ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Ուրախ պահեր պիտի ապրիք: Բախտը ձեր կողքին պիտի ըլլայ այս օրերուն. ձեռնածալ մի՛ մնաք, այլ օգտուեցէք առիթէն: Նոր փորձառութիւն մը կամ ճամբորդութիւն մը պիտի ունենաք:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Ամպերը պիտի չքանան եւ ձեր երկնակամարը պիտի պայծառանայ: Ընկերային գետնի վրայ հաճելի պահեր պիտի ապրիք: Տեսակացութիւն մը պիտի ունենաք ձեր մէկ հարազատին հետ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Փոփոխական տրամադրութիւն մը պիտի ունենաք վիճաբանութեան մը պատճառով: Պահեցէք ձեր հաւասարակշռութիւնը, որպէսզի խաղաղ ըլլան ձեր օրերը:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Ձեր տրամադրութիւնը պիտի լաւանայ: Յարմար շրջան է` ներդրումային ծրագրի մէջ մաս կազմելու: Յաջողութեան մը համար պիտի ուրախանաք: Դիւանագիտութեամբ մօտեցէք ձեր բոլոր հարցերուն:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Ամսուան ամէնէն բախտաւոր օրերէն մէկն է: Պայմանները ի շահ ձեզի պիտի փոխուին: Անշարժ մի՛ մնաք, աշխատեցէք օգտուիլ ձեզի տրուած առիթներէն:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Որոշ ուղղութիւն մը պիտի բռնէք ձեր գործին մէջ` հասնելու համար ձեր նպատակներուն: Քննարկելու եւ զրուցելու մեծ կարողութիւն ունիք, զայն օգտագործեցէք:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Յստակացուցէք ձեր խօսքը եւ պատրաստ եղէք որեւէ անակնկալի` ձեր գործին մէջ: Ընտանեկան գետնի վրայ նեղութիւն մը պիտի ունենաք, բայց շուտով ձեր բոլոր հարցերը պիտի լուծուին:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Նիւթական հարց մը պիտի լուծէք: Քննութեան շրջան է, լաւ պատրաստուեցէք: Մի՛ թերանաք ձեր պարտականութիւններուն մէջ: Տնային նորոգութիւններ պիտի կատարէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Ամսուան ուրախ օրերէն մէկն է: Այս օրերուն անկարելի բան պիտի չունենաք: Ձեր բոլոր հարցերը պիտի լուծուին: Հաճելի լուր մը պիտի ուրախացնէ ձեր սիրտը: Նոր գործ մը պիտի սկսիք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Պէտք ունիք խորհուրդ ու խրատ լսելու մասնագէտներէն: Յուսահատեցնող շրջան մըն է, բայց լաւատես եղէք, որպէսզի յաղթահարէք դժուարութիւնները:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Առօրեայ ձեր պարտականութիւնները լիուլի կատարեցէք եւ թերացում մի՛ արձանագրէք ձեր գործին մէջ: Կանուխ սկսեցէք ձեր օրը, որպէզի ժամանակ շահիք:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Ձեր ճամբորդութիւնները եւ աշխատանքային հանդիպումները պիտի շատնան: Հինէն մնացած հարցերու լուծում պիտի գտնէք: Պիտի յաջողիք ձեր նամակը հասցնել ձեր մրցակիցին:
