Խմբագրական
Ուսուցիչներու Օր
Լիբանանի պատկան իշխանութեանց որոշումով մարտի առաջին շաբթուան առաջին շաբաթը Ուսուցիչներու օր հռչակուած է: Այս տարի, առաջին անգամ ըլլալով լիբանանեան վարժարաններու բոլոր ուսուցիչները, զանազան ձեռնարկներով պիտի տօնեն իրենց օրը` այդ տօնակատարութեան տալով համալիբանանեան նկարագիր:
Քաղաքակիրթ բոլոր երկիրներու մէջ ուսուցչութիւնը կը վայելէ բացառիկ յարգանք: Ուսուցիչը այն է, որուն երկիր մը կը վստահի իր ապագան, որովհետեւ անոր ձեռնհասութեան եւ մարդակերտումի գործին վստահած է նոր սերունդը, որ, երբ ժամը հասնի, պիտի գայ ստանձնելու ազգին ղեկավարութիւնը:
Այս քանի մը տողերուն մէջ կարելի է հաստատել այն բացառիկ կարեւորութիւնը, որ կը ստանայ ուսուցիչներու առաքելութիւնը ժողովուրդի մը կեանքին մէջ: Ուսուցչութիւնը պարզ ասպարէզ չէ, ոչ ալ ապրուստի հասարակ միջոց մը` ենթակային համար: Երբ ազգ մը իր ապագան կը տեսնէ նոր սերունդի դաստիարակներուն ձեռնհասութեան մէջ, այդ կը նշանակէ, որ գործնապէս ուսուցչութեան կու տայ առաքելութիւն մը, որ կոչուած է հիմնական դեր կատարելու երկրի մը ապագային տեսակէտէն:
Հոս է, որ ուսուցիչի մը ասպարէզը կը հասնի կոչումի բարձրութեան, ու միա՛յն կոչումով ուսուցիչներ կրնան առաւելագոյն չափով կատարել այն պարտականութիւնը, որ կը ծանրանայ իրենց ուսերուն վրայ:
Մարդը, իբրեւ ընկերային անհատ, գիտութեան այս դարուն, իր անձնական եւ հաւաքական կեանքին մէջ պէտք ունի հաւասարակշռութեան մը, որպէսզի իր մէջ հաւասար չափով աճին բարոյական, հոգեկան եւ ընկերային ըմբռնումները` օգտուելով գիտութեան ընծայած լայն հնարաւորութիւններէն:
Այս հաւասարակշռութեան ստեղծումին մէջ մեծ է ուսուցիչին դերը: Աշխարհի գրեթէ բոլոր երկիրներէն ներս ուսանողութեան տագնապը նաեւ տագնապն է ուսուցչութեան, որ տեղ¬տեղ կարծէք դժուար կը համակերպի նոր ժամանակներու ոգիին եւ հին ճամբաներէ քալելու սովորամոլութիւն մը կը մատնէ:
Հայ ժողովուրդի պարագային, ուսուցիչին առաքելութիւնը աւելի մեծ կարեւորութիւն կը ստանայ անոր համար, որ հայ ուսուցիչը ոչ միայն իր խնամքին յանձնուած մատղաշ հոգիներուն մէջ պիտի ծաղկեցնէ մարդկային առաքինութիւններ, այլ նաեւ մարդուն մէջ պիտի կերտէ նաեւ ՀԱՅԸ: Ու երբ ա՛յս է հայ ուսուցիչին պարտականութիւնը, երբ կ՛ուզենք զինք տեսնել ա՛յս պարտականութեան բարձրութեան վրայ, պէտք է ընդունինք, որ յաւելեալ պարտականութիւններ ունինք նաեւ մենք` այդ ուսուցիչին հանդէպ:
Դժբախտաբար, ինչ որ կու տանք հայ ուսուցիչին` իբրեւ հոգածութիւն, իբրեւ շօշափելի գնահատանք, տեսականէն անդին չ՛անցնիր: Բոլորս ալ կ՛ընդունինք անհրաժեշտութիւնը իր առաքելութեան խոր գիտակցութիւնը ունեցող ուսուցչութեան մը, բայց` միայն այդքան: Ճիշդ է, որ հայ ուսուցիչին այսօրուան կացութիւնը այն չէ, ինչ որ էր տասնամեակներ առաջ. ան եւս սկսած է օգտուիլ ընկերային կարգ մը ապահովութիւններէ, բայց եղածը բաւարար չէ դեռ: Ուսուցիչին նիւթական բարօրութիւնը դանդաղ ընթացք մը ունի, մինչ պէտք է աւելի արագ ըլլար, քան` այլ ասպարէզներու հետեւողներուն, որովհետեւ անոնցմէ շատ ետ մնացած է:
Անշուշտ ուսուցիչն ալ պարտաւոր է յաւելեալ ճիգով մը արդարացնել այն հոգածութիւնը, որ այսօր կը պահանջենք իր անունով: Բայց նախ մենք տանք ու յետոյ պահանջենք: Մինչ ցարդ տեղի ունեցած է հակառակը. պահանջած ենք, ու յետոյ` տալու մեր պատրաստակամութեան մէջ տկարացած:
Ուսուցիչներու օրուան առիթով, այս քանի մը հաստատումները կատարելով, երբ առաւելաբար շեշտը կը դնենք անոնց նիւթական կացութիւնը բարւոքելու անհրաժեշտութեան վրայ, կը հաւատանք, որ արդար պահանջ մը ներկայացուցած կ՛ըլլանք, որովհետեւ, ինչպէս ըսուեցաւ, անոնցմէ կախում ունին ապագան դիմագրաւելու, զայն ամուր հիմերու վրայ դնելու մեր հնարաւորութիւնները:
Սասնոյ Հայրենակցական Միութեան
Ճաշկերոյթ-Պարահանդէսը
Սասնոյ հայրենակցական միութեան եւ Տիկնանց միութեան զոյգ վարչութիւններուն կազմակերպած ճաշկերոյթ-պարահանդէսը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 1 մարտ, երեկոյեան ժամը 9:00-ին, պանդոկ «Պրիսթոլ»-ի շքեղ սրահին մէջ, մասնակցութեամբ հոծ թիւով հայրենակիցներու եւ բարեկամներու:
Ձեռնարկին նախագահութիւնը սիրայօժար ստանձնած էին տէր եւ տիկին Ժոզեֆ Մարգարեանները, որոնց կողքին, պատուոյ սեղանին շուրջ տեղ գրաւած էին օրուան հիւրերը` Կարօ Սասունի եւ Անդրանիկ Ուրֆալեան:
Օրուան թամատայութիւնը վարեց Վարդգէս Տօնապետեանը: Բարի գալուստ ու հաճելի ժամանց մաղթելէ ետք ներկաներուն, օրինակելի կարգապահութեամբ գործադրութեան դրաւ յայտագիրը:
Պանդոկի նուագախումբին պարեղանակներով սկսան ճաշկերոյթն ու պարանցիկը: Փոխն ի փոխ իրարու յաջորդեցին եւրոպական պարերն ու Սասնոյ տոհմիկ սքանչելի պարերը: Շուտով ստեղծուեցաւ ջերմ մթնոլորտ: Խանդավառութիւնը իր գագաթնակէտին հասաւ, երբ սկսաւ սասունցիներու «Եարխուշթա» մարտական պարը: Հայրենակարօտ ապրումի սրտայոյզ, բայց հոգեգրաւ պահն էր: Շատեր փոխադրուեցան Անտիոք-Ծովասարի հերոսական աշխարհը:
Ժամը 11:00-ին, պանդոկի նուագախումբին տեղը գրաւող հայկական «Լոս Ամորես» սիրուած նուագախումբը իր աշխուժ կատարումներով առաւել խանդավառեց ներկաները:
Հայրենաբնակ հայրենակից Անդրանիկ Ղուկասեանի երեք մեներգները արժանացան բուռն ծափերու:
Ուշ գիշերին տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն: Գեղեցիկ ու արժէքաւոր նուէրներ ստացան շահողները:
Ստեղծուած խանդավառութեան եւ հաճելի մթնոլորտին մէջ տեղի ունեցան նաեւ սրտաբուխ նուիրատուութիւններ: Օրուան նախագահ տէր եւ տիկին Ժոզեֆ Մարգարեանները 1000 լիբանանեան ոսկի նուիրեցին միութեան: Բուռն ծափերով գնահատուեցաւ նուիրատուութիւնը:
Ձեռնարկը բարոյական եւ նիւթական փայլուն յաջողութիւն մը արձանագրեց` շուրջ 4.500 լիբանանեան ոսկիի կոկիկ հասոյթ մը ապահովելով միութեան:
ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ