ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Վարչական նոր տնօրինումներ տեղի պիտի ունենան ձեր գործատեղիին մէջ: Անհոգ մի՛ գտնուիք ձեր առողջութեան նկատմամբ: Բախտէ զուրկ շրջան մըն է, ուշադիր եղէք:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Օրէնքները յարգեցէք եւ ձեր ջիղերուն տէր եղէք: Հանդարտեցէք, որպէսզի կարենաք տրամաբանութեամբ մտածել: Յարմար շրջան է հանդիպումներ կազմակերպելու ձեր բարեկամներուն հետ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Մեծ դեր պիտի խաղաք մթնոլորտը հանդարտեցնելու մէջ: Ճամբորդութիւն մը պիտի կատարէք, որուն ընթացքին լաւապէս պիտի հանգստանաք: Նոր սննդականոնի մը պիտի հետեւիք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Հեռու մնացէք վիճաբանութենէ եւ անտեղի հակառակութիւններէ: Պիտի նեղանաք ձեր մէկ բարեկամի վատ արտայայտութենէն` ձեր նկատմամբ: Շատ գործեր պիտի ունենաք եւ պիտի չկարենաք հանգիստ ընել:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Կը ծրագրէք ուրախ անակնկալ մը մատուցել ձեր ընտանիքին: Փոփոխութիւն մը պիտի մտցնէք ձեր առօրեայ կեանքին մէջ: Լաւատես եղէք եւ ամէն բան դրական պիտի ըլլայ ձեր շուրջը:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Այս օրերը հանդարտ օրեր պիտի չըլլան: Անձնական եւ ընտանեկան մտահոգութիւններ պիտի ունենաք: Առողջական հարց մը պիտի ունենաք, որ շուտով պիտի լուծուի:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Տնային նորոգութիւններու համար որոշ գումար մը պիտի ծախսէք: Դասաւորեցէք ձեր ծախսերը, որպէսզի նիթական նեղութիւն չունենաք: Խրախճանքի մը մասնակցելու հրաւէր պիտի ստանաք:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Երջանիկ անձ մը պիտի դառնաք այս օրերուն: Ձեր հին էջերէն մէկը պիտի ծալէք: Ամսուան ուրախ օրերէն մէկն է: Յաջողութիւն մը պիտի արձանագրէք ձեր աշխատանքային կեանքին մէջ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Պիտի գանգատիք ձեր գործերու ուշացումէն: Բախտէ զուրկ շրջան մըն է: Մի՛ աճապարէք որոշում տալու մէջ: Պիտի յուսահատիք, բայց ձեր յոյսը վաղուան օրուան հանդէպ բնաւ մի՛ կորսնցնէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Յարմար շրջան է` հասկցուելու ձեր ընկերներուն հետ եւ ամրապնդելու ձեր ընկերային յարաբերութիւնները: Աշխատանքային գետնի վրայ տագնապալից շրջան մը պիտի ունենաք:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Դրական եւ ճկուն եղէք ձեր կեանքի ընթացքին: Բոլորովին հեռու մնացէք վիճաբանութիւններէ եւ գանգատներէ: Ձեր առողջութեան հոգ տարէք:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Ձեր հանդիպումները եւ ճանապարհորդութիւնները պիտի շատնան: Յարմար շրջան է` մասնակցելու խորհրդաժողովի մը: Հինէն մնացած հարց մը պիտի լուծէք: