ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Հանդարտութեամբ դասաւորեցէք ձեր աշխատանքները: Ձեր կարգ մը թղթածրարները վերատեսութեան ենթարկեցէք: Աշխատանքային գետնի վրայ անհասկացողութիւն մը պիտի ունենաք ձեր տնօրէնին հետ: Հանդարտ մնացէք:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Վստահեցէք, որ աւելի ազատութեամբ կը շարժիք, քան առաջ: Ամսուան բախտաւոր օրերէն մէկն է: Ձեր նոր նախասիրութեան ժամանակ պիտի տրամադրէք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Առիթ պիտի ունենաք ձեր գործը ընդարձակելու եւ աշխատանքային գետնի վրայ նոր որոշումներ տալու: Մրցակցութեան մը մէջ դուք շահողը պիտի ըլլաք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Եթէ տեսնէք, որ ձեր նպատակներու իրագործումը խոչընդոտներու կը հանդիպի, կանգ առէք ու վերատեսութեան ենթարկեցէք ձեր տնտեսական կացութիւնը: Անակնկալի պիտի գաք, երբ տեսնէք, թէ կան մարդիկ, որոնք ձեզի հանդէպ մեծ սէր եւ անկեղծութիւն կը տածեն:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Հրաժարեցէք այն բանէն, որ ձեզի նեղութիւն եւ ցաւ կը պատճառէ: Թէեւ նիւթական վնաս մը պիտի ունենաք, բայց ժամանակի ընթացքին պիտի յաջողիք բարելաւել ձեր նիւթական վիճակը:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Բժշկական լուծելի հարց մը պիտի ունենաք եւ բժիշկի օգնութեամբ զայն պիտի յաղթահարէք: Սիրային հաճելի պահեր պիտի ապրիք ձեր կողակիցին հետ, եթէ ամուսնացած էք:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Պիտի հանդիպիք կասկածոտ մարդոց, որոնք պիտի գրգռեն ձեր ջղայնութիւնը: Հանդարտ պահեցէք ձեր ջիղերը: Ձեր երազանքներէն մէկը պիտի իրականանայ շնորհիւ ձեր տքնաջան աշխատանքին:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Յարմար շրջան է հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ կատարելու: Նոր հորիզոններ պիտի բացուին ձեր դիմաց. ձեր բախտին շնորհակալ եղէք: Կարիքաւոր մարդոց օգտակար եղէք, որ հոգեկան գոհունակութիւն ստանաք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Կառչած պիտի մնաք ձեր կարծիքին: Ձեզի պիտի պակսի ճկունութիւն քննարկումներու մէջ: Ձեր բոլոր գաղտնիքները մի՛ բացայայտէք ձեր ընկերներուն:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Վերապահ եղէք եւ մի՛ դիմէք փոփոխութեան: Աշխատանքային կամ ընտանեկան վիճաբանութիւն մը պիտի ունենաք: Պիտի հրաժարիք որոշումէ մը կամ դուրս պիտի գաք ձեր մէկ ծրագիրի գործադրութենէն:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Բախտը ձեզի պիտի ժպտի, գոհ եղէք: Ուրախ ու բարի անակնկալ մը պիտի պատահի ձեզի: Համբերող եղէք, ու ամէն հարց պիտի լուծուի: Հին կարօտ մը պիտի զգաք անցեալին հանդէպ:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Քիչ մը զիջումներ կատարեցէք, որպէսզի լուծումի հասնիք ձեր հակառակորդին հետ: Այս օրերուն ձեր ցանկութիւնները պիտի կատարուին, եւ ձեր գործերը յաջողութիւն պիտի արձանագրեն:
