
«Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ կը նախապատրաստուի Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը: Այս մասին մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ըսած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնական ներկայացուցիչ Լէյլա Ապտուլայեւան:
Ան նշած է, որ ժամկէտներու մասին յստակ տեղեկութիւն չկայ: «Աշխատանքները այդ ուղղութեամբ կը շարունակուին», աւելցուցած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչը:
Ըստ Ապտուլայեւայի, օրակարգի վրայ է նաեւ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը:


