ՀՄԸՄ-ի 18-րդ
Պատգամաւորական Ժողովը
ՀՄԸՄ-ի 18-րդ Պատգամաւորական ժողովը գումարուեցաւ շաբաթ, 1 մարտ 1969, երեկոյեան ժամը 7:30-ին,Պէյրութի ՀՄԸՄ-ի քաղաքի ակումբի շքեղ սրահին մէջ:
Ժողովին մասնակցեցան Շրջանային վարչութեան, Շրջանային սկաուտական խորհուրդի, Լիբանանի մասնաճիւղերու` Պէյրութի, Պուրճ Համուտի, Ճիւնիի, Թրիփոլիի, Զահլէի եւ Այնճարի, ինչպէս նաեւ Մոնրէալի (Քանատա)մասնաճիւղի պատգամաւորները (36 հոգի), խորհրդակցական ձայնով հրաւիրեալներ եւ մամուլի ներկայացուցիչներ (23 հոգի):
Ա. նիստ.- Ժողովին բացումը կատարեց շրջանաւարտ Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յովհաննէս Շահինեանը: Բարի գալուստ յայտնելէ ետք ներկաներուն, մաղթեց յաջողութիւն` իրենց աշխատանքներուն, տալու համար լաւագոյն լուծումներ` օրակարգի բոլոր հարցերուն, ի խնդիր սփիւռքահայ մարմնամարզական մեծագոյն միութեան` ՀՄԸՄ-ի վերելքին եւ բարգաւաճումին:
Ընտրուեցաւ առժամեայ դիւան: Կատարուեցաւ լիազօրագրերու ստուգում: Ներկայ 36 պատգամաւորներով ժողովը նկատուեցաւ օրինաւոր: Ապա տեղի ունեցաւ Մայր դիւանի ընտրութիւն:
Նախագահ ընտրուեցան Վահէ Դանիէլեանը եւ Յովհաննէս Պէրպէրեանը, քարտուղար` Եփրեմ Քենտիրճեանը եւ Բիւզանդ Թորիկեանը:
Մայր դիւանի նախագահները, փոխն ի փոխ, ժողովը վարեցին ձեռնհասութեամբ, գնահատելի լրջութեամբ:
Բ. նիստ.- Կէս ժամ դադարէ ետք կարդացուեցան 17-րդ պատգամաւորական ժողովի ատենագրութիւնը եւ մասնակցող եօթը մասնաճիւղերու 1967-1968 երկամեայ բարոյական եւ նիւթական գործունէութեանց տեղեկագիրները:
Ընդհանրապէս բոլոր մարզերու մէջ մասնաճիւղերու վարչութիւնները ունեցած են բեղուն գործունէութիւն եւ արձանագրած են յարաճուն վերելք:
Գ. նիստ.- Գումարուեցաւ կիրակի, 2 մարտ, կէսօրէ առաջ ժամը 9:00-ին: Նշանակուեցան բանաձեւի յանձնախումբերը: Կարդացուեցան Շրջանային սկաուտական խորհուրդի եւ Շրջանային վարչութեան 1967-1968 երկամեայ բարոյական եւ նիւթական գործունէութեանց տեղեկագիրները:
Ժողովին մասնակցող եօթը մասնաճիւղերու անդամներուն ընդհանուր թիւն է 1986, ելեւմուտքը եղած է շուրջ 250.000 լ.ոսկի, ներառեալ` Շրջանային վարչութիւնը:
Շրջանային վարչութիւնը սերտ կապեր պահած է նաեւ ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ, Ամմանի-Քուէյթի, Եգիպտոսի, Իրաքի, Ֆրանսայի, Միացեալ Նահանգներու եւ Սիտնէի մասնաճիւղերուն հետ:
Դ. նիստ.- Մէկ ժամ դադարէ ետք ժողովը քննեց Շրջանային սկաուտական խորհուրդի եւ Շրջանային վարչութեան գործունէութիւնները: Մասնաւոր կարեւորութեամբ քննուեցան սկաուտական եւ մարզական հարցերը: Ընդգծուեցաւ անհրաժեշտութիւնը թափուելիք յաւելեալ աշխատանքներու եւ ճիգերու:
Մասնաճիւղերէ եկած առաջարկներն ու թելադրանքները ունկնդրուեցան հետաքրքրութեամբ: Խօսք առին առաւելաբար երիտասարդ պատգամաւորները, որոնց արդար պահանջները, փորձառու եւ վաստակաւոր ՀՄԸՄ-ականներու տուած ցուցմունքներով, յանգեցան լաւագոյն լուծումներու, եւ արդիական պայմաններու համապատասխան` որոշումներ տրուեցան:
Ժողովը քուէարկեց նաեւ յաւելեալ նոր պիւտճէ` լիբանանահայ երկրորդական վարժարաններու մարզական մրցումներու (ԼԵՎԱՄ) կենսական ձեռնարկին:
Պիւտճէի քուէարկութեան ընթացքին յատուկ գնահատանքի արժանացաւ Ճիւնիի մասնաճիւղի երիտասարդ պատգամաւորներու ժեսթը, որոնք տրամադրութիւն յայտնեցին կրկինը վճարելու իրենց սակին:
Ե. նիստ.- Կէս ժամ դադարէ ետք կարդացուեցան յանձնախումբերու պատրաստած բանաձեւերը: Վարչութիւններու երկամեայ բարոյական եւ նիւթական գործունէութիւնները փայլուն նկատուեցան եւ արժանացան գնահատանքի:
Նոր Շրջանային վարչութեան ընտրութեան համար տասը վայրկեան խորհրդակցութեան դադար տրուեցաւ:
Միաձայնութեամբ եւ ձեռամբարձ Շրջանային վարչութեան անդամ ընտրուեցան Յովհաննէս Շահինեան, տոքթ. Միսաք Արզումանեան, տոքթ. Վարդգէս Կիւրեղեան, Հրանդ Մուրատեան, Ժոզեֆ Նալպանտեան, Վահէ Դանիէլեան, Երուանդ Տեմիրճեան, Ժիրայր Խաչատուրեան եւ Յովհաննէս Տէր Յարութիւնեան:
Ժողովը իր աշխատանքները աւարտեց եղբայրական ջերմ մթնոլորտի մէջ եւ վերջ գտաւ «Յառաջ, նահատակ»-ի յոտընկայս խմբերգումով, երեկոյեան ժամը 9:30-ին:
Նոյն իրիկունը, ի պատիւ ժողովին մասնակցող պատգամաւորներուն եւ հրաւիրեալներուն, Շրջանային վարչութիւնը ճաշկերոյթ մը տուաւ հայկական «Կոնտոլ» ճաշարանին մէջ:
Ճաշկերոյթին թամատայութիւնը վարեց ժողովի նախագահներէն Յովհաննէս Պէրպէրեանը: Իրենց շնորհներով ելոյթ ունեցան երիտասարդ պատգամաւորներ:Մեներգ եւ խմբերգ, ինչպէս նաեւ «Կոնտոլ»-ի «Սեկան» նուագախումբի հայկական պարեղանակներն ու սիրուած երգիչ Լեւոն Գաթրճեանի հայերէն երգերը ստեղծեցին խանդավառ մթնոլորտ:
Նորընտիր Շրջանային վարչութեան կողմէ Յովհաննէս Շահինեանը շնորհակալութեան եւ գնահատանքի խօսք ուղղեց շրջանաւարտ Շրջանային վարչութեան այն անդամներուն, որոնք առողջական պատճառներուվ չէին ուզած մաս կազմել վարչութեան, եւ որոնք անձնուիրաբար օգտակար եղած էին ՀՄԸՄ-ին, յատկապէս` տոքթ. Յակոբ Պէրպէրեանին, որ երկարամեայ վաստակ մը կը թողու ՀՄԸՄ-ի ծառայութեան մէջ:
Տոքթ. Յակոբ Պէրպէրեանը բուռն ծափերու տակ, փոխադարձաբար, շնորհակալութեան խօսք ուղղեց իր անձին հանդէպ արտայայտուած գնահատանքին համար: Յայտնեց, որ ՀՄԸՄ-ին ծառայելը ազգային պարտականութիւն մըն է, ապա երկու հաճելի մանրավէպերով դիտել տուաւ, որ ինք մինչեւ վերջ պիտի մնայ ՀՄԸՄ-ի գործօն մէկ անդամը:
Խօսք տրուեցաւ Սիմոն Թերճանեանին, որ ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան օրերէն ի վեր եղած է անդամ: Նշելէ ետք ՀՄԸՄ-ի յիսնամեայ օգտաշատ գործունէութիւնը, շեշտեց, որ հայ ժողովուրդի պատիւ բերող, ազգապահպանման զօրաւոր միջնաբերդ մըն է ՀՄԸՄ-ը: Կը մնայ միշտ կենսունակ, միշտ երիտասարդ, պատրաստ` շարունակելու իր նուիրական առաքելութիւնը:
Վերջին խօսքը տրուեցաւ «Ազդակ»-ի խմբագիր Տ. Ոսկունիին: Անդրադառնալով տոքթ. Յակոբ Պէրպէրեանի երկարամեայ վաստակին` ընդգծեց. «Երանի այն մարդուն, որ իր ողջութեան կը տեսնէ իր պարտականութիւններու մեծ մասին լրումը: Այսօր երիտասարդութիւն մը կու գայ փոխարինելու վաստակաւորները. խանդավառ երիտասարդութիւն մը, որ գործի կը լծուի անոնց բարոյական ժառանգը աւելի ճոխացնելու ուխտով»:
Ճաշկերոյթը վերջ գտաւ «Յառա՛ջ, նահատակ»-ի յոտնկայս խմբերգումով:
Նոր ներշնչումներով ու խանդավառութեամբ, պատգամաւորները հրաժեշտ առին իրարմէ: Մեկնեցան իրենց շրջանները` փոխանցելու համար ՀՄԸՄ-ի ոգին, նոր եռանդով ու կորովով լծուելու ՀՄԸՄ-ի վերելքին ու զարգացման:
Արդարեւ, հայաշատ շրջաններու մէջ, իբրեւ ամրակուռ կազմակերպութիւն, ՀՄԸՄ- կը մնայ գաղափարապաշտ սերունդներու միութիւն:
ՀՐԱԶԴԱՆ
