Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (5 Մարտ 1969)

Մարտ 5, 2019
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Մեր Պատմահօր
Վկայութիւնը

Յեղափոխութիւն կ՛ընեն եւ յեղափոխութեան մասին կը մտածեն այն ժողովուրդները միայն, որոնք դժգոհ են, դժբախտ են, ապերջանիկ են, հալածուած են ու ճնշուած: Յեղափոխութիւնը եթէ փրկութիւն մը չէ իրենց համար, վտանգ մըն ալ չէ: Ամէն ինչ կորսնցնողը այլեւս հաշտուած է իր կեանքն ալ կորսնցնելու հաւանականութեան հետ: Գարեգին Սրուանձտեանցի բացատրութեամբ, «Եթէ այսպէս պիտի ապրինք, աւելի լաւ է չապրինք», կ՛ըսեն անոնք, որ զրկուած են կեանքէն աւելի թանկագին բանէ մը` ազատ ապրելու իրաւունքէն:

Ազատ ապրիլ` այս չի նշանակեր օրինազանց ըլլալ, ստամբակիլ օրէնքի դէմ, իշխանութեանց դէմ, վարչաձեւին դէմ, եթէ օրէնքը, իշխանութիւնը կամ վարչաձեւը ժողովուրդի մը հնազանդութիւնը ստրկութեան չեն վերածեր:

Իրաւական պետութիւններուն մէջ անհատը ազատ է այն չափով, ինչ չափով որ իր ազատութիւնը չի կաշկանդեր ուրիշներու ազատութիւնը: Ան կը վայելէ քաղաքական եւ քաղաքացիական իրաւունքներ եւ, ի հարկէ, ունի նաեւ քաղաքական եւ քաղաքացիական պարտաւորութիւններ: Պետութիւնը իրապէս կը դառնայ իրաւական այն պարագային միայն, երբ յարգէ քաղաքացիներուն իրաւունքները` անոնցմէ պահանջելով կատարել իրենց պարտաւորութիւնները:

Իրաւունքներու եւ պարտաւորութեանց ներդաշնակութիւնը յայտնապէս խախտած էր մեր երկրին մէջ, 1920 դեկտեմբերէն ետք: Ժողովուրդը ուզեց վերահաստատել ձեռքէ հանուած ներդաշնակութիւնը: Եւ արդիւնքը եղաւ այն, որ մեր նորագոյն պատմութեան մէջ ծանօթ է «Փետրուար 18-ի ժողովրդական ապստամբութիւն» անունով: Ընդգծեցինք «ժողովրդական» բառը` ցոյց տալու համար, որ ապստամբողը ժողովուրդն էր եւ ոչ թէ` կուսակցութիւն մը, այսինքն մեծամասնութիւնն էր եւ ոչ թէ` փոքրամասնութիւնը:

Սակայն ոչ մէկ յեղափոխութիւն ապահովագրուած է ձախողութեան դէմ: Յեղափոխութիւնները կրնան նահանջել, ընկրկիլ, տեղի տալ, բայց չեն կրնար պարտուիլ, ցորչափ արդարութեան եւ իրաւունքի զգացումն է զանոնք վարողը:

Մենք կը հաւատանք այս զգացումին «լինելութեան»…

«ՅՈՒՍԱԲԵՐ»

Հայ Թերթերէն Ետք
Հայ Գիրքի Տագնապը

Ինչ որ կ՛ըսուի հայ մամուլին մասին, ճշմարտութիւն է նաեւ հայ գիրքին համար:

Ահազանգը շատոնց հնչած է հայ գիրքին համար, որ տագնապի մէջ է տասնեակ տարիներէ ի վեր: Ու այս` ո՛չ միայն Արեւմուտքի, այլ նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի հայաշատ երկիրներուն մէջ, ուր նոր սերունդը հայերէնը կը սորվի իբրեւ մայրենի լեզու հայ ազգային վարժարաններու մէջ, մանկապարտէզէն սկսեալ:

Զարմանալի չենք գտներ այժմ, որ հայերէն գիրքերը տասնեակ տարիներէ ի վեր Արեւմուտքի հայ գրատուներու դարակներէն փոխադրուած են մթերանոցները, ուր փոշիներու եւ խոնաւութեան տակ կը փճանան անոնք: Զարմանալին նոյն երեւոյթին Արեւելքի մէջ ալ տեսնուիլն է:

Յատկանշական է այս պարագան: Պատճառները բարդ են: Միայն լեզուն չէ մեղաւորը: Կեանքի պայմանները փոխուած են: Աշխարհ կը քաղաքակրթուի հետզհետէ: Գիտութիւնը նոր նուաճումներ կ՛արձանագրէ: Շարժանկարը, ձայնասփիւռն ու հեռատեսիլը յաճախ կը փոխարինեն թերթն ու գիրքը: Մարդիկ ժամանակ չունին կարդալու: Աւելի հաճելի եւ դիւրին է, ու նաեւ` արագ եւ դիւրամատչելի նիւթապէս, օրուան լուրերուն տեղեկանալ ձայնասփիւռի միջոցով, հեռատեսիլի եւ շարժանկարի մէջ փնտռել զարգացման նիւթեր:

Շատ հին ցաւ է հայ գիրքի տագնապը: Հարեւանցի ակնարկ մը նետելով Վենետիկի եւ Վիեննայի Մխիթարեանց գրացուցակներուն վրայ` ցաւով տեսանք, որ տակաւին իրենց մթերանոցներուն մէջ անվաճառ կը մնան ծանօթ հեղինակներու կողմէ գրուած արժէքաւոր գիրքեր, որոնք հրատարակուած են 100-135 տարի առաջ: Հայերէն գիրքի տպաքանակը հազարը չէր անցներ այդ թուականներուն: Ուրե՞մն: Կրնաք հաշուել, թէ ի՛նչ ճակատագիր վերապահուեր է հայ գիրքին` նոյնիսկ անցեալ լաւ, բարի օրերուն:

Եւ ըսե՜լ, որ գրասէր ազգի անուն ենք հանած:

Քաջալերե՛նք հայ թերթին հետ նաեւ հայ հեղինակներու ստեղծագործութիւնները, որպէսզի գոնէ մասամբ փարատի հայ գիրքին տագնապը եւ արդարանայ հայուն «գրասէր»-ի համբաւը:

«ՅԱՌԱՋ»

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

50 Տարի Առաջ (8 Մարտ 1969)

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?