Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ ընդունեց արտաքին առեւտուրի հարցերով պետական նախարար Հասան Մրատը, որ նախագահին ներկայացուց յաջորդ փուլի իր ծրագիրը եւ այն թղթածրարները, որոնցմով պիտի զբաղի արտաքին առետուրի հարցերով պետական նախարարութիւնը, այլ նախարարութիւններու հետ համագործակցաբար: Նախարարը նշեց, որ նախագահ Աունի հետ քննարկած է Պեքաայի շրջանին կարիքները, յատկապէս Պէյրութ-Պեքաա փապուղիի ծրագիրը, կանաչ տարածքներու պահպանումը եւ քաղաքացիական կազմակերպութեան ծրագիրները:
Հնդկաստանի Դեսպան
Հնդկաստանի դեսպան Սանճիվարորա այցելեց Պաապտա` ցտեսութիւն յայտնելու համար Լիբանանի մէջ իր դիւանագիտական առաքելութեան աւարտին առիթով: Նախագահ Աուն գնահատեց դեսպանին ջանքերը` ամրապնդելու լիբանանեան-հնդկական յարաբերութիւնները:
Նախագահը ընդունեց նաեւ նախկին նախարար Նաժի Պուսթանին, ապա նախկին նախարար Թարիք Խաթիպը եւ անոնց հետ քննարկեց ընդհանուր տեղական կացութիւնը, ինչպէս նաեւ Շուֆի շրջանի կարիքները:
Տեղահանուածներու հարցերու պետական նախարար Սալեհ Ղարիպ այցելեց նախագահ Աունին եւ անոր ներկայացուց Սուրիա կատարած իր այցելութեան արդիւնքները: Ան կոչ ուղղեց բոլոր կողմերուն տեղահանուածներու թղթածրարը զերծ պահելու քաղաքական վէճերէ:



