Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յայտարարութիւններ ( 15 Մարտ 2019)

Մարտ 15, 2019
| Յայտարարութիւններ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱՀԱԶԴ

Արժ. Տ. Նարեկ քհնյ. Փեհլիվանեան եւ ընտանիք (Լոս Անճելըս)
Տէր եւ տիկին Արա Փեհլիվանեան եւ դուստրը
Տէր եւ տիկին Պօղոս Տօնապետեան եւ զաւակունք
Տիկին Էլիզապեթ Փեհլիվանեան եւ զաւակունք
Տիար Լիպարիտ եւ օրդ. Աստղիկ Փեհլիվանեան
Փեհլիվանեան եւ Տօնապետեան ընտանիքներ
Կարապետեան եւ Աւագեան ընտանիքներ
Խուրի ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր, զոքանչին, մօրաքրոջ, հօրեղբօր կնոջ եւ հարազատին`

ՏԻՐԱՄԱՅՐ ՀԱՅԿՈՒՀԻ ՓԵՀԼԻՎԱՆԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ՃԻՒՎԷԼԷՔԵԱՆ, 1922-ին)

մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 13 մարտ 2019-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի շաբաթ, 16 մարտին, կէսօրէ ետք ժամը 2:30-ին, Հայաշէնի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, Հայաշէնի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ «Պէաթրիս Պուճաքճեան» սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, իսկ կիրակի, 17 մարտին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, նոյն վայրին մէջ:

ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել եկեղեցւոյ:

—————————————

ՀՄԸՄ-Ի ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ

ԱՆԴԱՄԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ

ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղի Անդամական ընդհանուր ժողովը տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, 15 մարտ 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի ակումբին մէջ:

ԾԱՆՕԹ.- Ներկաներուն թիւը մեծամասնութիւն պիտի նկատուի երեկոյեան ժամը 8:30-ին:

ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

—————————————

ՏԱՐԵԿԱՆ ԿՈՉ «ԶՈՒԱՐԹՆՈՑ» ԿԵԴՐՈՆԻ
1 ՄԱՐՏ 2019
«ԲՈԼՈ՛ՐՍ` ԴԵՐԱԿԱՏԱՐՆԵՐ»

Երբ բազմաթիւ մանր աւազահատիկներ շաղախուին զանազան չափի խճաքարերով եւ սիրոյ աւիւնով, կը կառուցեն այն տունը, ուր իւրաքանչիւրը կ՛ընդունուի իր տարբերութիւններով:

Սիրելի՛ հայորդիներ,

Ուրախութեամբ կու գանք յայտնելու, թէ շնորհիւ ձեր երկար տարիներու վստահութեան եւ քաջալերանքին, ինչպէս նաեւ սրտակից հաստատութիւններու եւ բարեկամներու նիւթական եւ բարոյական աջակցութեան, ընթացիկ կրթական տարեշրջանի աւարտին կարելի պիտի ըլլայ հանրութեան ներկայացնել բծախնդիր աշխատանքի պտուղ` նպատակայարմար եւ մասնագիտական միջոցներով օժտուած կառոյց մը: Վայր մը, ուր պիտի կիրարկուի կեդրոնի դաստիարակչական ընդլայնուած նոր ծրագիրը:

Համոզուած ենք, որ մեզմէ իւրաքանչիւրին, մեծին թէ փոքրին հոգիին մէջ արձագանգ կը գտնէ մեր կեդրոնի աշակերտներուն գոհունակ ժպիտն ու խանդաղատանքը: Այս սիրոյ կայծերը պիտի ջանան մեզմէ իւրաքանչիւրին բերած աւազի հատիկները եւ խճաքարերը շաղախելով` կառուցել անշահախնդիր սիրոյ մեր վերանորոգ կրթական կառոյցը:

Շնորհակալութիւն ձեր երկար տարիներու անվերապահ աջակցութեան:

ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ

Հեռաձայն` 01-257631                   Ե-նամակ.- zvartnotz@hotmail.com

—————————————

ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ

ՅՈՎՍԷՓ ՄԻՆԱՍ ԳԱԼԱՅՃԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 17 մարտ 2019-ին, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:

—————————————

ԿԵՍԱՐԻՈՅ ԲԱՐԵՍԻՐԱԿԱՆ ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱՆԴԱՄԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ

Կեսարիոյ բարեսիրական ընկերակցութեան վարչութիւնը իր հայրենակիցները կը հրաւիրէ Ընդհանուր Անդամական ժողովի, որուն ընթացքին պիտի կայանայ նաեւ նոր վարչական կազմի ընտրութիւն:

Ժողովը տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 17 մարտ 2019-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, ընկերակցութեան կեդրոնին մէջ, Զալքա:

ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

—————————————

ԿԸ ՆՈՒԻՐԵՆ

Ռիթա Պալեան-Պապուքեանի մահուան առիթով փոխան ծաղկեպսակի Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ կատարուած են հետեւեալ նուիրատուութիւնները.

Տիար Վահան Շամմասեան 10$, տոքթ. Սահակ Քէշիշեան եւ ընտանիք 50.000 լ. ո., տէր եւ տիկին Յակոբ Առաքելեան 30.000 լ. ո., տէր եւ տիկին Յարութիւն Քէշիշեան 30.000 լ. ո., տէր եւ տիկին Վարդան Օսմանեան 30.000 լ. ո., տէր եւ տիկին Յարութիւն Գալայճեան 30.000 լ. ո., տէր եւ տիկին Յակոբ Եսայեան 20.000 լ. ո., տէր եւ տիկին Մունիր Պաաքլինի 20.000 լ. ո., տիար Գօգօ Թորոսեան 20.000 լ. ո., տիկին Սուրիա Սուքար 20.000 լ. ո., տէր եւ տիկին Տիգրան Գարակաւորեան 20.000 լ. ո., տիար Աւետիս Թորոսեան 20.000 լ. ո., տէր եւ տիկին Սեւակ Նալպանտեան 20.000 լ. ո.:

—————————————

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՀՅԴ «ՆԻԿՈԼ ԱՂԲԱԼԵԱՆ» ԿՈՄԻՏԷ

ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ -ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ

23 ՄԱՐՏ 2019

—————————————

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՀԲԸՄ-ԼԻԲԱՆԱՆ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԵՐՈՒ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ

ՄԻՋԻՆՔԻ ՃԱՇ

ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ, 27 ՄԱՐՏ 2019

—————————————

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆ

ՄԻՋԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ԽՐԱԽՃԱՆՔ

ՇԱԲԱԹ, 30 ՄԱՐՏ 2019

—————————————

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ԿՈՄԻՏԱՍ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ

ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ-ԵՐԳԱՀԱՆԴԷՍ

ՇԱԲԱԹ, 30 ՄԱՐՏ 2019

—————————————

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԳՈԼԷՃ

ՀԱՄԵՐԳ

ԿԻՐԱԿԻ, 31 ՄԱՐՏ 2019

—————————————

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՔԱՀԼ-Ի ՀԱՅ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՆ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՕԺԱՆԴԱԿ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

ՈՒՐԲԱԹ, 3 ՄԱՅԻՍ 2019

—————————————

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

«ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ»-Ի ՏԻԿՆԱՆՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ

ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐ

8 ՄԱՅԻՍ 2019

ԿԸ ԽՆԴՐՈՒԻ ՉԽԱՉԱՁԵՒԵԼ

—————————————

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՊԵՐԵՃԻԿԻ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՏԻԿՆԱՆՑ
ՕԺԱՆԴԱԿ ՄԱՐՄԻՆ

BRUNCH

9 ՄԱՅԻՍ 2019

 

Նախորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Յաղթեց Սաժեսին (89-82) Եւ Գրաւեց Ընդհանուր Դասաւորման Երկրորդ Դիրքը

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Յայտարարութիւններ

Յայտարարութիւններ (28 Հոկտեմբեր 2025)

Հոկտեմբեր 28, 2025
Յայտարարութիւններ

Յայտարարութիւններ (23 Հոկտեմբեր 2025)

Հոկտեմբեր 23, 2025
Յայտարարութիւններ

Յայտարարութիւններ (22 Հոկտեմբեր 2025)

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?