Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ալիեւ. «Հայաստան Կը Փորձէ Ձախողութեան Մատնել Արցախի Բանակցութիւնները»

March 7, 2019
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

5 մարտին, Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հանդիպում մը ունեցած է ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ եւ Սլովաքիոյ արտաքին գործոց  նախարար Միրոսլաւ Լայչաքի հետ: Հանդիպման ընթացքին Ալիեւ պնդած է, թէ Պաքու շահագրգռուած է «Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին շուտափոյթ լուծումով»: Այս մասին կը հաղորդէ «Ինթըրֆաքս Ազրպէյճան»-ը:

Ալիեւ աւելցուցած է, որ հակառակ բանակցային հոլովոյթին մէջ վերջերս նկատուած աշխուժութեան, «Երեւան առարկայական բանակցութիւններ կատարելու յատուկ փափաք չի ցուցաբերեր եւ ամէն կերպով կը փորձէ խոչընդոտել ղարաբաղեան տագնապին լուծումը»:

«Շատ կարեւոր է, որ միջազգային հանրութիւնը լուրջ ճնշում գործադրէ Հայաստանի վրայ` բանակցային հոլովոյթին մէջ յառաջխաղացքի հասնելու եւ Ազրպէյճանի գրաւեալ տարածքներէն Հայաստանի զինուած ուժերու հեռացումը ապահովելու համար», ընդգծած է ան:

Մամետեարով Լայչաքին Ներկայացուցած Է Բանակցային Հոլովոյթի Իրավիճակը

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով ընդունած է ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Սլովաքիոյ արտաքին գործոց նախարար Միրոսլաւ Լայչաքի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը:

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ դէմ առ դէմ հանդիպումէն ետք, նախարարները բանակցութիւնները շարունակած են ընդլայնուած ձեւաչափով` պատուիրակութիւններու մասնակցութեամբ:

Մամետեարով ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահին ներկայացուցած է ղարաբաղեան տագնապին շուրջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի միջնորդութեամբ ընթացող բանակցութիւններու ներկայ վիճակին մասին:

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը նշած է, թէ բանակցային հոլովոյթին մէջ Պաքուի դիրքորոշումը անփոփոխ է:

Լայչաք իր կարգին նշած է, որ տուեալ այցելութիւնը տագնապին շուրջ տիրող իրավիճակին վերաբերեալ կարծիքներու փոխանակման լաւ կարելիութիւն կ՛ընձեռէ:

Անուղղակի Սպառնալիք Մը` Մամետեարովէն

5 մարտին ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ Միրոսլաւ Լայչաքի հետ ունեցած իր հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ միացեալ ասուլիսին ընթացքին, Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով յայտնեց, որ իր բողոքը յայտնած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ռուս համանախագահ Իկոր Փոփովին, Հայաստանի ղեկավարութեան կատարած կարգ մը յայտարարութիւններուն գծով:

Ան իբրեւ օրինակ տուած է Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնին վերջին յայտարարութիւնը, որուն մէջ շեշտուած էր, թէ «հայկական կողմը ոչ մէկ թիզ հող պիտի յանձնէ», որ ուղղուած չէ խաղաղութեան:

Մամետեարով խնդրեց Լայչաքէն, որ Երեւան իր այցելութեան ընթացքին հարցնէ Հայաստանի ղեկավարութեան, թէ պատրաս՞տ են «մեր ժողովուրդները խաղաղութեան նախապատրաստելու, թէ զանոնք պիտի տանին այլ ուղղութեամբ»:

Իր կարգին, Լայչաք ըսաւ, թէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը բանակցութիւններու միակ ձեւաչափն է, որ ճանչցուած է տագնապին բոլոր կողմերուն կողմէ: «Ձեւաչափի որեւէ փոփոխութիւն պէտք է համաձայնեցուի հակառակ կողմին հետ», աւելցուց ան:

 

Նախորդը

Պոլթըն. «Հիւսիսային Քորէայի Դէմ Պատժամիջոցները Խստացնելու Կարելիութիւնները Կը Սերտենք, Եթէ Հիւլէական Զէնքերը Չոչնչացնէ»

Յաջորդը

Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատասխանած Է Նիկոլ Փաշինեանի Պրիւքսելեան Յայտարարութեան

RelatedPosts

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը

February 3, 2026
«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել»  Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ
Գլխաւոր լուրեր

«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել» Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ

February 3, 2026
Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.