Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր` երկուշաբթի, 18 մարտին, տեղի կ՛ունենայ ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Ռիատի Պէյրութ երրորդ մրցումը:
Այս մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 18:00-ին, տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:
Լիբանանի գործող ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիաս, որ առաջին մրցումին յաղթանակ մը արձանագրեց, երէկուան մրցումին բաւական անբախտ գտնուեցաւ` նկատի ունենալով, որ մրցումին առաջին քորթըրին (4′ 36″) կորսնցուց Ելենա Լիւշենքան, որ իր ոտքը վիրաւորելով ոչ միայն մրցումը չկրցաւ շարունակել, այլ փոխադրուեցաւ հիւանդանոց` բժշկական քննութիւններու ենթարկուելու համար:
Լիւշենքայի բացակայութիւնը իր վատ անդրադարձը ունեցաւ խումբին վրայ` նկատի ունենալով, որ ՀՄԸՄ-ի մարզիչ Էլենի Քափոկիաննի ծրագիր մը մշակած էր, որ խանգարուեցաւ մարզիկին վիրաւորումով: Ասոր պատճառով խումբը Ա. կիսախաղին ունեցաւ կորսուած վիճակ մը:
Սակայն Բ. կիսախաղին ՀՄԸՄ յեղաշրջեց կացութիւնը եւ հակառակ առանց օտարականի մնալուն կրցաւ բաւական իջեցնել կէտերու տարբերութիւնը, որ բարձրացած էր մինչեւ 24-ի (55-31):
ՀՄԸՄ իր ամէն կարելին ըրաւ կէտերու տարբերութիւնը բաւական մօտեցնելու, բայց մրցումին վերջնական յաղթականը եղաւ Ռիատի` 62-57 արդիւնքով (18-10, 27-12, 14-22 եւ 3-13):
ՀՄԸՄ-ի հետ երկրորդ յաղթանակը կերտելու համար այսօր բոլորիս ժամադրավայրը պիտի ըլլայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրը: