ՀՍԿՈՒՄԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ`
ՊԻՔՖԱՅԱՅԻ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՄԱՏՐԱՆ ՄԷՋ
Դպրեվանքի տեսչութիւնը հաւատացեալ ժողովուրդի զաւակներուն ուշադրութեան կը յանձնէ, թէ քառասնօրեայ պահեցողութեան ընթացքին ամէն ուրբաթ երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին մատրան մէջ տեղի պիտի ունենան հսկումի արարողութիւններ:
Սիրով կը հրաւիրենք բոլոր հաւատացեալները` մասնակցելու հսկումի հոգեյոյզ արարողութիւններուն եւ աղօթակցելու դպրեվանեցիներուն:
ՏԵՍՉՈՒԹԻՒՆ ԴՊՐԵՎԱՆՈՒՑ
—————————————
ՀՍԿՈՒՄԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ
ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Ուրախութեամբ կը յայտնենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, թէ այսօր` չորեքշաբթի, 13 մարտ 2019-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, տեղի պիտի ունենայ Հսկումի արարողութիւն` Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ:
Յընթացս արարողութեան պիտի պատգամէ`
ՀՈԳՇ. Տ. ՇՆՈՐՀՔ ՎՐԴ. ԱՇԸԳԵԱՆ
Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու սոյն հոգեպարար արարողութեան:
ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
—————————————
«ՎԱՆԱՅ ՁԱՅՆ»
«ՃԻՇԴ ՀՆՉԵՆՔ»
Հովանաւորութեամբ Մարաշի հայրենակցական միութեան, «Վանայ Ձայն»-էն ունկնդրեցէ՛ք «Ճիշդ հնչենք» յայտագիրը` կիրակի, 17 մարտին, կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին:
Այս շաբթուան մասնակից վարժարաններն են`
1.- Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան
2.- Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարան
3.- ՀԲԸՄ-ի վարժարաններ
Յայտագիրը կը պատրաստէ եւ կը ներկայացնէ ՀՈՒՐԻ ՓԱՓԱԶԵԱՆ-ԷՄՄԻԵԱՆ:
—————————————
ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Համահայկական ամառնային 7-րդ խաղերը տեղի պիտի ունենան 5-17 օգոստոս 2019-ին, Հայաստանի մէջ: Մարզախաղերուն կրնան մասնակցիլ 16 տարեկան եւ վեր բոլոր հայ մարզիկները:
Մարզախաղերը պիտի ընդգրկեն հետեւեալ մարզաձեւերը` իրենց բաժանմունքներով.
– Պասքեթպոլ (տղոց եւ աղջկանց), ֆութպոլ (տղոց), մինի ֆութպոլ (տղոց), վոլիպոլ (տղոց եւ աղջկանց), փինկ փոնկ (տղոց եւ աղջկանց), լող (տղոց եւ աղջըկանց), ճատրակ (տղոց եւ աղջկանց), թենիս (տղոց եւ աղջկանց), աթլեթիզմ (տղոց եւ աղջկանց), պետմինթըն (տղոց եւ աղջկանց), բազկամարտ (տղոց եւ աղջըկանց), կոլֆ (տղոց եւ աղջկանց), հենտպոլ (տղոց եւ աղջկանց), հեծելարշաւ (տղոց եւ աղջկանց), հրաձգութիւն (տղոց եւ աղջկանց), մարզական պարեր (տղոց եւ աղջկանց):
Բոլոր այն անհատները եւ խումբերը, որոնք կ՛ուզեն մասնակցութիւն բերել խաղերուն, պարտին դիմել ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան:
Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար հեռաձայնել մինչեւ 15 մարտ 2019` 01/261108 թիւին, կէսօրէ ետք ժամը 6:00-էն 8:00:
ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻ
—————————————
ԳՈՐԾ ԿԸ ՓՆՏՌԷ
Տարեցներու եւ հիւանդներու հոգատարութիւն:
Դիմել` հեռ. 76-695869:
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՅԴ «ՆԻԿՈԼ ԱՂԲԱԼԵԱՆ» ԿՈՄԻՏԷ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ -ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ
23 ՄԱՐՏ 2019
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀԲԸՄ-ԼԻԲԱՆԱՆ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԵՐՈՒ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ
ՄԻՋԻՆՔԻ ՃԱՇ
ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ, 27 ՄԱՐՏ 2019
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆ
ՄԻՋԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ԽՐԱԽՃԱՆՔ
ՇԱԲԱԹ, 30 ՄԱՐՏ 2019
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ԿՈՄԻՏԱՍ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ-ԵՐԳԱՀԱՆԴԷՍ
ՇԱԲԱԹ, 30 ՄԱՐՏ 2019
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԳՈԼԷՃ
ՀԱՄԵՐԳ
ԿԻՐԱԿԻ, 31 ՄԱՐՏ 2019
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՔԱՀԼ-Ի ՀԱՅ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՆ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՕԺԱՆԴԱԿ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
ՈՒՐԲԱԹ, 3 ՄԱՅԻՍ 2019
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
«ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ»-Ի ՏԻԿՆԱՆՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐ
8 ՄԱՅԻՍ 2019
ԿԸ ԽՆԴՐՈՒԻ ՉԽԱՉԱՁԵՒԵԼ
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՊԵՐԵՃԻԿԻ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՏԻԿՆԱՆՑ
ՕԺԱՆԴԱԿ ՄԱՐՄԻՆ
BRUNCH
9 ՄԱՅԻՍ 2019