Հայ Արուեստին
Յատկանիշները
Արտասահմանի մէջ արուեստի եւ գրականութեան մեր մշակները անխուսափելիօրէն ենթակայ են օտար ոճի եւ ձեւերու ազդեցութեան: Իբրեւ մեղադրանք չենք մատնանշեր այս երեւոյթը, որ միջավայրի եւ պայմաններու պարտադրանքէն կը ծնի: Կրնայ նոյնիսկ իր բարերար ազդեցութիւնները ունենալ` վերանորոգելով եւ ընդլայնելով մեր արտայայտութեան եղանակները:
Արուեստի ոչ մէկ ստեղծագործութիւն տեւաբար հինը չի կրնար կրկնել: Կրկնութիւնը թշնամի է յառաջդիմութեան: Հինէն հրաժարելու եւ նորը գտնելու պահանջը կեանքին բնական տագնապն է եւ` գեղեցիկը նուաճելու անվախճան արշաւը:
Շատ լաւ կ՛ըմբռնենք մեր երիտասարդ տղոց խարխափումները արուեստի եւ գրականութեան նորագոյն ճամբաներուն մէջ: Զարտուղի արահետներու արկածախնդրութիւնը յաճախ ամէնէն փորձիչ քաշողականութիւնը կը ներկայացնէ:
Սակայն, բոլոր արկածախնդրութեանց պէս, արուեստի եւ գրականութեան սահմանազանցումներն ալ իրենց վտանգը ունին: Եւ լո՛ւրջ վտանգը: Կրնան հայ գրողին եւ արուեստագէտին դէմքը այնպէս մը այլափոխել, որ ան թէ՛ իր հարազատներուն եւ թէ՛ օտարներուն համար անճանաչելի դառնայ: Ուրիշ խօսքով` կորսնցնէ իր ինքնութիւնը, իր ինքնուրոյնութիւնը, իր հարազատութիւնը, դառնալով յաճախ տժգոյն մէկ նմանակը այս ու այն համբաւեալ օտար անունին: Ահա թէ ինչո՛ւ ամէն արուեստագէտ, որ ճամբայ կ՛իյնայ նոր ձեւով նոր բան ըսելու առաջադրութեամբ, պէտք է նոյն ատեն ունկնդիր ըլլայ արեան ու պատմութեան ուղիով իրեն հասած ներքին ձայնին:
Այդ ձայնն է ահա, որ ժողովուրդի մը տարբեր խառնուածքներու տէր այլադէմ արուեստագէտները կ՛օժտէ նոյն հիմնական յատկանիշներով եւ արուեստները կը դրոշմէ ազգային յատուկ նկարագիրներով:
Ֆրանսացի մեծ գրողներէն ոչ մէկը կը նմանի միւսին, բայց եւ այնպէս ֆրանսական գրականութիւնը, ընդհանուր առումով, ունի՞ ազգային իր հիմնական գիծերը, որոնք զինք կը զատորոշեն անգլիականէն կամ գերմանականէն:
Արդ, հայ գրականութիւնը եւ առհասարակ հայ արուեստն ալ ունի՞ արդեօք բնորոշ նկարագիր մը: Եւ եթէ ունի, որո՞նք են ամէնէն ցայտուն յատկանիշները:
Խորունկ եւ ընդարձակ ուսումնասիրութեան կը կարօտի այս հարցին պարզաբանումը` գիտական ճշգրտութեամբ: Այսուհանդերձ, հայ եւ օտար մասնագէտներու զանազան առիթներով յայտնած կարծիքները համադրելով` կրնանք արուեստի հայ ոճը բնորոշել հետեւեալ գլխաւոր յատկութիւններով:
Ամէն բանէ առաջ հայ գրականութեան, երաժշտութեան, ճարտարապետութեան եւ մանրանկարչութեան լաւագոյն նմուշները ուշադրութիւն կը գրաւեն իրենց պարզութեամբ: Հայ միտքն ու հոգին հինէն ի վեր սիրած են պարզը` առանց մթաստուեր բարդութիւններու: Եւ ճիշդ ատոր համար ալ անշուշտ հայ հոգիին արտայայտութիւնները յստակ են, պայծառ` երկինքի խորունկ կապոյտին պէս:
Ինչ որ յստակ է, խոր չէ անպայման, եւ ինչ որ խորունկ է, կրնայ եւ բարդ ըլլալ: Հայ հանճարը յաջողած է պարզութեամբ եւ յստակութեամբ հասնիլ հոգեկան աշխարհի անխոյզ խորութիւններուն: Եւ այս իսկ է հիմնական առանձնայատկութիւններէն մին մեր բանաստեղծութեան եւ միւս արուեստներուն:
Օրինակ մը տուած ըլլալու համար յիշենք մեր ժողովրդական երգերը եւ քուչակեան տաղերը, որոնք չորս տողով եւ բիւրեղային յստակութեան հասած պատկերով մը մեր աչքերուն եւ հոգիին առջեւ կը բանան կարօտի, սիրոյ կամ վիշտի անհուն խորութիւններ:
Նոյնը չէ՞ պարագան ճարտարապետական հայ արուեստին համար: Որքա՜ն պարզ են մեր հոյակապ տաճարները, որքա՜ն յստակ` անոնց բոլոր գիծերը: Բայց այդ պարզութիւնը տարօրինակ գեղեցկութիւն մը կը հագուի եւ վեհափառ շուքով մը կ՛անջատուի հասարակէն եւ սովորականէն: Հոս է արդէն արուեստին հրաշքը: Մնալ պարզ, բայց` նուաճել ներշնչումին բարձրագոյն իրագործումները:
Հայ գրականութեան եւ արուեստին երկրորդ հիմնական յատկանիշը անոր հիւսուածքին ժուժկալութիւնն է: Աւելի ճիշդ պիտի ըլլար թերեւս ըսել` խտութիւնը: Ո՛չ մէկ զարդարանք, ո՛չ մէկ պերճանք ու շռայլութիւն: Մեր պապերը բառերու, գոյներու, գիծերու կամ քարերու նուազագոյն անհրաժեշտը բաւարար համարած են սեւեռելու համար իրենց լուսաբաղձ ապրումները: Հայ ճաշակը չէ սիրած այն, ինչ որ խճողուած է զարդարուն հարստութեամբ:
Ժուժկալութեան այս հակումը հայ արուեստագէտներուն շնորհած է չափի ու կշիռի սքանչելի զգայարանք մը, որուն շնորհները կ՛երեւին ոչ միայն մեր ճարտարապետական կոթողներուն վրայ, այլ նաեւ` մեր անգիր բանահիւսութեան նմուշներէն սկսեալ մինչեւ արդի գրականութեան յաջողագոյն քերթուածներուն մէջ: Հայ միտքը կը սիրէ առողջ հաւասարակշռութիւնը եւ գիտէ կարգաւոր ամբողջի մը մէջ պարփակել երեւակայութեան ամէնէն անսանձ թռիչքները:
Յիշեցինք հիմնական մէկ-երկու գիծեր միայն: Աւելի խորանալով` հայ արուեստը բնորոշող այլ յատկանիշներ ալ կարելի է գտնել: Այս գիծերը չենք ներկայացներ անպայման իբրեւ առաւելութիւն: Գուցէ գտնուին մարդիկ, որոնք զանոնք թերութիւն եւ աղքատութիւն համարեն: Ատիկա ուրիշ հարց է:
Կը բաւէ, որ սփիւռքի մեր ճշմարիտ գրողներն ու արուեստագէտները հայ հանճարի արտայայտութեան ոճը ճանչնան իր իսկական պատկերով:
Մ. ԻՇԽԱՆ
Մեծ Պահոց Միջինք
Վեհափառ Հայրապետը
Ս. Նշանի Մէջ
Մեծ պահոց միջինքին առիթով, չորեքշաբթի, 12 մարտ, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ արեւագալի հանդիսաւոր ժամերգութիւն` հանդիսապետութեամբ Խորէն Ա. կաթողիկոսի:
Վեհափառ հայրապետը իր ժամանումին արժանացաւ շքեղ ընդունելութեան: Դիմաւորուեցաւ առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոսի, եկեղեցւոյ քահանայից դասի, Թաղական խորհուրդի, եկեղեցւոյ աղքատախնամի, տիկնանց միութեան, դպրաց դասի, Ազգ. Ս. Խանամիրեան քոլեճի տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմի եւ աշակերտութեան կողմէ:
Օրուան խորհուրդով հաղորդուելու համար հաւատացեալներու խուռներամ բազմութիւն մը ծայրէ ծայր լեցուցած էր եկեղեցին:
Արեւագալի ժամերգութիւնը երգուեցաւ դպրեվանքի ժառանգաւորներուն կողմէ:
Քարոզեց վեհափառ հայրապետը: Աւելի պատգամ ուղղեց հաւատացեալներուն` ամուր պահելու իրենց դարաւոր հաւատքը եւ զգուշանալու մերօրեայ աղանդաւորներէն, որոնք մուտք գործելով տուներէն ներս` իր քրիստոնէական հաւատքին համար ամէնէն աւելի նահատակներ տուած մեր հաւատացեալ ժողովուրդին կ՛ուզեն քրիստոնէութիւն քարոզել:
Ժամերգութենէն ետք, աւանդութիւն դարձած սովորութեամբ, եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդը կազմակերպած էր միջինքի յատուկ հացկերոյթ, որ տեղի ունեցաւ Ս. Խանամիրեան քոլեճի ճաշասրահին մէջ` մասնակցութեամբ վեհափառ հայրապետին, առաջնորդ սրբազանին, Թեհրանի հայոց առաջնորդ Արտակ արքեպիսկոպոսին, դրան եպիսկոպոս Գարեգին եպիսկոպոսի, վարդապետներու, քահանաներու, թաղական խորհուրդի, աղքատախնամի, եկեղեցասէր տիկնանց միութեան, դպրաց դասի վարչութեանց անդամներուն եւ դպրեվանքի ժառանգաւորներուն:
Տաճատ արքեպիսկոս բարի գալուստի եւ շնորհակալութեան խօսք ուղղեց վեհափառ հօր:
Թաղական խորհուրդին կողմէ ուղերձ կարդաց Զաւէն Ղօչախեանը: Ան ընդգծեց վեհափառ հօր արժանիքները, յատկապէս` իբրեւ շինարար կաթողիկոս:
Արտակ արքեպիսկոպոս շնորհակալութեան խօսք ուղղեց վեհափառ հօր` կաթողիկոսարանէն ներս անոր կատարած շինարարական գեղեցիկ իրագործումներուն եւ հետապնդած ազգանուէր նպատակներուն համար:
Գարեգին եպիսկոպոս անդրադարձաւ վեհափառ հօր այնքա՜ն էական ու կարեւոր պատգամին: Ընդգծեց յատկապէս, որ աղանդաւորներուն դէմ պէտք է պայքարիլ ոչ թէ աւանդական հաւատքով, այլ` գիտակցական հաւատքով:
Եկեղեցասէր տիկնանց միութեան վարչութեան ատենապետ Էօժենի Պալեանը քաջառողջութեան եւ արեւշատութեան սրտագին խօսք ուղղեց վեհափառ հօր: Մաղթեց յաջողութիւն` անոր յառաջիկայ առաքելութեանց:
Տեղի ունեցան խմբերգներ: Սիրալիր մթնոլորտի մը մէջ հացկերոյթը վերջ գտաւ վեհափառ հայրապետի «Պահպանիչ»-ով:
ՀՐԱԶԴԱՆ