Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հին Աշխարհի «Միւս» Հրաշալիքները

Փետրուար 23, 2019
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Մեր բոլորին ծանօթ են Հին Աշխարհի եօթը հրաշալիքները: Անոնցմէ միակը, որ տակաւին կանգուն է, Եգիպտոսի Քէօփսի բուրգն է: Անշուշտ այս հրաշալիքները «ամբողջ» աշխարհին հրաշալիքները չէին, որովհետեւ այս ցանկը կազմողները հրաշալիքներ փնտռած են միայն իրենց ծանօթ շրջաններուն մէջ:

Սակայն նոյնիսկ այդ շրջաններուն մէջ գոյութիւն ունին նաեւ ուրիշ սքանչելի վայրեր, որոնք կրնան մաս կազմել այդ «Հին Աշխարհի հրաշալիքներու» ցանկին:

ա.- Քնոսոսի պալատը

Ք. Ա. 2500-1000 թուականներուն Կրետէ յունական կղզին ունեցած է փայլուն քաղաքակրթութիւն: Բազմաթիւ պալատներ գոյութիւն ունեցած են Քնոսոսի քաղաքին մէջ: Այն պալատը, որուն աւերակները կարելի է այցելել տակաւին, ունէր մօտաւորապէս 1300 սենեակներ, 5 յարկեր եւ… անհամար անցքեր: Այս պալատէն եկած է «լափիւրինթոս» բառը: Ք. Ա. մօտաւորապէս 1500 թուականին երկրաշարժ մը զայն աւերած է:

բ.- Փարթենոնը

Յունաստանի Փարթենոնը շինուած է Աթէնքի առաջնորդ Փերիքլէտ իշխանութեան շրջանին: Այս տաճարին երկարութիւնը 70 մեթր էր, իսկ լայնքը` 31 մեթր: Ան ծածկուած էր մարմարէ սալաքարերով: Աթէնասի Պալլասի արձանը ծածկուած էր ոսկիի թերթերով եւ փղոսկրով զարդարուած էր: Ան տաճարէն գողցուած եւ տարուած է Կոստանդնուպոլիս, ուր վճարուած է միջին դարերուն: Տաճարը շատ ծանր վնասուած է 1687-ին պայթումի մը պատճառով:

գ.- Կարթագէն

Կարթագէնը հիմնուած է Ք. Ա. մօտաւորապէս 820 թուականներուն, փիւնիկեցիներուն կողմէ: Փիւնիկերէն լեզուով Կարթագէն կը նշանակէր «Նոր քաղաք». հոնկէ կը ղեկավարուէին արեւմտեան Միջերկրականի առեւտրական ուղիները: Քաղաքը պաշտպանուած էր 32 քմ երկարութեամբ հսկայ պարիսպով մը: Քաղաքը ունէր վաճառականութեան յատկացուած նաւահանգիստ մը եւ ռազմական նպատակներով օգտագործուող նաւահանգիստ մը: Անոր հզօրութիւնը դէմ ելաւ Հռոմի հզօրութեան, եւ երկու պետութիւնները երեք պատերազմներ մղեցին իրարու դէմ: Կարթագէն պարտուած դուրս եկաւ այս պատերազմներէն: Անոր պարիսպները քանդուեցան Ք.Ա. 146 թուականին:

դ.- Կարի կամուրջը

Ֆրանսայի մէջ Կարի կամուրջը 370 մեթր երկարութիւն ունի: Անիկա կազմուած է երեք յարկանի կամարներով: Անիկա մասամբ ջրուղի մըն էր, որ Նիմ քաղաք կը հասցնէր աղբիւրի ջուրեր` շնորհիւ մօտաւորապէս 50 քմ երկար քարէ ջրանցքի մը: Անիկա անգործածելի դարձաւ 9-րդ դարուն, բայց վերանորոգուեցաւ 19-րդ դարուն, Նափոլէոն 3-րդի հրամանով:

ե.- Քոլիսէոմը

Հռոմի Քոլիսէոմը (Քոլիզէ) իր անունը ստացած է հաւանաբար անոր մօտերը կանգնեցուած Ներոն կայսրին հսկայական արձանէն: 524 մեթր շրջագիծ ունեցող այս ամփիթատրոնը կրնար ընդունիլ 50 հազար հանդիսատես: Անոր հանդիսասրահին մէջ տեղի կ՛ունենային յաճախ դաժան եւ արիւնալի ներկայացումներ` արեւածագէն մինչեւ մայրամուտ, կլատիաթէօրներու կռիւ, գազաններու եւ նոյնիսկ նաւային կռիւներ, որովհետեւ դաշտը երբեմն արհեստական լիճի կը վերածուէր:

զ.- Թիմկատի յաղթութեան կամարը

Թիմկատի քաղաքը շինուած է հռոմէացիներուն կողմէ Ալճերիոյ հիւսիս արեւելքը հսկելու համար լեռներէն իջնող բնիկ ցեղախումբերը, նշանաւոր պէրպէրները: Սկիզբը քաղաքը ունէր 367 մեթրով 329 մեթր քառանկիւնի ձեւ: Յաղթութեան կամարը, Ֆորում հրապարակը, մեծ ջերմային լոգարանները եւ 3500 հանդիսատեսներով թատրոնը փաստ մըն էին Թիմկատի սքանչելի գեղեցկութեան: Քաղաքը փճացուած է Ք. Ե. 6-րդ դարուն պէրպէրներուն կողմէ:

է.- Օրանժի թատրոնը

Ֆրանսայի Օրանժ շրջանի թատրոնը հին ժամանակներու ամէնէն լաւ պահուած թատրոններէն մէկն է: Անոր աստիճաններուն վրայ կրնային նստիլ մօտաւորապէս 7000 հանդիսատեսներ: Անոր մուտքը վերէն էր, որովհետեւ թատրոնը շինուած էր փոսի մը մէջ: Բեմին վրայ դերասանները շատ բարձր խցանէ կրունկով կօշիկներ կը հագուէին, որպէսզի բոլոր հանդիսատեսները կարենային զիրենք լաւ տեսնել: Անոնք կը դնէին նաեւ դիմակներ, որպէսզի իրենց ձայնը աւելի լաւ արձագանգէր:

Հարցարան

 Քիչ Մը Պատմութիւն

1.- Հին Ողիմպիական խաղերու ընթացքին ինչի՞ կ՛արժանանար առաջնութիւնը շահողը:

ա – Արծաթէ բաժակ, բ – Կայսրը անոր ձեռքը կը սեղմէր, գ – Ձիթապտուղի ճիւղերով շինուած պսակի մը, դ – Նոր կառքի մը:

2.- Ըստ աւանդութեան, յոյն չաստուածները կ՛ապրէին Ողիմպոս լերան լանջին:

………………………………………………. Ճ/Ս

3.- Ո՞ր հին քաղաքակրթութեան կողմէ շինուած է Ուրի մէջ գտնուող մեծ` Զիկուրաթի տաճարը:

ա – Մայաներուն, բ – Էնքաներուն,  գ – Շոմերներուն, դ – Հռոմէացիներուն:

4.- 2000 թուականին հնագէտները գտած են Միջերկրական ծովուն մէջ ընկղմած քաղաք մը, որ մօտաւորապէս 1200 տարիներէ ի վեր կորսուած էր: Ո՞ր քաղաքին ափերուն մօտ գտնուած են այս աւերակները:

ա – Աղեքսանտրիա, Եգիպտոս, բ – Աթէնք, Յունաստան, գ – Նափոլի, Իտալիա, դ – Պարսելոնա, Սպանիա:

5.- Ո՞ր երկրին ամէնէն երկար իշխող կայսրուհին էր Մեծն Կատարինէն:

ա – Ֆրանսա, բ – Սպանիա, գ – Ֆինլանտա, դ – Ռուսիա:

6.- Մոայի կարգ մը արձաններուն վրայ մենք կը տեսնենք կարմիր գոյնով քարի կտորներ` փուքաոներ: Ըստ պատմաբաններուն, անոնք ի՞նչ կը ներկայացնեն:

ա – Գլխարկներ, բ – գլխու զարդարանքներ, գ – կապուած մազ, դ – բոլոր յիշուածները:

7.- Ո՞վ էր Հերնան Քորթեզը:

ա – Հետախոյզ եւ գիտնական մը, որ նոր բոյսեր եւ անասուններ կը փնտռէր, բ – Անգութ նուաճող մը, որ ոսկի կը փնտռէր, գ – Խաղաղասէր քաղաքագէտ մը, որ կ՛ուզէր բարեկամանալ ազթեքներուն հետ, դ – Մեքսիքացի իշխան մը, որ կ՛ուզէր նոր հողեր գնել իր կալուածները ընդարձակելու համար:

8.- Ինչո՞ւ ազթեքները կը յարձակէին իրենց դրացի երկիրներուն վրայ:

ա – Կ՛ուզէին ձեռք բերել գանձեր եւ ստրուկներ, բ – Կ՛ուզէին աշխարհին իշխել, գ – Կը սիրէին կռուիլ, դ – Կ՛ուզէին վաճառականական նոր շուկաներ հասնիլ:

9.- Քանի՞ տարեկան էր Էլիզապէթ Ա., երբ Անգլիոյ թագուհին դարձաւ:

ա – 19, բ – 25, գ – 33, դ – 38:

10.- Մակեդոնացի Մեծն Աղեքսանդր (Ք.Ա. 356-323) ո՛չ մէկ պատերազմ կորսնցուցած է: ..…………………………………………….. Ճ/Ս

11.- Ըստ մասնագէտներու, ի՞նչ եղած է Թութանխամոնի մահուան պատճառը:

ա – Զայն սպաննած են, բ – Ան կառքէ մը ինկած է, գ – Անոր վրայ առիւծ մը յարձակած է, դ – Ան բուրգէ մը ինկած է:

12.- Մարքօ Փոլօ մինակը ճամբորդած է դէպի Արեւելք: ..…………………………………………….. Ճ/Ս

 

Պատասխանները վերջաւորութեան

Ժամանց

 

 

Կրնա՞ս օգնել կերպարին` գտնելու ընկերոջ հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու կերպարները:
Մէկ կէտ պարունակող բաժինները սեւ ներկէ յայտնաբերելու պահուած պատկերը:

Պատասխաններ

1 – գ: 2 – Սխալ – անոնք կ՛ապրէին լերան վրայ գտնուող ամպի մը վրայի պալատի մը մէջ: 3 – գ: 4 – ա: 5 – դ: 6 – դ: 7 – բ. 1519-ի դէպի Հարաւային Ամերիկա սպանական արշաւանքը առաջնորդող, Հերնան Քորթեզը անգութ նուաճող մըն էր, որ կը փնտռէր ոսկի եւ հարստութիւն: 8 – Ազթեքները իրենց դրացիներուն վրայ կը յարձակէին, որովհետեւ կ՛ուզէին ձեռք բերել  գանձեր եւ ստրուկներ: 9 – բ: 10 – Ճիշդ: 11 – բ: 12 – Սխալ. Մարքօ Փոլոյին ընկերակցած են անոր հայրը` Նիքոլօ եւ հօրեղբայրը` Մաֆէօ:

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (23 Փետրուար 1969)

Յաջորդը

Ծանուցողական. Լիբանանի Գործարարներու Եւ Առեւտրականներու Պատուիրակութեան` Նախագահ Միշել Անունի Հետ Հանդիպման Առիթով` Հարցազրոյց` Լիբանանահայ Գործարար Փոլ Այանեանին Հետ

RelatedPosts

Ամառ Է.  Տաքէն Պաշտպանուինք
Մանկապատանեկան

Ամառ Է. Տաքէն Պաշտպանուինք

Յուլիս 5, 2025
Հսկայական Կէտ Մը… Լոնտոնի Մէջ
Մանկապատանեկան

Հսկայական Կէտ Մը… Լոնտոնի Մէջ

Յունիս 28, 2025
Տարուան Ամէնէն Երկար Ցերեկի Օրը` Ամառնային Արեւադարձի Օրը
Մանկապատանեկան

Տարուան Ամէնէն Երկար Ցերեկի Օրը` Ամառնային Արեւադարձի Օրը

Յունիս 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?