ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Մի՛ աճապարէք աւարտել ձեր առեւտրական գործարքները, այլ սերտեցէք բոլոր մանրամասնութիւնները եւ մասնագէտներուն կարծիքը հարցուցէք որեւէ քայլի դիմելէ առաջ:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Փոփոխութիւն մը պիտի մտցնէք ձեր գործին մէջ: Կրկնապատկեցէք ձեր աշխատանքը, եթէ նոյնիսկ անիկա յաւելեալ ժամանակ պահանջէ ձեզմէ: Զօրաւոր բախտը ձեր կողքին պիտի ըլլայ այս օրերուն:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Այս օրերը յարմար չեն մրցակցութեան մէջ մտնելու ձեր դիմացինին հետ: Առարկայականօրէն լուծեցէք ձեր առջեւ դրուած բոլոր հարցերը: Յուսահատեցնող օր մը պիտի անցընէք: Ամսուան վատ օրերէն մէկն է:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Երեւոյթները աւելի յստակ ու լաւատեսութեամբ պիտի տեսնէք: Ձեզի օգտակար պիտի դառնան հանդիպումները եւ ժողովները: Մեղմացուցէք մթնոլորտը եւ ամէն բան վերադարձուցէք իր բնականոն ընթացքին:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Լաւ պատրաստեցէք ձեր գործերը, որովհետեւ լուսարձակները ձեր վրայ պիտի կեդրոնանան: Կրնաք աւարտել ձեր բոլոր գործերը, եթէ կանուխ գաք աշխատանքի: Մեծ պատասխանատուութիւն մը պիտի դրուի ձեր ուսերուն:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Դժուար, բայց կարեւոր փորձառութիւն մը պիտի ապրիք: Մրցակցութեան մէջ մի՛ մտնէք ձեր պաշտօնակիցին հետ, երբ պատրաստ չէք ատոր: Նոր պաշտօն մը պիտի ստանձնէք: Վիճաբանութեամբ լեցուն շրջան մը պիտի ունենաք:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Պիտի վերագտնէք ձեր հանդարտութիւնը` յարաբերաբար: Յարմար շրջան է շինիչ քայլ մը առնելու: Նիւթական հարց մը պիտի յաջողիք լուծել: Մանրամասնութիւնները քննեցէք եւ մի՛ աճապարէք:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Օրէնքները յարգեցէք եւ ձեր ջիղերը պինդ պահեցէք: Հանդարտեցէք, որպէսզի կարենաք տրամաբանօրէն մտածել: Յարմար ժամանակ է աշխատանքային հանդիպումներ կազմակերպելու: Ձեր լաւ անունը պահեցէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Կանուխ գացէք աշխատանքի եւ շատ մի՛ յոգնեցնէք դուք ձեզ: Վիճաբանութենէ հեռու մնացէք: Ձեր ունեցած դատը պիտի շահիք եւ ձեր նպատակին պիտի հասնիք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Լուր մը պիտի ստանաք եւ շատ պիտի ուրախանաք: Ձեր հոգերը եւ նեղութիւնները պիտի վերանան: Յարմար շրջան է` հաշտութիւն կնքելու ձեր նեղացուցած պաշտօնակիցին հետ:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Անձնական փոփոխութիւն մը տեղի պիտի ունենայ եւ պիտի փոխէ ձեր ուղղութիւնը: Մի՛ թերանաք ձեր պարտականութիւններուն մէջ եւ պահեցէք ձեր հանդարտութիւնը: Ընտանեկան անհոգութիւններ երեւան պիտի գան:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Երեւան հանեցէք ձեր ձիրքերը եւ կարողութիւնները: Աշխատանքային ճամբորդութիւն մը պիտի ունենաք, որմէ ետք ձեր պաշտօնը պիտի բարձրանայ: Ամսուան ուրախ օրերէն մէկն է, օգտուեցէք առիթէն:
