Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Այցելած Է Պելճիքա

Մարտ 5, 2019
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 3 մարտ 2019-ի երեկոյեան աշխատանքային այցելութեամբ հասած է Պելճիքայի մայրաքաղաք Պրիւքսել:

Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ 4 մարտի առաւօտեան Հայաստանի վարչապետը այցելած է Պելճիքայի Ֆլանտրիա շրջանի Ֆլամանտական Պրապանթ նահանգի մայրաքաղաք Լիւվեն, որ կը նկատուի Պելճիքայի համալսարանական կեդրոններէն մէկը:

Նիկոլ Փաշինեանի այցելութիւնը սկսած է Լիւվենի Կաթողիկէ համալսարանէն, ուր դիմաւորուած է համալսարանի նախագահ Լիւք  Սելսի կողմէ:

Համալսարանին մասին անոր նախագահին կողմէ զեկուցում մը լսելէ ետք վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ պատիւ է հիւրընկալուիլ աշխարհի հնագոյն եւ միաժամանակ ժամանակակից համալսարաններէն մէկուն մէջ` ընդգծելով, որ Հայաստանը կը գտնուի  քաղաքական եւ տնտեսական մեծ բարեփոխումներու փուլին մէջ, եւ  կառավարութիւնը կրթութիւնը կը դիտարկէ իբրեւ տնտեսական յեղափոխութիւնը յաջողցնելու կարեւոր գործիքներէն մէկը:

Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են կրթութեան մարզին մէջ փոխադարձ գործակցութեան կարելիութիւններուն վերաբերող հարցեր:

Կաթողիկէ համալսարանէն վարչապետ Փաշինեան այցելած է «IMEC» (Interuniversity Microelectronics Centre) գիտահետազօտական կեդրոն եւ

Լիւվենի «Առողջութեան կեդրոն»:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան` Եւրոպական Խորհրդարանին Մէջ

Աշխատանքային այցելութեամբ Պրիւքսել գտնուող վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ այցելած է Եւրոպական խորհրդարան: Հայաստանի վարչապետին դիմաւորած է Եւրոպական խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Տէյվիտ Մաքալիսթըրը:

Եւրոպական խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին մէջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդէս եկած է ելոյթով մը, որուն ընթացքին անդրադարձած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին:

Ներկայացնելէ ետք Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած քաղաքական զարգացումներն ու փոփոխութիւնները,  վարչապետ Փաշինեան անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին, ըսած է. «Ինծի համար ակնյայտ է, որ խաղաղ հոլովոյթը կրնայ իրական յառաջընթաց արձանագրել միայն այն պարագային, երբ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը նստի բանակցային սեղանի շուրջ, միայն եթէ լսուի եւ հաշուի առնուի Ղարաբաղի ժողովուրդին ձայնը: Մենք խորապէս համոզուած ենք, որ ներգրաւուած կողմերուն միջեւ վստահութիւնը տագնապներու լուծման կարեւոր նախադրեալներէն մէկն է: Այս վստահութեան կարելի է հասնիլ զարգացող երկխօսութեան եւ փոխըմբռնումի միջոցով»:

 

 

Նախորդը

«Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապը Պէտք Է Լուծուի Միջազգային Արժեչափերու Եւ Երկխօսութեան Հիման Վրայ» Կ՛ըսէ Քասեմի

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովելու Արցախահայութեան Վերադարձը
Հայկական

Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովելու Արցախահայութեան Վերադարձը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Մարակոս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Իր Գործիքները Ներդրելու «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը Եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնը Կեանքի Կոչելու Համար»
Հայկական

Մարակոս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Իր Գործիքները Ներդրելու «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը Եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնը Կեանքի Կոչելու Համար»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?