու տան տարբեր երաժշտական գիտելիքներ: Ես ալ մասնակցեցայ այդ ծրագրին եւ խօսեցայ օփերայի աշխարհին մասին, միեւնոյն ժամանակ պաստառի վրայ ցոյց տուինք աշխարհի օփերաները: Յետոյ քանի մը օփերային երգիչներով ցոյց տուինք ձայները` սոփրանօ, թենոր, պաս: Բնական է, որ երեխաները այս միջոցին երաժշտական մեծ պաշար վերցնեն իրենց հետ:

Որպէս վերջին խօսք` ըսեմ նաեւ, որ Պէյրութ այցելութեանս եւ ելոյթներուս համար մեծապէս օգտակար կը դառնայ մեզի Համազգայինը: Անչափ շնորհակալութիւն կ՛ուզեմ յայտնել Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու եւ «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի տնօրէնութեանց, որ այս հնարաւորութիւնը տուին ինծի եւ կազմակերպեցին ելոյթներս: Ես շատ սիրեցի Լիբանանն ու լիբանանահայութիւնը: Ըսեմ նաեւ, որ ամուսինիս` ջութակահար Յովհաննէս Գարախանեանին հիանալի կը վերաբերին: Ան ջութակի ուսուցիչ է Համազգայինի երաժշտանոցին մէջ: Լիբանանի մէջ մենք մեզ Երեւանի մէջ կը զգանք, եւ բնական է, որ այսքանէն ետք մենք մեծ սիրով մեր լաւագոյնը տալու աշխատինք:

 

Նախորդը

Տեսակէտ. Ո՛չ, Քաղաքական Գաղափարախօսութիւնները Ժամանակավրէպ Չեն

Յաջորդը

Առաջին Հայկական Վարժարանը. Ֆրանսական Կառավարութիւնը Մեսրոպեանին Շնորհեց «Label CELF»

RelatedPosts

Հոգեկան Սլացք Եւ Աննկարագրելի Ապրում Է Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի Սրբադասումը». Մաշտոց Թ. Ծ. Վրդ. Զահթէրեան
Հարցազրոյց

Հոգեկան Սլացք Եւ Աննկարագրելի Ապրում Է Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի Սրբադասումը». Մաշտոց Թ. Ծ. Վրդ. Զահթէրեան

Հոկտեմբեր 16, 2025
Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբ.  «Մարդը Աթլանթիսէն» Թատերախաղին Մասին Հեղինակ Վաչէ Ատրունիի Եւ Բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի Հետ Յատուկ Հարցազրոյց
Հարցազրոյց

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբ. «Մարդը Աթլանթիսէն» Թատերախաղին Մասին Հեղինակ Վաչէ Ատրունիի Եւ Բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի Հետ Յատուկ Հարցազրոյց

Հոկտեմբեր 6, 2025
Զրոյց` Իրաքահայ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Կարապետ Գալուստեանի Հետ
Հարցազրոյց

Զրոյց` Իրաքահայ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Կարապետ Գալուստեանի Հետ

Սեպտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?